Անցեալ Նոյեմբերի ընտրութիւններուն Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ ընտրուած Ատրին Նազարեան 26 Յունուարին տեղի ունեցած երդման արարողութենէն ետք, պաշտօնապէս ստանձնեց իր պաշտօնը՝ խոստանալով ամբողջական նուիրումով կատարել իրեն վստահուած պարտականութիւնը։
Քաղաքապետ Քերըն Պեսի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած երդման արարողութեան ընթացքին քաղաքապետը դրուատեց Նազարեանի ցարդ ունեցած գործունէութիւնը եւ ապագայի անոր տեսլականը՝ նշելով, որ ան արդէն իսկ քաղաքին ներկայ եւ ապագայ քաղաքացիներուն բնակարանային ծախսերը նուազեցնելու նպատակով առաջարկներ պատրաստած է:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: