ՍԱՆԱ- Միջին Արեւելքի յատուկ բանագնաց Միքայէլ Պոկտանովի նախագահութեամբ ռուսական պատուիրակութիւն մը Երեքշաբթի, 28 Յունուարին Դամասկոս ժամանեց՝ սուրիական նոր վարչակազմին հետ հանդիպում մը ունենալու:
Հանդիպումին ընթացքին կողմերը խորհրդակցեցան հիմնական հարցերու, յատկապէս Սուրիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման շուրջ։
Ռուսական կողմը իր աջակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ մէջ դրական փոփոխութիւններուն, լուսարձակի տակ առնելով Ռուսիոյ դերակատարութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին վստահութեան վերականգնումին մէջ՝ շօշափելի միջոցներով, ինչպէս փոխհատուցումներով եւ վերականգնումի աշխատանքներուն մասնակցութեամբ:
Կողմերը խորհրդակցեցան արդար անցումային շրջանի քայլերուն եւ նախկին համակարգին մղած պատերազմի զոհերուն արժանին մատուցելու շուրջ:
Կարդացեք նաև
Իր կարգին, սուրիական նոր վարչակազմը սկզբունքօրէն իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց գործակցելու բոլոր շահագրգռուած կողմերուն հետ, ի նպաստ Սուրիոյ ապագայի կերտման՝ հիմնուելով գերիշխանութեան, արժանապատիւ խաղաղութեան եւ արդարութեան սկզբունքներուն վրայ։
Նոր վարչակազմը շեշտեց, որ յարաբերութեան վերականգնումը պէտք է օգնէ սրբագրելու անցեալի սխալները, յարգելու Սուրիոյ ժողովուրդին կամքը ու ծառայելու անոր շահերուն:
«Գանձասար»