Ամերիկահայեր հաւաքուեցան բողոքի ցոյցի մը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ՝ անոր՝ Ուաշինկթըն այցելութեան ընթացքին, զոր շատեր կը տեսնեն իբրեւ փորձ մը՝ վերականգնելու իր վարկը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Սփիւռքի մասին իր վիճայարոյց յայտարարութիւններէն ետք։
Երիտասարդութեան կողմէ կազմակերպուած ցոյց մը տեղի ունեցաւ Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց, ուր բողոքողները բարձրացուցին ցուցապաստառներ, որոնց վրայ կային՝ «Գերիները Մոռցուած» եւ «Արցախը Դաւաճանուած» գրութիւնները՝ դատապարտելով Փաշինեանի այն քաղաքականութիւնը, որ վտանգի տակ դրած է Հայաստանի գերիշխանութիւնը եւ լքած է Արցախը եւ անոր ժողովուրդը։
«Ան նախընտրած է գալ Ուաշինկթըն, մեր քաղաքը, ուր կը սպասէ, որ մենք զինք պատուենք, հանդիսանանք անոր բեմադրութեան մասնիկը եւ լռութեամբ ընդունինք հայկական հողերու ու կեանքերու յանձնումը, ժողովրդավարութեան ու արժանապատուութեան կորուստը։ Սակայն, հիմա մեր կարգն է ընտրելու. մերժել օգտագործուիլը եւ կանգնիլ մեր իսկական ազգային արժէքներուն, շահերուն եւ ձգտումներուն կողքին», կ՛ըսուի ՀՅԴ Ուաշինկթընի «Սեպուհ» կոմիտէութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ։
Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան (ՀԵԴ) Ուաշինկթընի «Անի» մասնաճիւղի ատենապետ Վարդգէս Պամբուկեան եւս անդրադարձաւ հարցին՝ ըսելով. «Այն ամէն ինչին համար որ Սփիւռքը կը պայքարի՝ Արցախին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն եւ արդար լուծումէն մինչեւ հայ ինքնութեան գոյատեւումը՝ Փաշինեան կը սպառնայ անոնց։ Մենք չենք լռեր, չենք մեկուսացուիր, երբ ան կու գայ մեր համայնքը»։
Կարդացեք նաև
«Մեր պատգամը Փաշինեանին այն է, որ հայրենիքը իրենը չէ, որ ծախէ ու յանձնէ», յայտնեցին ՀԵԴի Արեւելեան Ամերիկայի շրջանի անդամները։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: