Տարիներ առաջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի բեմէն նախագահ որդի Պուշ կը քննադատէր Ֆրանսան եւ Եւրոպական Միութեան անդամ քանի մը այլ երկիրներ, Թուրքիոյ անդամակցութեան նկատմամբ խստապահանջ քաղաքականութիւն որդեգրած ըլլալնուն համար։ Անոր հետեւելով, Արեւելեան Եւրոպայի նորանդամ երկիրներէն մէկը յանկարծ հանդէս կու գար՝ ձայնակցելով Միացեալ Նահանգներու նախագահին…
Կարծեմ այդ նոյն օրն էր, որ Նիւ Եորք կը ժամանէր նաեւ Ֆրանսայի նախագահը՝ Ժագ Շիրաք, օդակայանին մէջ իսկ շրջապատուելով մամլոյ թղթակիցներէն։ Հարցո՛ւմ ՝ «Պր. նախագահ, ի՞նչ է ձեր կարծիքը նախագահ Պուշին ձայնակցող երկրի ելոյթին մասին…»։ Պատասխան՝ «Կը կարծեմ, թէ յիշեալ երկրի նախագահը մեծ պատեհութիւն մը կորսնցուց լռելու…»:
Ժաք Շիրաքի այս դիպուկ պատասխանը յիշեցի, երբ աչքէ կ՛անցընէի պր. Փաշինեանի զուիցերական վերջին գոհարները։ Յատկապէս արեւմտահայերէնի մասին իր յայտնագործումները… Պատասխանելով հարցումի մը՝ պր. վարչապետը կը փութար արեւմտահայ մեր գրական լեզուաճիւղը հաւասարեցնելու Իջեւանի բարբառին… որ այսօր դադրած է գոյութիւն ունենալէ ինչպէս շատ մը այլ բարբառներ։ Իրեն համար այս մէկը բնական «պրոցէս» (գործընթաց) էր։
Այո՛, տեղ մը միջազգային հարցախոյզի մը տուեալներով հրապարակուած է այն տեսակէտը, որ արեւմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու շարքին կը դասուի։ Եւ անշուշտ լուրջ տուեալներ կան այս ուղղութեամբ մտահոգուելու եւ գործի լծուելու։ Այպանելին Հայաստանի վարչապետին թութակաբանութիւնն է։ Փոխանակ հրապարակաւ դրօշ պարզելու եւ տէր կանգնելու մեր ազգային այս մեծ հարստութեան, փոխանակ հաստատակամօրէն յայտարարելո՛ւ՝ որ հարցախոյզները չեն, որ պիտի ճշտեն մեր լեզուական զինարանի ճակատագիրը, Հայաստանի վարչապետը կը միանայ դասալքութեան թէզերուն։
Կարդացեք նաև
Պր. վարչապետը մեծ, շատ մե՜ծ պատեհութիւն մը փախցուց իր անիրազեկութիւնը չցուցադրելու։ Պատեհութիւն մը լռելու։ Պատեհութիւն մը ՉԽՕՍԵԼՈՒ։
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: