Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Անժամանակ պարտադրուած օրէնքը իսկապէս ալ մղձաւանջ է քաղաքացիին համար, որոնց մեծամասնութիւնը առանց այս ալ կը տուայտի թշուառութեան մէջ. Սեւակ Յակոբեան

Հունվար 27,2025 13:09

Լսել նյութի աուդիո տարբերակը

Ձայնագրությունը գեներացված է Armenian Text to Speech արհեստական բանականության միջոցով, որն այս պահին գտնվում է թեստավորման փուլում

Եկամուտներու Պարտադիր Յայտարարագրման Օրէնքին Հակառակ Կողմը

Հայաստանի մէջ 2023-2026 թուականներուն փուլային եղանակով կը կիրառուի հասարակ քաղաքացիներուն եկամուտներուն համընդհանուր յայտարարագրման համակարգը։

Այս օրէնքը, իր յառաջացուցած աղմուկով հանդերձ, արդար պիտի ըլլայ խոստովանիլ, որ իր տեսակին մէջ եզակի չէ արեւմտեան շատ մը երկիրներու հետ համեմատած, սակայն նաեւ արդար է բարձրաձայնել, որ նշեալ կարգադրութիւնը անըմբռնելի է, եւ ինչու չէ՝ նաեւ դաժան, ֆինանսական գրագիտութեան մէջ, ընդհանրապէս ոչ այնքան յառաջադէմ հաւաքականութեան մը մէջ ինչպիսին է մեր Հայրենիքի բնակչութիւնը:

Մինչ մեր երկիրը կը դիմագրաւէ զարմանազան խնդիրներ եւ նոյնիսկ գոյութենական մարտահրաւէրներ, սոյն անժամանակ պարտադրուած օրէնքը իսկապէս ալ մղձաւանջ է քաղաքացիին համար, որոնց մեծամասնութիւնը առանց այս ալ կը տուայտի թշուառութեան մէջ, առաւել եւս, մեծ վստահութիւն մը չունի իր իշխանութեան վրայ:

Պետական մարմիններուն կողմէ անդադար կ՛արդարացուի այս օրէնքին որդեգրումը առաջ քշուելով այն միտքը, որ այս բանը իբր թէ պետութեան կողմէ փտածութեան (corruption) դէմ պայքարի շրջագիծէն ներս է:

Անշուշտ քաղաքացիէն կը թաքցուի այն հաւանական պարագան, որ 12 միլիառ տոլարի արտաքին պարտքի մէջ խեղդուող եւ պետական պիւտճէին մէջ ահագին ճեղքեր ունեցող իշխանութեան մը համար եկամուտ պէտք է, նախ պահելու համար իր իշխանութիւնը, ապա գումարներ հայթայթելու այն հսկայական մսխումին համար, որ կ՛ապահովէ համակարգի իշխանիկներուն բարօրութիւնը: Նաեւ անշուշտ կը թաքցուի, դարձեալ այն դառն իրականութիւնը, որ նման օրէնք կրնայ պարտադրուած ըլլալ համաշխարհային նաեւ արեւմտեան ֆինանսական  համակարգին՝ ինչպէս Արժոյթի միջազգային հիմնադրամ (IMF) կամ World Bank, եւ այլ կազմակերպութիւններու կողմէ, հսկայական պարտքերու տակ թաղուած Հայաստանին նոր պարտքեր կամ վարկեր տրամադրելու կամ անոնց տոկոսներուն սպասարկման որպէս երաշխիք:

Այս բոլորով հանդերձ կայ նաեւ նման օրէնքներով քաղաքացիին գրպանին մէջ բնակելու նկրտում ճիշտ այն իշխանութեան կողմէ, որուն իշխանութեան գալու կեղծիք/խոստումներուն հիմնասիւնը կը հանդիսանար անոր ղեկավարին այն յայտարարութիւնը, որ «Քաղաքացին հարկուելու առարկայ» չէ…:

Հարկային այս օրէնքի տաղտուկը նաեւ հոգեբանական ճնշումի միջոց է, որ հաւանաբար կը կիրառուի իշխանութեան կողմէ, քաղաքացիին շեղելու համար երկրին սպառնացող խնդիրները վերլուծելէ, ինչպէս նաեւ թէական օրինախախտի կարգավիճակին մէջ պահելու համար խեղճ քաղաքացին, որ իր սեփական եկամուտին յայտարարութեան մէջ կրնայ ակամայ սխալներ գործել կամ բացթողումներ թոյլ տալ, որոնք ենթակայ են տուգանման կամ դատական հետապնդման:

Եւ ահա այսպէս, հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներ սեւ օրը ինկած են, որոնցմէ շատ շատերը շուտով օրինախախտութեան ազդարարագրեր կրնան ստանալ պատկան մարմիններուն կողմէ, իրենց չհասկցած օրէնքը լաւապէս կիրառած չըլլալու «մեղքով»:

Երեկոյեան երբ նստած կը մտածէի այս անելին մասին, որ խուճապ, վախ եւ նմանօրինակ խառն զգացումներ յառաջացուցած է հանրութեան մօտ, յիշեցի տարիներ առաջ կարդացած մէկ գիրքս՝ «Երազներու Դղեակը» (The Palace of Dreams), որուն հեղինակն է ալպանացի գրող՝ Իսմայէլ Քատարէն: Այս խիզախ մտաւորականը, իր գլուխ գործոցը հանդիսացող գիրքը գրած ու հրատարակած է Ալպանիոյ մէջ 1981-ին կոմունիստական կարգերու օրերուն: Գիրքը այլակերպական բնոյթով բովանդակութիւն  մը ունի, որ խորքին մէջ քննադատութիւն է Սովետական Միութեան կամ անոր արբանեակ արեւելեան եւրոպայի երկիրներուն բռնատիրական կարգերուն, սակայն գրողը այլակերպական ոճով մը քօղարկած է զայն, ներկայացնելով իբր Օսմանեան կայսրութեան օրերուն կատարուած իրադարձութիւն, որ ամէն պարագային ալ նոյնքան եւ աւելի բռնատիրական էր  սուլթանական մենատիրական իշխանութեան ներքոյ: Նշեմ, որ այսօրուայ Ալպանիոյ աշխարհագրական տարածութիւնը, մինչեւ իր անկախացումը՝  1912, մաս կը կազմէր Օսմանեան կայսրութեան:

Գեղարուեստական երեւակայական ժանրի պատկանող այս այլակերպական նիւթով դասական վէպը, ինչպէս վերը նշեցի, գրուած է Ալպանիոյ իշխանութեան կոմունիստական օրերուն, որուն նիւթը ներկայացուած է իբրեւ 19-րդ դարի վերջին Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութիւնը ներկայացնող օրերը ներկայացնող: Վէպին մէջ տուեալ շրջանին քաղաքացիները հարկադրուած էին ամէն առաւօտ ներկայանալ «Դապիր Սերայ» կոչուած պետական դղեակը, այնտեղ գրանցելու համար նախորդ գիշերուայ իրենց տեսած երազը…: Գիրքին գլխաւոր հերոսը՝ նշեալ դղեակին ղեկավարը, Մարք-Ալեմ անունով պաշտօնեայ մըն է, որ ալպանացի ըլլալով հանդերձ մօտ էր օսմանեան իշխանութիւններուն ու այդ պաշտօնին հասած էր կամակատարն ու գործակալը ըլլալով թուրքերուն…:

Քաղաքացիներուն տեսած երազները կը գրանցուէին սոյն գործակալին վերահսկողութեամբ, մինչ դղեակին աշխատողները պէտք է վերլուծէին եւ հետեւութիւններ ընէին երազներէն, եզրակացնելու համար թէ ի՞նչ կը սպառնայ Սուլթանին եւ թէ ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ կայսրութեան ապագան: Արդիւնքը՝ երազներու մեկնաբանութեամբ հետ մէկտեղ կը փոխանցուէր Ստամպուլ՝ բռնատէր Սուլթանին ուշադրութեան…:

Պատկերացուցէք քաղաքացիներուն երազները գրանցելու՝ յայտարարագրելու անհեթեթութիւնը, միեւնոյն ժամանակ այն տաղտուկն ու հոգեկան ճնշումն ու տառապանքը խեղճ քաղաքացիներուն, նման բռնատիրական կարգի մը ներքոյ…:

Իր օրերուն, գրաքննութեան իբրեւ արդիւնք՝ արգիլուած այս գիրքը բաւականին ժողովրդականութիւն ունեցած է եւ աւելի ուշ, արժանացած է շատ մը վերահրատարակութիւնններու:

***

Աւարտելու համար այսօր սովորականէն աւելի երկարած սիւնակս,  պիտի առաջարկեմ, որ այս տողերը ընթերցողը, ինքն ալ կարդայ նշեալ գիրքը, եւ եթէ մեր Հայրենիքին ներկայ անհաւատալի ու ցաւալի իրավիճակին հետ զուգահեռներ ինքն ալ գտնէ անոր մէջ, ապա մեղաւորը ես չեմ…:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Լիբանանի ԶԱՐԹՕՆՔ օրաթերթի

Գլխաւոր խմբագիր

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031