Ազգովին կը պատրաստուինք 2025-ին նշել Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը, հայ ժողովուրդին համար ճակատագրական ժամանակաշրջանի մը հոլովոյթին մէջ։ Աշխարհաքաղաքական ներկայ իրադարձութիւնները մեզ կը յուշեն նաեւ անցեալի ահաւոր ալեկոծումները, որոնք յատկանշեցին ազգի ողբերգական երթը 20-րդ դարու առաջին տարիներուն, երբ հայ տարրը ամբողջութեամբ բնաջնջուեցաւ ու արմատախիլ եղաւ իր օրրաններէն, ապա զիջեց իր փխրուն անկախութիւնը։
Հայրենի աշխարհին վրայ պարտադրուած այսօրուան իրավիճակը շարունակութիւնը կը կազմէ անցեալի ողբերգութեան, երբ Արցախը լիովին հայաթափուած է ու հայրենիքի ամբողջականութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ նոյն ցեղասպան թշնամիին կողմէ։ Այս անգամ եւս, հայոց պետութեան բախտը ենթակայ դարձած է մեծապետական ուժերու հաշիւներուն, որոնք անցեալի դառնաղէտ պատմութեան կրկնութեան ստուերին տակ, տեղ կու տան թուրք-ատրպէյճանական նուաճողական ախորժակներուն։
Սա մետաղին մէկ երեսն է։ Միւսը կը գտնուի Հայաստանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ։ Այլեւս քաղաքական բանավէճի կարիքը չկայ հասկնալու, թէ այսօրուան իշխանաւորները անկարող դարձած են դոյզն իսկ ազգային խօսք արտասանելու հայութեան առջեւ, որ պիտի սպասէր համախմբուածութեան եւ միասնականութեան ալիքը պարուրած ըլլար պատերազմէն ետք պարտուողական ու անյոյս վիճակէն դուրս գալու ձգտումը։
Ընդհակառակը, Հայոց ցեղասպանութեան նշման ներկայ հանգրուանի սեմին հասնելէն առաջ, սկսեալ թիւ մէկ իշխանաւորէն, Հայաստանի պետական այրերը մրցակցութեան ելած են տկարացնելու համահայկական ձգտումներու զինանոցը եւ ստորադասելու անոնց նշանակութիւնը։
Կարդացեք նաև
Այսօրուան իշխանաւորները լծուած են բառախաղային արշաւի մը, որ կը միտի խեղաթիւրել համազգային մեր արժէքները, որոնք մարմնաւորուած կը մնան Հայոց ցեղասպանութեան հատուցման եւ մեր անժամանցելի իրաւունքներու տիրացման մէջ։
Արդէն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանգրուանին, Համահայկական հռչակագիրը կու գար ամրապնդելու այն սեւեռումները, որոնք արդարօրէն կը մնան իւրաքանչիւր հայու գիտակցութեան մէջ։ Հռչակագիրը կը շարունակէ պահել իր զօրեղ հնչեղութինը, որպէս միասնական բանաձեւ՝ հայու ճակատագիրը սեփական ուժերով ճշդելու հրամայականին։
Փոխարէն, այսօրուան իշխանաւոր խումբը, փոխանակ ժողովուրդի մը արդար իղձերու արտայայտիչը ըլլալու դերին մէջ սահմանէ իր գոյութիւնը, ամէն գնով յառաջ կը տանի հայ ժողովուրդի պատմական եւ քաղաքական արժէքներուն տկարացումը։
Սկիզբը եղաւ Արարատի ու Արագածի միջեւ երեւակայական պատնէշներ կանգնեցնելով, յետոյ փորձ եղաւ «պատմական» եւ «իրական» Հայաստանի զանազանութեան մէջ իմաստազրկելու առաջինին խորհուրդը, իսկ ամէնէն նողկալի տեսակէտները հնչեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու թուագրման եւ անուն-մականունով փաստելու անհեթեթ առաջարկին մէջ։
Իշխանաւոր խաւը եւ անոնց բանբերները լիովին անտեղեակ ու անկարող կը շարունակեն մնալ «Ցեղասպանութիւն» եզրը ճշգրիտ մեկնաբանելուն մէջ։ Անոնք նոյնիսկ անգիտակ կը յամառին ըլլալ միջազգային որոշումներու ոգիէն եւ անոնց տէր կանգնելու իրաւունքէն։ Ո՞ր մէկ յօդուածին կամ բանաձեւին մէջ սահմանումներ դրուած կ՚ըլլան ազգի մը կամ ցեղի մը դէմ ցեղասպանութեան ոճիրը բնորոշելուն մէջ։
Որքա՜ն անհեթեթ ու ապակողմնորոշ վարկած մըն է ցանկագրումի առաջարկը, որ միայն ջուր կը լեցնէ ցեղասպան կողմի ջաղացքին՝ Թուրքիոյ պետական պնդումներուն, ամբողջութեամբ խեղաթիւրելու պատմական իրողութիւնը եւ մերժելով մերժելու հայ ժողովուրդի բնաջնջումը։ Ցեղասպանութեան ոճիրը թիւերու խաղ չի կրնար ըլլալ, ոչ ալ քանի մը տասնեակ հազար զոհերու առաւել կամ պակաս՝ այսպէս կարծուած «թուագրումը» կրնայ զօրացնել կամ տկարացնել Թուրքիոյ ամբողջական պատասխանատուութիւնը հայութեան համատարած սպանդին դիմաց։
Ի զուր կը փորձէ ապակողնորոշումի վտանգաւոր խաղին մէջ մտած այսօրուան իշխանական խաւը, կարծեցեալ «խաղաղութեան պայմանագիր»-ին վրայ միայն յոյս դնելով, հայու ոգեկան եւ իմացական աշխարհէն դուրս քշել անոր պատմական անցեալը եւ անառարկելի իրաւունքները։
Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքով սփիւռքածին հայու, բայց նաեւ պատմական Հայաստանի հպարտ շառաւիղը հանդիսացող հայրենի բնակիչի ոգիին մէջ տեղ չեն գտներ ապակողմնորոշիչ փորձարկումներ։ Հայ ժողովուրդի պահանջատիրական կամքը կը մնայ աներեր, անտեսելով որեւէ քաղաքական «ճարպիկութիւն»՝ նուաստացնելու համահայկական իղձերը։ Սպասումներ՝ որոնց արտայայտիչը նախ եւ առաջ պարտի ըլլալ պետութեան ղեկավարութիւնը, խիզախ կեցուածքի մը մէջ ամփոփելով հայութեան միասնական ձայնը։
Հոդվածն ամբոջությամբ՝ «Ազատ օր» օրաթերթի այս համարում