Դժուար է տրամաբանական մակարդակ պահել եւ ծուղակի մէջ չիյնալ, երբ կը մղուինք Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի արտայայտած գաղափարներուն մասին կարծիք յայտնելու: Տրամաբանողին համար կայ մէկ ընտրանք՝ ցասում եւ ընդվզում արտայայտել։ Կայ այլ ընտրանք մըն ալ՝ կարեւորութիւն չտալ եւ չարձագանգել, սակայն ատիկա խոցելի կրաւորականութիւն եւ անտարբերութիւն պիտի նշանակէ, մանաւանդ երբ Հ․Հ․ վարչապետը, իր խժալուր առոգանութեամբ կը շարունակէ իր ձաբռտուքները, այս անգամ, Ցիւրիխէն ետք, Ատլանտեանը կտրելով եւ Ուաշինկթընի Հ․Հ․ դեսպանատան մէջ «ընտրանի» հրաւիրեալ հայորդիներու ներկայացնելով սարէն ու ձորէն հաւաքուած երեւակայական գաղափարներ եւ կիսատ-պռատ, անհիմն եւ անհեթեթ եզրակացութիւններ։
Դեսպանատան մուտքին, բողոքի խաղաղ ցոյց կատարող երիտասարդներու կողքին, հաւանաբար նոյնքան զայրացած էր, դեսպանատան փոքր պարտէզին մէջ կանգնած՝ Ա․Մ․Ն․-ի մօտ Հայաստանի առաջին դեսպան Արմէն Գարոյի յուշարձանը։ Եւ զարմանալի չէ, որ երիտասարդներ բողոքի ձայն կը բարձրացնեն հայ իշխանաւորի մը դէմ, որ թրքահաճ քարոզչութեան լծուած է, հագած է թուրքի պատմուճան…
Փաշինեան խօսեցաւ գաղափարախօսութեան մը մասին, որուն մէջ ինք ալ մասամբ մը կորսուեցաւ։ Հասարակութեան տարբեր խաւերու իրականութեան հանդէպ՝ անոնց արմատական մտայնութիւնն ու պահանջատիրութիւնը։ Հայեացքներու եւ գաղափարներու արտացոլացում։ Անուղղակիօրէն արցախեան շարժումին մասին խօսեցաւ, ապա անցաւ անոր յաջորդող տարիներուն մասին. հպանցիկ կերպով ալ անցաւ 44-օրեայ պատերազմին քովէն, առանց շարունակելու «պլըֆներ»-ու շարքը, որոնցմէ յիշատակենք գոնէ երկու օրինակ՝ հռչակաւոր «Յաղթելու ենք»-ի երթն ու իր կողակիցին՝ Աննա Յակոբեանի մասնակցութիւնը՝ արցախեան ռազմաճակատի ընդհարումներուն, որոնց շինծու տեսարանները ողողեցին համացանցը:
Աւելի քան 15 վայրկեան տեւած խօսքը, քարո՛զը, հարազատօրէն կը յիշեցնէ ֆրանսացի գրագէտ Վոլթէրի մէկ գլուխ գործոց երգիծական նորավէպը՝ «Քանտիտ»-ը (նաեւ ծանօթ «Քանտիտ կամ Լաւատեսութիւնը» անունով)։
1759-ին լոյս աշխարհ եկած Քանտիտը մինչեւ օրս, դարեր ետք, պահած է իր այժմէականութիւնը։ Քանտիտը կը նմանի Փաշինեանի նկարագրած այդ համեստ հայորդիին, որ առաւօտուն կ՛արթննայ եւ իր սովորական առօրեան կը շարունակէ՝ գործ, տուն, շաբաթավերջ, արձակուրդ եւ այսպէս․․․ կեանքը հեզասահօրէն կը շարունակուի։
Կարդացեք նաև
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում