Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ինչի՞ մէջ կը կայանայ փոքրագիր մարդու եւ մեծատառ Մարդու տարբերութիւնը. Սեւակ Յակոբեան

Փետրվար 04,2025 17:20

Լսել նյութի աուդիո տարբերակը

Ձայնագրությունը գեներացված է Armenian Text to Speech արհեստական բանականության միջոցով, որն այս պահին գտնվում է թեստավորման փուլում

Մարդու եւ ՄԱՐԴՈՒ Տարբերութիւնը

Լիպիոյ ատենի ղեկավար, Մոամմար Քազզաֆին իր երկրի բանակին մէջ ծառայող շարքային գնդապետ մըն էր, երբ իր մարտական ընկերներուն հետ 1972-ին զինուորական յեղաշրջում մը գլխաւորելով իշխանափոխութիւն իրագործեց ստանձնելով երկրին ղեկը: Տասնամեակներ տեւած իր իշխանութեան տարիներուն, այս ու ամենայնիւ եւ հակառակ իր զինուորական կազմաւորումին, ան երբեք չուզեց վերցնել գեներալի կոչումը, որ տրամաբանականօրէն իրաւունքն էր: Փոխարէնը ան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին մնաց գնդապետի տիտղոսով:
Ամօթալի համեմատականով մը, մեր մօտ, կեանքին մէջ զինուորական ծառայութիւն չկատարած, բարձրագոյն կրթութիւն ունեցած ըլլալու կասկածելի հանգամանքով մը ընդամէնը լրագրող աշխատող, պատերազմ պարտուած, հայրենիքի կորուստին անոր հայաթափումին եւ 5000 հաշուող մատղաշ սերունդի զոհուելուն ուղղակի կամ անուղղակի պատճառ հանդիսացող մարդը, առանց ամչնալու տակաւին ինքզինք կը շարունակէ կոչել մեր Հայրենիքին զինուած ուժերու Գերագոյն գլխաւոր հրամանատարը եւ մեր երկրին ղեկավարը:

Ոմանց համար «տարօրինակ» մարդ թուացող նոյն Քազզաֆին, վզին՝ պաղեստինեան պայքարը խորհրդանշող սեւ-ապիտակ գոյնով վզկապով, 1988-ին Ալճերիոյ մէջ կազմակերպուած Արաբական Լիկայի 12-րդ գագաթաժողովին ընթացքին, իր աջ ձեռքին սպիտակ ձեռնոց հագած ներկայացաւ, խորհրդանշանակօրէն խուսափելու համար դպնալ իր Արաբ այն գործընկերներուն ձեռքը, որոնք հաշտութիւն կնքած էին Իսրայէլի հետ կամ ձեռնուած թշնամիին ղեկավարներուն հետ: Ան սպիտակ խալաթ մը հագաւ «չպղծուելու» համար, Իսրայէլի հետ մերձեցում փորձող Յորդանանի ատենի թագաւոր Հիւսէյնին ճառ արտասանելու պահուն: Քազզաֆի նոյն գագաթաժողովին ընթացքին ընդհանրապէս մերժեց ձեռնուիլ Մարոքի ատենի թագաւոր Հասան երկրորդի հետ, որ պաղեստինեան դատին հանդէպ խանդավառ մօտեցում չուներ: Գագաթաժողովին նիստերէն մէկուն ընթացքին Լիպիոյ ղեկավարը, փչելով եւ բարձրաձայն ֆրթֆրթացնելով իր սուրճը խմեց երբ արաբական երկիրներու, իր կողմէ գործակալ կամ դաւաճան ընկալուած ղեկավարները, իրենց խօսքը կ՛արտասանէին: Ան նոյնիսկ ներկայ չեղաւ արաբական 22 երկիրներու ղեկավարներուն պաշտօնական ընթրիքին, առանց նոյնիսկ անհանգստանալու նախապէս ներողութիւն խնդրելու համար:

Դարձեալ ամօթալի համեմատականով մը եթէ վերոյիշեալին եւ վերջերս Զիւրիխի եւ ապա Ուաշինկթընի մէջ կայացած հաւաքներուն միջեւ զուգահեռ մը ստեղծենք, ահագին բան կը յայտնուի: Ի տարբերութիւն Քազզաֆիին, որ ի պաշտօնէ ներկայ էր նշեալ գագաթաժողովին, Փաշինեանի հրաւէրին ընթառաջող մեր մարդուկները, որոնք իբր թէ սփիւռքի ներկայացուցիչներ են, նշեալ հաւաքին ներկայ եղած են իրենց կամքով, անհաւատալի քծնանքով մը վկաները հանդիսանալու անոր արտասանած ցափրտուքներուն եւ ինչու չէ մեղսակիցը դառնալու ամէն ազգային արժէքէ եւ սրբութենէ զուրկ մարդու մը: Անոր հետ մերկ ձեռքերով ձեռնուելով, լայն ժպիտներով հետը նկարուելու եւ առանց իրենց ունքն իսկ շարժելու, լսելու ապազգային խօսքեր… եւ as a cherry on the top, ծափահարելու համար ալ…:

Աւարտին մեզի կը մնայ ըսել, որ ի վերջոյ ինչի՞ մէջ կը կայանայ փոքրագիր մարդու եւ մեծատառ ՄԱՐԴՈՒ տարբերութիւնը, եթէ նման համեմատականով մը լուսարձակի տակ չառնենք ու չդատենք «մերոնց» գետնաքարշ վարուելակերպը, ի տարբերութիւն իր անձը, իր ազգին դատն ու իր ժողովուրդը յարգող Մոամմար Քազզաֆիի նշեալ արժանապատիւ, թէկուզ «ոչ-ուղղափառ», պահուածքին հետ:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի
Գլխաւոր խմբագիր

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն    
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
2425262728