Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Օրը քանի մը անգամ նոր մանրուքներ կը նետեն հրապարակ, որպէսզի «զուարճացնեն» հանրութիւնը եւ զբաղ պահեն ընդդիմադիր ճակատները․ «Հայրենիք»

Հունվար 25,2025 10:40

Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ, նոր տեսակի գլխապտոյտ պատճառող, բառացի՛օրէն «գլուխ դարձնող» դէպքեր ու նորութիւններ տեղի կ’ունենան վերստին:

Եթէ փորձենք եղածները սեղմ հասարակ յայտարարի մը բերել, կ’ունենանք հետեւեալը. իշխանաւորները ամէն օր, օրը քանի մը անգամ նոր մանրուքներ (նա՛եւ ոչ արհամարհելի) կը նետեն հրապարակ, որպէսզի «զուարճացնեն» հանրութիւնը եւ զբաղ պահեն ընդդիմադիր ճակատները, իսկ իրենք աննահանջ կերպով կը շարունակեն անձնատուութեան, հայրենիքէն նոր պատառիկներ թշնամիին յանձնելու պատրաստութիւնները:

Մեծ ու փոքր փոթորիկներ ստեղծող, մանաւանդ ինքնահակասումի ճամբով մարդոց գլխապտոյտ «նուիրող» իշխանաւորները, անդին, յամառօրէն իրենց էշը յառաջ կը հրեն ու կը պատրաստուին հողային նոր զիջումներու:

Ճակատաբաց կը յայտարարեն, որ Տաւուշի մէջ ամիսներ առաջ իրականացած՝ հողերու յանձնումէն ետք, «սահմանազատման» յաջորդ քայլերը շուտով ճամբայ պիտի ելլեն Վրաստանի սահմանէն Տաւուշ երկարող շրջանէն (իսկ մեր ի՞նչ հոգը, որ բրիտանացիք իրենց հպատակները կը զգուշացնեն հեռու մնալ Հայաստան-Ատրպէյճան ամբողջ սահմանագիծէն): Ատրպէյճանի նախընթաց յայտարարութիւններն ու պահանջները յիշողներ դարձեալ կ’ահազանգեն, որ «սահմանազատում»ի յաջորդ քայլերն ալ կրնան բռնել նախընթացներուն ճամբան, այսինքն՝ միայն Ատրպէյճանը ըլլայ հող շահողը, գրաւո՛ղը, Հայաստանի ձեռքէն պիտի ելլեն պաշտպանական եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող ճամբաներ, բարձունքներ: Մոռցուած են Սիւնիքէն մինչեւ Ջերմուկ եւ այլուր՝ ազերիներուն գրաւած հողերը՝ ճամբաներ ու բարձունքներ: Երեւանի իշխանաւորներն ալ սահմանագծումի ծրագիրին մասին առհասարակ կը խօսին «Ատրպէյճաներէն», այսինքն պատրաստակամութիւն կը յայտնեն իբրեւ թէ ազերիական անուններով ծանօթ գիւղեր ու աւաններ յանձնելու Ատրպէյճանի: Հապա Տիգրանաշէ՞նը (վաղը Ալիեւ կրնայ յոխորտալ, որ Մեծն Տիգրանն ալ ազերի էր…):

Զարմանալի է եւ մտահոգիչ, որ այս՝ նոր յանձնումներու թղթածրարը չի ստեղծեր ընդվզումի ու բողոքի ա՛յն փոթորիկները, որ, ինչպէս մատնացոյց ըրինք վերը՝ կը ծագին ապրուստին եւ մարդոց մորթին-գրպանին դպչող հարուածներու հետեւանքով: Տաւուշէն՝ անցեալ Մայիսին ծայր առած Շարժումը կարծէք թէ ձմեռնաքունի մատնուած է. արդեօք նոր շարժում պիտի ըլլայ միայն ա՞յն ատեն, երբ հողային նոր կորուստներ իրականանան, «Գնա՛, մեռի՛ր, եկո՛ւր, սիրեմ» տրամաբանութեամբ…: Ճի՛շդ է, այդ շարժումին ղեկը չէ թողլքուած, բայց…

Ու հարց կը ծագի. հայուն համար, արդեօք սակագիներու եւ տուրքերու՝ այլապէս դիւրին դարմանելի տագնապները աւելի՞ ծանրակշիռ են, թէ՞ հայրենիքի հողերէն մաս առ մաս կորուստները, սկսելով Արցախէն (ու երբ ՀԱՅ կ’ըսենք, ի մտի ունինք նաեւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս գտնուող հայեր, բոլորն ալ զոհ՝ նոյն գլխապտոյտին): Հայ պետական մարդոց, զինուորականներու եւ պարզ քաղաքայիններու Պաքու առեւանգումը, անոնց հանդէպ ստորնացնո՛ղ վարմունքը (դատավարութիւն, բանտային «նուէրներ»…) արդեօք պէտք չ՞է ստեղծեն նոյնքան, անգա՛մ աւելի ուժեղ հակազդեցութիւն, բողոքի ալիքներ: Այս բոլորը հրաւէր չե՞ն թօթափելու գլխապտոյտը եւ չիյնալու իշխանաւորներուն «զբաղեցնող» թակարդներուն մէջ. այս հարցումներով, ըսել չենք ուզեր, որ անոնք ուշադրութիւն չպահանջող բաներ են, սակայն երբ կայ ծանրագոյնը՝ անդառնալի կորուստներու վտանգը…

***

…Եւ անշուշտ կրնանք դարձեալ մտածել, թէ մեզի ի՞նչ՝ Կազան-Արեւմտեան ափը, Ուքրանիան, Լիբանանն ու այլ արիւնող շրջաններ:

Կրնանք տարուիլ այն պատրանքներով, որ Ուշինկթընի մէջ հիմա կայ մեծ-մեծ ջարդող նախագահ մը, որ հրապարակ վերադարձած է (իսկ այդ ե՞րբ էր որ հրապարակէն դուրս ինկած էր) հին-նոր այլանդակ տրամադրութիւններով: Մեզի ի՞նչ, որ ան ալ կրկէս մտած է ամերիկեան կայսերական նոր հեռանկարներով, պատրաստ է աւելի՛ ուժեղ կանաչ լոյս տալու ջարդարար եւ բռնագրաւող Իսրայէլին, արդէն նախանշաններ ցոյց կու տայ, թէ այդքան ալ կառչած չէ Ուքրայինայի պատերազմը «անմիջապէս դադրեցնելու» իր խոստումին, յետոյ, կ’ուզէ խլել Փանաման, Կրինլէնտը, գրաւել Քանատան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս… Էրտողան եւ Ալիեւ կը հետապնդեն թուրանական հեռանկարը: Հապա՞ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ իր անձնական շահերու թղթածրարները, հապա՞ Իրանի հանդէպ թշնամանքը…

Հոն ալ, անշուշտ, կան այսպէս կոչուած՝ աշխարհը զբաղ պահող տարօրինակութիւններ, սակայն Եւրոպայէն մինչեւ Իրան ու Չինաստան, մինչեւ ամերիկեան ցամաքամաս՝ մտահոգութիւնները աւելի՛ ծանր կը կշռեն, քան դրական ակնկալիքները: Նախաճաշակներ տեսած ենք Թրամփի իշխանութեան առաջին քառամեակին, հիմա ան աւելի ամրացուցած է իշխանութեան երեք թեւերուն մէջ իր յենարանները, իր շուրջ խմբած է առաւելաբար նիւթը պաշտողներու խմբակներ եւ կը խոստանայ Ամերիկան դարձեալ հզօր դարձնել… ամբոխահաճ յայտարարութիւններով: Իսկ թէ «ստուեր»ի մէջ իսկական գործողները որքա՞ն թոյլատու պիտի ըլլան անոր դրական (օրինակ այն յայտարարութիւնը, թէ Միացեալ Մահանգներու մէջ միայն երկու սեռ ճանաչում պիտի ունենան) եւ անհաճոյ խոստումներուն ու սպառնալիքներուն իրականացման՝ հոն կան բազմաթիւ «թաղուած շան գլուխներ»:

Հայաստանի եւ աշխարհի զանգուածներուն համար, էականը ժամանակաւոր զբաղումները չեն, պէտք չէ ըլլան, այլ՝ մնայուն հետք ձգող, անդառնալի կորուստներ «խոստացող» արհաւիրքներուն իրազեկումը, անոնց կանխարգիլման ուղղութեամբ գործե՛լը, նմաններու միջեւ գործակցութեան կամուրջներ ստեղծելը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031