Հոգեբանական գիտութիւնը որքան ալ զարգանայ, մարդ էակին ներքին աշխարհը մանրամասն մեկնաբանելու ամբողջական միջոցները չի՛ կրնար ձեռք բերել: Չմոռնանք ըսելու, որ իւրաքանչիւր մարդու ներքին աշխարհը կը տարբերի ուրիշէն: Ճիշդ է, որ նմանութիւններ կրնան ըլլալ անոնց միջեւ, երբ մանրամասն բաղդատականի անցնինք. սակայն իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնը յստակօրէն կը զատորոշուի միւսէն, սեփական զգացականութեան պատճառով: Կեանքի մէջ յայտնուող իւրաքանչիւր երեւոյթին նկատմամբ կրնայ մէկը միւսէն տարբեր ըլլալ, նկատի ունենալով մարդոց զգացական աշխարհին իւրօրինակութիւնը:
Մարդ էակին ներքին կառուցուածքը կարելի է նմանցնել գիրքի մը: Տարօրինակ չէ՞ այս նմանութիւնը, նոյնիսկ արտաքին տեսքէն սկսեալ: Իմաստային առումով, սոյն նմանութիւնը տրամաբանական է, որովհետեւ իւրաքանչիւր մարդ, իր ներաշխարհով, գիրքի մը հարուստ բովանդակութեան կը նմանի: Աւելին, ինչպէս իւրաքանչիւր գիրք տարբերութիւն ունի միւսէն, թէ՛ կազմով, թէ՛ գոյնով եւ թէ ծանրութեամբ, իւրաքանչիւր մարդ եւս տարբերութիւն ունի միւսներէս, բազմաթիւ պատճառներով:
Մեզի նայելով, ոմանք միայն մեր արտաքին տեսքին հաղորդ կը դառնան, իսկ կշիռքի վրայ կշռելով՝ մեր մարմնաւոր ծանրութիւնը կ՛արձանագրեն. բժիշկներու բուժարաններուն մէջ շատ տարածուն գործ է այս: Մեր արտաքին գոյնը, մարմինի կազմը եւ գեղեցկութեան սահմաններուն չափանիշերը, ամէնէն արագ միջոցներն են, մեր մասին ուրիշներու տեսակէտը լսելու:
Այս կէտին հասնելով, շատ քիչեր մեր կենսագրութեան մասին տեղեկութիւններ կը հարցնեն, այլ արտաքին տեսքի, նոյնիսկ խօսելաոճի մանրամասնութիւններուն երթալով՝ տպաւորութիւններու ազդեցութիւններով կը զբաղին, ժամանակի կորուստ պատճառելով թէ՛ իրենք իրենց եւ թէ մեզի:
Մենք բոլորս ալ գիրքերու կը նմանինք: Ոմանք նոյնիսկ գրադարան կը շինեն՝ իբրեւ իրենց տան պատի զարդ: Անոնք գիրքեր կը գնեն եւ կը շարեն անոր յարկերուն վրայ, մէկ անգամ իսկ զանոնք բանալու հետաքրքրութիւն չունենալով…: Մենք այդ գիրքերէն մէկը կամ միւսը կրնանք ըլլալ, եւ երբեմն միայն մեր արտաքին տեսքով կը յաջողինք տպաւորել ուրիշները: Անոնք ոչ միայն հետաքրքրուած չեն ըլլար մեր բովանդակութեամբ, այլ նոյնիսկ եթէ քանի մը էջեր կարդան մեզմէ, հաւանաբար չեն ալ հասկնար իրենց կարդացածը: Գիրքերու ներածականը շատ բան կ՛ըսէ անոնց բովանդակութեան մասին, սակայն երանի՜ այն ընթերցողներուն, որոնք կը հասկնան հեղինակին միտքը, ամփոփ կէտերու խտութեան մէջ…:
Այո, գիրքերու կը նմանինք բոլորս ալ: Շատեր գիրքերու քննադատութեան կարեւորութիւն կու տան, գիրքը կարդալէ առաջ, անոր մասին եղած քննադատութիւնը կարդալով: Քննադատին վաստակը, համբաւը եւ համապարփակ գնահատականը, անշահախնդիր կեցուածքով արտայայտուելու կարողութեամբ կը բնորոշուի: Այլապէս, վճարումի դիմաց եղած որեւէ գնահատական, մեծագոյն մուրացկանութեան համազօր գործ մըն է: Հարուստ երկիրներու մէջ պաշտօն ստանձնած մարդոց գովքը հիւսող խմբագիրներու ներկայ առատութիւնը, մանաւանդ ոմանց տգիտութիւնը գովասանքի ոսկեթել շղարշներով զարդարող, կը յիշեցնեն մեր ծաղրագիր նշանաւոր հեղինակներուն ներկայացուցած Պոլսոյ անցեալի թղթակիցները՝ թրքերէնով՝ «ղազէթէճի»:
Գի՞րք ենք, թէ՞ մարդ: Շատ քիչեր մեր բովանդակութեան տեղեակ պիտի ըլլան այնպէս, ինչպէս գրադարաններու բազմաթիւ յարկերը լեցուցած գիրքերուն ճակատագիրն է…: Այո՛, մարդ ենք, նոյնիսկ եթէ մեզ ամբողջութեամբ ճանչցող մէկը չըլլայ:
ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ