Դատապարտագիր
Շաբաթ, 1 փետրուար 2025-ին բացայայտուեցաւ ահաւոր ոճիր մը, երբ գտնուեցաւ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի դիակը, որուն վրայ կ՛երեւէին տանջանքի հետքերը` գազանային սպանութենէն առաջ: Մենք խստիւ կը դատապարտենք այս անարգ ոճիրը եւ մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, վախճանեալ հայր սուրբի ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ սիրելիներուն:
Պատկան կողմերուն կոչ կ՛ուղղենք իրենց պարտականութիւնը կատարելու վճռականութեամբ եւ արագօրէն կ՛ակնկալենք, որ ապահովական կառոյցները փութան բացայայտելու այս ահաւոր ոճիրին ծալքերն ու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ձերբակալեն ոճրագործները, որպէսզի իրենց արժանի պատիժը ստանան դատական իշխանութենէն:
Անհրաժեշտ է, որ արդարադատութիւնը իր արագ հունին մէջ մտնէ, որովհետեւ ամէն պարագայի անընդունելի է, որ լիբանանցիին ապահովութիւնը եւ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական խաղաղութիւնը պատանդ մնան անսանձ ոճրագործութեան, որ չի վախնար պատիժէ եւ կ՛անտեսէ իշխանութիւն ու օրէնք:
Կարդացեք նաև
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ