Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Գաղափարական վերափոխութեան» մասին կը խօսի մարդ մը, որ իշխանութեան հասնելու օրերուն, կը յայտարարէր, թէ ինք որեւէ գաղափարաբանութեան չի հետեւիր. «Ասպարեզ»

Փետրվար 05,2025 10:47

Լսել նյութի աուդիո տարբերակը

Ձայնագրությունը գեներացված է Armenian Text to Speech արհեստական բանականության միջոցով, որն այս պահին գտնվում է թեստավորման փուլում

Հայաստանի կառավարութեան ստորագրութեամբ, 3 Փետրուարի կէսօրին (Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի ժամանակացոյցով), «փայլատակեց» տեսաերիզ մը, ուր ՔՊապետ «ընտրեալ մանտաթաւոր»ը հանդիպում կ՛ունենար ամերիկահայերու հետ:

Մօտաւորապէս 18 վայրկեան տեւողութեամբ տեսագրութիւնը կարելի է մէկ նախադասութեամբ որակել իբրեւ դատարկաբանութեան նոր արար, կամ՝ ազգային գաղափարներէ հրաժարելու լուռ կոչ եւ Հայաստանի ու հայութեան համար վնասարար ուղեգիծին մասին քարոզ:

Խորքին մէջ բան չըսող, նորութիւն չբերող դատարկաբանութիւնը կարելի է մաս առ մաս բզկտել եւ ցոյց տալ, թէ ինչպիսի՞ անհեթեթութիւններ դուրս տուաւ Նիկոլ Փաշինեան կոչեցեալ արարածը, սակայն պիտի բաւականանանք քանի մը քաղուածքով:

Ա. Խօսքի մեկնակէտն իսկ այլանդակութիւն մըն էր եւ մեղմ ասած՝ ստապատիր ներկայացում մը, ինքնաժխտո՛ւմ մը: Փաշինեանի համաձայն, Հայաստանի մէջ տեղի կ՛ունենայ (եղեր) գաղափարական վերափոխում մը, եւ անոր աղերսակից են իշխանութիւնն ու ընդդիմադիրները, այս եղափոխութիւնը Հայաստանի կը խոստանայ իրականութիւններուն աւելի լաւ ըմբռնողութիւն: «Գաղափարական վերափոխութեան» մասին կը խօսի մարդ մը, որ իշխանութեան հասնելու օրերուն, բարձրաղաղակ կը յայտարարէր, թէ ինք որեւէ գաղափարաբանութեան չի հետեւիր (եւ հիմա արդէն շա՜տ աւելի յստակ կ՛երեւի, թէ իր ուղեղին ու էութեան մէջ բացակայ են ամէն ինչ՝ որ կապ ունի ազգի ու ազգային գաղափարախօսութեան հետ, իր «գաղափարաբանութիւնը» ունի մէկ խորագիր՝ ծառայել-լծակցիլ թուրք-ատրպէյճանական ծրագիրներուն):

Բ. Ափսոսանք յայտնեց, որ նման ընթացքի իրազեկ չէ եղած աւելի կանուխ, եւ տեղ մըն ալ խոստովանեցաւ, որ (ոչ բառացի կերպով) ինք անատակ է նման բաներ ըմբռնելու (հասկցուց, թէ իշխանութիւնը վարելով, ինչե՜ր սորվեր է, այսինքն՝ ժողովուրդին ու հայրենիքին գլխուն վրայ սափրիչութիւն կը փորձէ սորվիլ): Եւ ահա, մեկնաբանութիւններ՝ թէ (իր հասկցած) վերափոխութիւնը, (մի՛շտ իր կարծիքով) բարեշրջումը՝ պէտք էր իրականացած ըլլար պատերազմէն առաջ, տասնամեակնե՜ր առաջ…

Փաշինեանի յաճախակի «վարկածներուն» (տարիներու վրայ, մասնաւորաբար 44օրեայ պատերազմէն ասդին) ուշադիր հետեւող մը պիտի նկատէ, որ այս մարդը տողատակի, այսինքն՝ առանց բառերը գործածելու, կը հասկցնէ, որ Հայաստանի անցեալի քաղաքական ուղեգիծը (հասաւ մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ) հիմնովին սխալ եղած է, եւ ահա, Երկնաւոր Հայրը ի վերջոյ խղճացած է Հայաստանի եւ հայութեան ու պարգեւած է ՔՊապետն ու անոր «ուսապարկերը», որպէսզի սխալները սրբագրուին (Աստուածորդիին իսկ նախանձը կը շարժի): Իսկ եթէ քիչ մը աւելի՛ թափանցենք ըսածներուն խորքը՝ դժուար չէ նկատելը, որ Հայաստանի արեւելումները պէտք է վերատեսութեան ենթարկուին եւ համապատասխան ըլլան… Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պահանջներուն, ծառայեն անոնց ծրագիրներուն իրականացման: Կը յիշէ՞ք Պոլթըններու եւ յաջորդներու յորդորները…

Գ. Ցնդաբանութիւնները ունէին քանի մը բարձրակէտ: Մէկն ալ հետեւեալն էր. 44օրեայ պատերազմը մեզ պարտութեան տարաւ ու մենք հնարաւորութիւնը ունեցանք անկախ եւ ինքնիշխան պետութիւն մը ունենալու ճամբան տեսնելու: Քիչ կը մնայ որ մարդս ըսէ. վա՜յ, լա՛ւ որ պատերազմը տեղի ունեցեր է: Եթէ չըլլա՜ր, մենք ուրկէ՞ պիտի հասնէինք նման հնարաւորութեան…:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն    
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728