ՀՅԴ 134-Ամեակը Դարձաւ Առիթ Վերաշեշտելու Հայութեան Բովանդակ Իրաւունքներու Պաշտպանութիւնը Եւ Հայ Դատի Աշխատանքները Շարունակելու Վճռականութիւնը
«134 տարիներու անսահման զոհողութիւն» խորագիրը կրող հանդիսութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի մեծ ընտանիքը 31 յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Հապթուր» պանդոկի «Էմիրէյց» սրահին մէջ նշեց կուսակցութեան 134-ամեակը, որուն առիթով արտասանուած խօսքերուն մէջ շեշտուեցաւ համայն հայութեան իրաւունքներ ձեռք բերելու առումով անզիջողական կեցուածքը, Արցախի, արցախահայութեան եւ Հայ դատին վերաբերող աշխատանքներուն շարունակականութեան վճռականութիւնը, կազմակերպ ու հզօր սփիւռք ունենալու հրամայականէն աննահանջ երթը, ՀՅԴ-ի շարքերու ամրապնդման ու երիտասարդացման ուղղութեամբ յարատեւ գործունէութիւնը եւ լիբանանահայութեան հետ ու անոր համար պայքարելու Դաշնակցութեան վարքագիծին անփոփոխութիւնը:
ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի դրօշակակիր պատանիներու ու ԼԵՄ-ականներու մուտքով ընթացք առած հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:
Մէկ վայրկեան լռութեամբ նահատակ եւ մահացած դաշնակցականներուն յիշատակը յարգելէ ետք, բացման խօսքը արտասանեց Կարէն Պոյաճեան: Ան դիտել տուաւ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը 134 տարիներ շարունակ եղած է անսահման զոհողութեան աղբիւր մը, մնացած է պատնէշի վրայ յանուն հայութեան, տարած է յարատեւ պայքար բոլոր ճակատներուն վրայ: Ան ըսաւ, որ այսօր, հակառակ հայ ժողովուրդի կրած ծանր պարտութեան, համատարած յուսախաբութեան մթնոլորտին, կազմակերպուած, ծրագրաւորուած եւ նպատակային հակադաշնակցական քարոզչութեան, Դաշնակցութիւնը կը շարունակէ մնալ այն եզակի կազմակերպութիւնը, որ հայրենիքի ու հայութեան համար պայքարը կը շարունակէ աշխարհով մէկ` հաւատարիմ մնալով իր գաղափարախօսութեան եւ փառապանծ անցեալին: Ան վստահեցուց, որ ամէնէն բարդ պայմաններուն մէջ իսկ Դաշնակցութիւնը երբեք յանձնառութեան եւ վճռականութեան պակաս կամ նահանջի եւ փախուստի մտադրութիւն չէ ունեցած:
Կարդացեք նաև
Պոյաճեան հաստատեց, որ մեր երթը կը շարունակուի եւ անոր յաղթական աւարտին համար պատրաստ ու պարտաւոր ենք զոհաբերելու ամէն ինչ, որովհետեւ երդուած ենք մեր պատիւին վրայ` շեշտելով, որ 134-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը առիթ թող հանդիսանայ մեզի վերանորոգելու մեր ուխտը, պայքարի մեր շունչը, որովհետեւ այլընտրանք չկայ Դաշնակցութեան համար, այլ` կայ պայքար, պայքար եւ միայն պայքար:
Ապա ցուցադրուեցաւ տեսերիզ` Լիբանանի մէջ ՀՅԴ-ի պատմութիւնը, անցած ուղին, դիմագրաւած բազում մարտահրաւէրները, տուած նահատակները, անոր դէմ գործուած ոճիրները, լիբանանեան քաղաքական, ընտրական ու ընկերային կեանքին մէջ կուսակցութեան ներդրումը ներկայացնող: Շեշտը դրուեցաւ վերջին տարիներուն Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան ապրած դժուար կացութիւններուն վրայ, զորս թեթեւցնելու համար ՀՅԴ-ն իր առաւելագոյնը կատարեց` միշտ հաւատարիմ մնալով ժողովուրդին ծառայութիւնը առաջնահերթութիւն ու զայն նեցուկ նկատելու իր սկզբունքին:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ այն, որ հայկական սփիւռքի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն` Լիբանանի մէջ կը տօնենք հայ իրականութեան ամէնէն ազդեցիկ կառոյցներէն մէկուն` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 134-ամեակը:
Ան ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ կուսակցութեան հիմնադրութեան հանգամանքներուն ու պայմաններուն` յայտնելով, որ 134-ամեայ պատմութեան ընթացքին ՀՅԴ-ն տեսաւ շատ բան` փայլուն յաղթանակներէն մինչեւ ծանր պարտութիւններ, վերելքներ եւ ցաւալի վայրէջքներ, սակայն յաջողեցաւ պահպանել կարեւորագոյնը` հայկական երազանքը, որ ամէնէն մութ ժամանակներուն իսկ փարոս դարձաւ համայն հայութեան: Ի. Սաղաթէլեան դիտել տուաւ, որ այսօր մենք կանգնած ենք նոր փուլի առջեւ` հայկական Արցախը դաւաճանութեան ենթարկուած է, իսկ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը` վտանգուած, աւելի՛ն` ի գործ կը դրուի նաեւ մեր ինքնութեան ոչնչացման ծրագիրը: Այսօր մեզի կը պարտադրեն հաշտուիլ Արցախի բռնագրաւումին հետ, ուրանալ Հայոց ցեղասպանութիւնը, հրաժարիլ Անկախութեան հռչակագիրէն, փոխել Հայաստանի Սահմանադրութիւնը, կը ջլատեն սփիւռքը եւ մեր ակունքէն կը փորձեն հանել Արարատը, եւ այս բոլորը կը կատարեն Հայաստանի թշնամիները` Հայաստանի մէջ իշխող վարչախումբին հետ միասնաբար, իսկ անոնք, որոնք չեն հաշտուած ստեղծուած իրավիճակին հետ, կը պայքարին Հայաստանի վերականգնման եւ հզօրացման համար, կը պիտակաւորուին իբրեւ վրէժխնդիրներ կամ պատերազմական ուժեր: Ան շեշտեց, որ այս ողբերգական իրավիճակը կը պարտադրէ ուժ եւ կամք դրսեւորել, յառնել, ինչպէս միշտ ըրած է մեր ժողովուրդը:
«Այս պայմաններուն մէջ մենք պարտաւոր ենք յոյսի եւ փարոսի դեր կատարել 5000-ամեայ պատմութիւն ունեցող, Արցախ ազատագրած, յաղթական բանակ ստեղծած, սակայն այսօր յուսահատ եւ վաղուան հանդէպ հաւատքը կորսնցուցած մեր ժողովուրդին համար: Ա՛յս է Դաշնակցութիւնը, եւ ա՛յս է Դաշնակցութեան գործը», հաստատեց Սաղաթէլեան` աւելցնելով, որ այս ուղիին վրայ Դաշնակցութեան եւ Հայաստանի գործող վարչախումբին միջեւ ստեղծուած հակադրութեան պատճառը անձնական չէ, այլ խորքային գաղափարական է:
«Մեր նպատակն է կերտել ազգային ուժեղ պետութիւն, որ ընդունակ է, կը պաշտպանէ մեր ինքնութիւնը, որուն սահմանները ամուր կ՛ըլլան, իսկ մարդիկ` անվտանգ: Մեր նպատակն է ունենալ հայրենիք, ուր պաշտպանուած են մեր ազգային կառոյցները, ուր իր առանձնայատուկ դերը ունի Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցին: Մեր նպատակն է ունենալ հայրենիք, որուն ղեկավարը` թշնամիները ստիպուած կ՛ըլլան յարգելու, ոչ թէ ծաղրելու», ըսաւ Սաղաթէլեան` հաստատելով, որ Դաշնակցութիւնը հայութեան դիմադրողականութիւնն է, որ կ՛ուզեն կոտրել, սակայն պիտի չկարենան:
Բանախօսը յայտնեց, թէ ՀՅԴ-ն եւ դաշնակցականները այս նպատակներուն, քայլերուն եւ գործադրած ջանքերուն համար այսօր թիրախ են թշնամական հարուածներու, հալածանքի, բանտարկութեան, բայց եւ այնպէս անոնք պիտի շարունակեն իրենց ուղին` հայկական շահը պաշտպանելու համար, դառնալու հայ մարդու փարոսը համատարած խաւարին մէջ:
Շարունակելով իր խօսքը` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը յայտնեց, որ այսօր Հայաստանի մէջ իշխող ուժը կը փորձէ հրաժարիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացէն` նախ եւ առաջ անտեսելով Ցեղասպանութեան հետեւանքով ձեւաւորուած սփիւռքը, բայց եւ այնպէս ան վստահեցուց, որ ասիկա միայն իշխող վարչախումբին տեսակէտն է, ոչ թէ Հայաստանի մէջ ապրող հայ ժողովուրդին` աւելցնելով, որ մենք իրաւունք չունինք նեղուելու մեր հայրենիքէն եւ ամէնէն ծանր պահուն երես դարձնել անոր:
Սաղաթէլեան ըսաւ, որ այսօր Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ սփիւռք գործուղուող յանձնակատարները կը փորձեն իրականացնել Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դեսպաններու գործառոյթները` փորձելով պառակտել հայկական սփիւռքը, նուազեցնել աւանդական կառոյցներու դերակատարութիւնը, բայց եւ այնպէս անոնք մերժուած են հայկական սփիւռքի տարածքին:
Բանախօսը ըսաւ, որ ներկայիս Պաքուի մէջ ապօրինաբար դատելով Արցախի ղեկավարութիւնը` կը դատեն Հայաստանի եւ աշխարհի տարածքին ապրող իւրաքանչիւր հայ, ուստի իբրեւ պատիւ ու արժանապատուութիւն ունեցողներ` պէտք է ազատինք այս խայտառակութենէն եւ հեռացնենք Հայաստանն ու հայութիւնը այս կացութեան մատնած իշխանութիւնը, եւ ձեւաւորենք ազգային ու կարող իշխանութիւն:
«Մենք մեզ վերագտնելու, մեր ուժերուն հաւատալու, մեր ինքնավստահութիւնը նորոգելու, մեր միասնութիւնը վերակերտելու հրամայականին առջեւ ենք: Մենք չունինք առանձին Հայաստանի, Արցախի կամ սփիւռքի օրակարգեր: Կայ մէկ ազգ, մէկ հայրենիք, մէկ պայքար: Հայրենիքի պաշտպանութիւնը պէտք է ըլլայ մեր ուղենիշը: Գաղափար մը, որ պէտք է դառնայ համահայկական, պէտք է մտնէ իւրաքանչիւր հայու տուն, եւ որուն պէտք է զինուորագրուի իւրաքանչիւր հայ` անկախ անկէ, թէ ան աշխարհի ո՛ր ծայրը կ՛ապրի», շեշտեց Սաղաթէլեան:
Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ ՀՅԴ 134-ամեակը կը նշենք աննահանջ պայքարի, բոլոր ճակատներուն վրայ աննահանջ կռիւ մղելու խոստումով: Այդ պայքարին մէջ մենք պատրաստ ենք գործակցելու վճռական, արդար, հայու ուժեղ տեսակին հետ, բոլոր ազգային, պետականամէտ ուժերուն հետ: Բայց չարին եւ մեզ այս կացութեան մատնողին հետ մենք չենք գործակցիր:
Եզրափակելով իր խօսքը` Իշխան Սաղաթէլեան շնորհաւորեց ՀՅԴ-ի 134-ամեակը եւ կոչ ուղղեց ներկաներուն շարունակելու նայիլ Արարատին, վճռական եւ ուժեղ ըլլալու, ուժ, պատիւ, հաւատք ունենալու, որպէսզի վերականգնենք մեր արժանապատուութիւնը, որ ունենանք հզօր Հայաստան եւ համախմբուած հայութիւն, որ մեզ յարգեն եւ մեզի հետ հաշիւի նստին:
Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, մեկնաբանեց փունջ մը երգեր:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, որ յայտնեց, թէ ճգնաժամային այս օրերուն ՀՅԴ-ի հիմնադրութեան 134-ամեակի տօնակատարութեան համար համախմբուելով անգամ մը եւս կը փաստենք մեր միակամութիւնը, զօրակցութիւնն ու վճռականութիւնը եւ կը վերանորոգենք տասնամեակներու հաւատքը ժողովուրդէն ծնած ժողովուրդին պատկանող ու անոր ծառայութեան լծուած այս կուսակցութեան:
Լուսարձակի տակ առնելով 134-ամեայ կուսակցութեան էութիւնն ու հաւատամքը` Բագրատունի ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը հաւատք, համոզում, ոգի ու հոգի է, արժանապատիւ կեանք է, ժողովուրդին բազկերակն է ու անոր պաշտպանը: «Ու ճիշդ այս պատճառով, Դաշնակցութեան օրը միայն դաշնակցական կուսակցական ընկերներու տօնը չէ, այլ համաժողովրդային տօն է», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ իրականութենէն մեկնած ալ ՀՅԴ-ն ժողովուրդին կը պատկանի, եւ անոր հաւատարիմ համակիրն իսկ կը նկատուի ոչ թէ դաշնակցականամէտ, այլ դաշնակցական:
Խօսելով մերօրեայ պայթունավտանգ, անորոշ, արժեզրկման արշաւի պայմաններուն մասին` Բագրատունի ըսաւ. «Հիմնական նպատակը` մարդը պարպել իր մարդկայնութենէն` զայն վերածելով անբան արարածի, թիւի, մեքենայի, սպառող էակի, որուն միակ նպատակը պէտք է ըլլայ ապրիլ ուրիշին կողմէ ծրագրուած ձեւով` իբրեւ ստրուկ», յայտնեց ան:
Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ այս վտանգը համաշխարհային է, համատարած, որուն զոհերն են հայութիւնն ու Հայաստանը, իսկ Հայաստանի իշխող խմբակը այս քանդիչ ուղղութեան լաւագոյն փաստը կը շարունակէ տալ գրեթէ ամէնօրեայ հեւքով` Ազրպէյճանին յանձնելով Արցախը, խնդրոյ առարկայ դարձնելով հայութեան համար սրբազան արժէքներ, Ս. Էջմիածինն ու եկեղեցականները, սրբութիւն սրբոց Արարատը, Հայաստանի զինանշանն ու Եռագոյնը, Հայաստանի տարածքը, նահատակներուն թափած արիւնը, Հայոց պատմութիւնը վերածելով Հայաստանի պատմութեան, փորձելով պառակտել սփիւռքը, վերցնելով ազգային բառը, յայտարարելով, որ հողային պահանջ չունինք Թուրքիայէն, աւելի՛ն, Ցեղասպանութիւնը քննելի նիւթի վերածելով, անհրաժեշտ նկատելով Ցեղասպանութեան զոհերուն թիւը հաշուելը, Ցեղասպանութեան նիւթը օրակարգի առաջնահերթութիւն չնկատելով:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ համաշխարհային եւ շրջանային քաղաքական փոփոխութիւնները բնականաբար նոր իրավիճակ կը ստեղծեն հայութեան եւ Հայաստանի համար, յատկապէս միջինարեւելեան շրջանին մէջ` ի յայտ բերելով տարիներու երկայնքով արդէն իսկ նախատեսուող վտանգաւոր կացութիւններ, ուժերու նոր դասաւորումներ ու թրքական յաւելեալ սադրանքներու իրողութիւններ, որոնցմէ զերծ չի մնար նաեւ Լիբանանը:
«Այսօր, հակառակ համատարած քանդումին եւ հսկայական դժուարութեանց, երկիրը նոր յոյսի եւ նոր հորիզոնի դիմաց կը գտնուի: Երկխօսութեամբ, զէնքէ հեռու, զգօնութեամբ, համախոհութեամբ եւ ազգային միասնականութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութեամբ Լիբանանի դէմ ցցուող հարցերը լուծելու ՀՅԴ-ի վարքագիծը եւ զայն լիբանանեան այլ կողմերու մօտ տարածելու մեր հետեւողական աշխատանքը նպաստեց զօր. Ժոզեֆ Աունի նախագահի պաշտօնին ընտրութեան, որուն քուէարկեցինք համոզումով եւ քաղաքական արթնութեամբ: Նոյնը` նոր վարչապետի անուանումին պարագային:
«Այսօր կը գտնուինք քաղաքական փուլի մը դիմաց, որ մեզմէ կը պահանջէ անսահման արթնութիւն, հաւաքական գիտակցութիւն, անհատական նեղ շահերու ապահովումէ հեռացում, բայց մանաւանդ` համաժողովրդային զօրակցութիւն», շեշտեց ան:
Բագրատունի կոչ ուղղեց հակադաշնակցական ընդհանրական պայքարին մէջ, չարախօսութեան, վարկաբեկումի, հեղինակազրկումի, աւելորդաբանութեամբ, թեթեւամտութեամբ, եւ իբր թէ նախանձախնդրութեամբ արտայայտուած կեցուածքներուն նկատմամբ ըլլալու զգօն, չիյնալու մեր դէմ լարուած ծուղակին մէջ:
Ան յիշեց 31 յունուար 1986-ին Արեւմտեան Պէյրութի մէջ հակադաշնակցական եւ թրքաբարոյ վարձկաններու ձեռքով Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, Լեւոն Պէրպէրեանի ու Ներսէս Խուտավերտեանի սպանութիւնն ու Յակոբ Պարսումեանի առեւանգումը` շեշտելով, որ եթէ երբեք այսօր ցարդ նմանօրինակ արարքներու ենթակայ չենք, սակայն զէնքը ձեւ ու ոճ փոխելով կը շարունակէ հարուածել Դաշնակցութիւնը, կը շարունակէ հարուածել միտքը, հոգին, կամքն ու հաւատքը:
«Բայց մենք որոշած ենք հաւաքաբար թումբ կանգնիլ նման վտանգներու դիմաց: Եւ ահա թէ ինչո՛ւ: Թիրախը հայութիւնն է: Թիրախը սփիւռքն է եւ մանաւանդ` Լիբանանի հայութիւնը: Հարուածելու համար Լիբանանի հայութիւնը, պէտք է նախ հարուածել Դաշնակցութիւնը, անոր մարտունակութիւնը, անոր կազմակերպական կարողութիւններն ու տոկալու վճռականութիւնը, անոր միասնականութիւնը, քաղաքական վարքագիծը, գաղափարական հաստատակամութիւնը:
«Պէտք է հարուածել Դաշնակցութիւնը, որ Լիբանանի հայութեան պաշտպանական վահանն է, պաշտպանութեան խրամատը եւ անսահման զոհաբերումի պատրաստ բանակը», հաստատեց ան:
Առ այդ, Բագրատունի շեշտեց, որ զգաստութեան պահն է այսօր, հաստատեց, որ ՀՅԴ-ին նպատակը միշտ եղած է հայ ժողովուրդի բովանդակ շահերու պաշտպանութիւնը, եւ Լիբանանի մեր կառոյցը տասնամեակներ ամբողջ փաստած է այդ մէկը` Դաշնակցութեան Ծրագիրին վրայ միեւնոյն երդումը տուած բոլոր դաշնակցականներուն ընդմէջէն, որոնց միջեւ կարծիքներու բնական տարբերութիւններ կրնան ըլլալ, սակայն ոչ` պառակտում, սայթաքում կամ հակադաշնակցական վերաբերում:
Խօսքը ուղղելով այս ճակատագրորոշ փուլին հիմնական դերակատար ըլլալու կոչուած երիտասարդութեան` Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը կոչ ուղղեց. «Մի՛ խաբուիք սուտ եւ կեղծիք տարածող ձեր շրջապատէն: Մի՛ տկարանաք ժամանակաւոր դժուարութեանց դիմաց ու մերժեցէք շահագործուիլ աչքի փոշի ցանող ծանօթ տարրերէն: Մեր յոյսն էք եւ լոյսը մեր ժողովուրդին: Մեր ժողովուրդը վստահած է մեզի: Մենք պարտաւոր ենք բազմապատկել այդ վստահութիւնը` ինքնավստահութիւն փոխանցելով մեր ժողովուրդին: Խիզախութեամբ, քաջութեամբ, հայութեան` ցեղին ձայնը ձեր ականջին, բարձրացուցէք ջահը, խրոխտ ու հպարտօրէն, վերանորոգեցէք ձեր ուխտը` ծառայելու մեր ժողովուրդին եւ ստանձնելու անոր առաջնորդութիւնը»:
Իր պատգամը եզրափակելով` Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ իսկական տօնը, յաղթանակի տօնը, տօներուն տօնը պիտի տօնենք միասին անպայման, երբ պարտուի դաւադրութիւնը, ապազգային վարքագիծը, երբ վերադարձնենք ազգային արժեհամակարգը եւ ազգային գաղափարաբանութիւնը, երբ պարտուին սուտն ու կեղծիքը, թրքացման քաղաքականութիւնը, եւ Հայաստանը վերադառնայ ամբողջ հայութեան, բանակը դառնայ հայոց մարտունակ բանակ, վերադառնան Արցախը եւ մեր գրաւեալ հողերը: Իսկ այս բոլորի իրականացման կռիւը անդադրում է, կռուելու կամքը` աննկուն, նահատակներուն արեամբ շաղախուած: «Ու այս կռիւը պիտի տանինք հայօրէն, միասնաբար, խիզախութեամբ: Պիտի իյնանք, նորերը պիտի գան, բայց հայութեան ջահը անմար ու միշտ բարձր պիտի մնայ: Եւ այդ ջահը Դաշնակցութեան բռունցքով բարձր պիտի մնայ` ձեզի համար, համայն հայութեան համար», շեշտեց ան:
Ապա ցուցադրուեցաւ երկրորդ տեսերիզը, որ կը ներկայացնէ 2024 տարուան գաղութային տարբեր միութիւններու աշխատանքները:
ՀՅԴ Բիւրոյին խօսքը արտասանեց Յովսէփ Տէր Գէորգեան, որ ըսաւ, թէ հայ ժողովուրդը կանգնած է խնդիրներու առջեւ, որոնց զգալի մասը ենթակայ է լուծումի` առաւելապէս պետական եւ ռազմական միջոցներու, պաշտօնական դիւանագիտութեան ճամբով` աւելցնելով, որ հրաշք լուծումներ չկան, այլ միակ գրաւականը հետեւողական եւ ծրագրուած աշխատանքի շնորհիւ հզօր, ազգային, ընկերային արդարութիւն վայելող պետութեան կերտումն է: Ան հաստատեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր ամբողջական կարողութիւնները ի գործ պիտի դնէ հիմնելու իր պատկերացումներուն համահունչ պետութիւն, եւ թուեց կարեւորագոյն բաղադրիչները` հզօր ազգային պետութիւն մը ունենալու համար. ա) արտաքին քաղաքականութիւն, որուն առանցքը պէտք է ըլլայ Հայաստանի պետական շահը, հայկական օրակարգը, բ) ներքին առումով, ազգը պէտք է դուրս գայ պատերազմի յաւերժական վախէն եւ անդրադառնայ, որ մեծ խաբէութեան մը թիրախը դարձած է վերջին տարիներուն:
Յ. Տէր Գէորգեան ըսաւ, որ ներկայիս հայութեան թշնամիները կրցած են լրջօրէն պառակտել հայութիւնը, եւ շեշտեց, որ հայ քաղաքական, եկեղեցական, միութենական, հաւաքական կամ անհատ ուժերը, մէկդի ձգելով հատուածական շահերը եւ վնասակար զգուշաւորութիւնը, պէտք է միանան եւ համարձակութեամբ գործեն, յանուն փրկութեան եւ ազգային, ուժեղ իշխանութեան մը կազմաւորման:
Անդրադառնալով Արցախի եւ արցախահայութեան մարտահրաւէրներուն` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը դիտել տուաւ, որ յանուն Արցախի պայքարող ուժերուն թիւը կը թուի նօսրացած ըլլալ` վստահեցնելով, որ Դաշնակցութիւնը պիտի չհաշտուի կատարուած իրականութեան հետ եւ Արցախի հարցը պիտի պահէ հայկական օրակարգի վրայ` ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու, եւ պիտի խանգարէ հաշիւները բոլոր անոնց, որոնք կը կարծեն, թէ յաջողեցան փակել Արցախի էջը: Ան շեշտեց, որ ներկայիս ՀՅ Դաշնակցութեան ուշադրութեան կիզակէտին են կարգ մը հարցեր, ինչպէս` գերիներու ազատագրում, արցախահայութեան օժանդակութիւն, Արցախի պետական օղակներու գործունէութիւն, վերադարձ դէպի Արցախ:
Յովսէփ Տէր Գէորգեան յայտնեց, որ այս բոլորը իրագործելու համար հայութեան առջեւ կը ծառանան բազմաթիւ հարցեր, եւ իբրեւ ժողովուրդի ծոցէն ծնած կուսակցութիւն, Դաշնակցութիւնն ալ դէմ յանդիման կը գտնուի զանազան մարտահրաւէրներու, որոնք պէտք է անյապաղ դառնան մեր աշխատանքներու խնդրոյ առարկան: «Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան դէմ կը տարուի մոլեգին պայքար Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ այլ ուժերու կողմէ, որոնց նպատակն է տկարացնել կառոյցը, թերահաւատութիւն եւ կասկածամութիւն սերմանել Դաշնակցութեան նկատմամբ, հեռացնել համակիրները կուսակցութենէն, խախտել մեր ինքնավստահութիւնը, սակայն շնորհիւ այս կուսակցութեան ներուժին եւ միասնականութեան, այդ փորձերը դատապարտուած են կատարեալ ձախողութեան», շեշտեց ան:
Յ. Տէր Գէորգեան հաստատեց, որ կուսակցութիւնը սփիւռքի մէջ պիտի շարունակէ իր աշխատանքը Հայ դատի գրասենեակներու ու յանձնախումբերու ճամբով եւ արհեստավարժ մօտեցումով աշխատելաոճին մէջ յաւելեալ թափ տալով արդիականացման, պիտի պատրաստէ մարտունակ երիտասարդութիւն եւ նորարարական ծրագիրներով պիտի համախմբէ զայն իր նպատակներուն շուրջ` հզօրացնելով կազմակերպական ցանցը Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին: Ան շեշտեց, որ սփիւռքի մէջ ալ բազում են մարտահրաւէրները, ուստի Դաշնակցութիւնը պիտի շարունակէ կազմակերպել սփիւռքը, ուր խնդիրները կը բարդանան, կը բազմանան` մղելով, որ կուսակցութիւնն ալ իր ուղեկից միութիւններուն հետ յանձն առնէ սփիւռքը յուզող խնդիրները, ինչպէս` լեզուն, կրթութիւնը եւ ընկերային հարցերը: Ան հրամայական նկատեց նաեւ, որ սփիւռքը, անհատական եւ միութենական մակարդակի վրայ անընդհատ եւ անդադար զարգացնէ իր օրկանական կապը Հայաստանի հետ:
Անդրադառնալով 2019-էն ի վեր լիբանանահայութեան դիմաց ծագած բազում խնդիրներուն` Տէր Գէորգեան ըսաւ. «Յարգա՛նք բոլոր անոնց, որոնք այս դժուար պայմաններուն` քաղաքական, բարեսիրական, ընկերային, կրթական եւ այլ մակարդակներու վրայ կը գործեն ամրապնդելու գաղութի անվտանգութիւնը, կրթական եւ այլ համայնքային հաստատութիւններու գործունէութիւնը, կարիքաւորներուն օժանդակութիւնը : Վարձքը կատա՛ր դաշնակցական ընտանիքին, որ իր ակումբներով, գրասենեակներով եւ կառոյցներով, ուղեկից միութիւններով (ՀՕՄ-ԼՕԽ, ՀՄԸՄ եւ Համազգային), հակառակ բազում դժուարութիւններու` ոտքի կը մնայ եւ կը ծառայէ գաղութին: Լիբանանի գաղութը սփիւռքի բաբախող սիրտն է, եւ ներկայ այս դժնդակ պայմաններուն, լիբանանահայութեան օժանդակութեան ձեռք մեկնելը համազգային առաքելութիւն է»:
Եզրափակելով իր խօսքը` Յովսէփ Տէր Գէորգեան շեշտեց. «Հասած ենք այնպիսի օրհասական օրերու, որ ելքեր գտնելու եւ վերոնշեալ ծրագիրները իրագործելու համար իւրաքանչիւրէս կը սպասուի հաւատք, գիտելիք եւ հետեւողական աշխատանք:
Երկարաժամկէտ առումով, հայ ժողովուրդի պայքարելու կամքն ու վճռականութիւնը պիտի ստեղծեն քաղաքական, տնտեսական ու զինուորական կարելիութիւններ, որպէսզի ժամանակաւոր պարտութիւնները վերածենք մշտական յաղթանակներու:
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը 134-ամեայ իր փորձառութեամբ, իր առաւելագոյնը ի սպաս պիտի դնէ համահայկական վերելքի նախապայմաններու ստեղծումին եւ իրագործման: Յարատեւ կռուի պատգամը առաւել քան այժմէական է այսօր»:
Անկէ ետք ազգային-յեղափոխական քանի մը երգով հանդէս եկաւ երգիչ Սուրէն Աճէմեան, որուն միացան պատանիները, երիտասարդներն ու ժողովուրդը:
Աւարտին տպաւորիչ պատկեր ստեղծելով` բեմ բարձրացաւ ՀՅԴ պատանեկան միութիւններէն անդամներու փաղանգ մը եւ` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր Գէորգեանի կնքահայրութեամբ, կատարեց իր խոստման արարողութիւնը: Պատանիներու այս սերունդը կոչուեցաւ «Քրիստափոր Միքայէլեան»` ՀՅԴ հիմնադիր երրորդութեան երիցագոյն անդամին նահատակութեան 120- ամեակին առիթով:
ՀՅԴ