«Ասպարեզ» – Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումը կը տեղեկացնէ, թէ իր անդամներէն 36ին ստորագրութիւնը կրող նամակ մը յղուած է Նահանգային պատմական հարստութիւններու յանձնաժողովին՝ խնդրելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած Մոնթեպոլլոյի յուշարձանը դրուի Քալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին վրայ։
Նամակին մէջ կը շեշտուի, որ հայկական եկեղեցիի գմբեթը յիշեցնող եւ արդիական ոճով կառուցուած յուշարձանը 1968էն ի վեր դարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը ոգեկոչելու վայր մը՝ աւելցնելով, որ անիկա հանրային տարածքի մը վրայ կառուցուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին յուշարձանը կը հանդիսանայ։
Նամակը կարդալու համար այցելել կայքէջը։
Նշենք, որ Քալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումի անդամներուն թիւը վերջերս հասած է 50ի եւ անոր նոր ղեկավար ընտրուած է Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Ճան Հայրապետեան։