Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆաէլ-Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս-Պատրիարքը խստօրէն կը դատապարտէ Գերպ. Հ. Անանիա Ծ.Վ. Գուճանեանի սպանութեան ոճիրը եւ կը պահանջէ ոճրագործներուն արդար պատիժը
vaticannews. Այս ողբերգական պատահածին առիթով՝ Ամենապատիւ Մինասեան Հոգեւոր Տէրը իր եղբայրական սրտակցութիւնը կը յայտնէ Հայ Առաքելական Եկեղեցիին՝ գլխաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, ինչպէս նաեւ Այնճարի, Զահլէի, Լիբանանի եւ համայն աշխարհի հայորդիներուն:
Խոր կսկիծով ու ցաւով՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռափայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքը խստօրէն կը դատապարտէ Գերպտ. Հ. Անանիա Ծ.Վ. Գուճանեանի սպանութեան ոճիրը՝ զայն համարելով բացայայտ յարձակում մը ոչ միայն անոր անձին դէմ, այլ նաեւ այն իսկական արժէքներուն դէմ, որոնց վրայ հիմնուած են Եկեղեցին ու քրիստոնէական հաւատքը:
Գործուած մարդասպանութիւնը յարձակում մըն է սիրոյ ու ներումի սկզբունքներուն վրայ, որոնք կը կազմեն հիմքը մարդկային ընկերութեան:
Այս վատագոյն արարքը պիտի չ’անցնի առանց պատիժի, եւ ան սոսկ անցողական միջադէպք մը չէ, որ կ’ամփոփուի ու կ’աւելնայ ոճրագործութիւններուն ցանկին, այլ՝ կը մնայ որպէս վէրք մը մարդկութեան խղճին մէջ, մինչեւ արդարութիւնը վերականգնի եւ մեղաւորները համապատասխան պատիժը ստանան առանց որեւէ թոյլտուութեան:
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: