Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Լեզուն կը պահպանուի միայն այն ժամանակ, երբ մարդիկ կը շարունակեն խօսիլ այդ․ Արհեստական բանականութիւնը կրնա՞յ փրկել վտանգուած լեզուներ․ «Ազդակ»

Հունվար 24,2025 16:02

Ճիշդ ըսած չէ՞ Խ. Աբովեան. «Լեզուն եթէ չըլլար, մարդ ի՞նչ բանի պիտի նմանէր»: Այժմ լեզուներ սկսած են անհետանալ, ուրեմն մարդ ի՞նչ բանի պիտի նմանի: Լեզուաբաններ եւ մասնագէտներ այժմ կ՛ուսումնասիրեն վտանգուած լեզուները արհեստական բանականութեան միջոցով փրկելու կարելիութիւնը: Կը ներկայացնենք ոմանց կարծիքները:
Ճեքսըն Հայցի մէջ կէսօրէ ետք մը ժամանակ անցընելը կը նշանակէ ամբողջ աշխարհի շրջագայութիւնը ընել: Նիւ Եորքի ամէնէն մեծ թաղամասի` Քուինզի հիւսիսարեւմտեան անկիւնը տեղակայուած Ճեքսըն Հայցը սովորաբար կը նկատուի աշխարհի ամէնէն բազմալեզու շրջանը: Հոն կը բնակի շուրջ 180 հազար մարդ: Անոնք միասնաբար կը խօսին արձանագրուած 700 լեզուներէն աւելի քան 160-ը:

Բայց, բազմաթիւ այլ երկիրներու նման, Ճեքսըն Հայց խնդիր ունի. անոր լեզուները կ՛անհետանան:

Լեզուաբանները կ՛ահազանգեն, որ մոլորակին վրայ խօսուող մօտաւորապէս 7000 լեզուներու բացարձակ մեծամասնութիւնը անհետացման վտանգի տակ է: Մշակութային ժառանգութեան կազմակերպութիւններու տուեալները ցոյց կու տան, որ երկու շաբաթը մէկ կը մահանայ լեզուի մը վերջին կենդանի խօսողը եւ անոնց հետ տուեալ լեզուն խօսողներու համայնքը աշխուժացնելու որեւէ կարելիութիւն: Այդ պարագային լեզուաբանները ամէնէն շատ կրնան յուսալ, որ լեզուն պահպանուի հետագայ ուսումնասիրութեան համար, ինչպէս շատոնց անհետացած քաղաքակրթութիւններու նմուշները կը պահպանուին թանգարաններու մէջ:

Ասիկա մշակութային ողբերգութիւն է, որ պայմանաւորուած է` տնտեսական համաշխարհայնացումով, արհեստագիտական փոփոխութիւններով եւ կառավարութեան քաղաքականութեամբ:

Հաւանաբար շատ ուշ է փրկել մօտ 600 լեզուները, որոնք կորսուած են միայն անցեալ դարուն: Սակայն լեզուաբանները աւելի ու աւելի կը դիմեն արհեստական բանականութեան (ԱԲ)` ձգտելով ոչ միայն պահպանել, այլեւ վերակենդանացնել մնացեալ լեզուները:

ԱԲ-ն եւ մարդկային լեզուն միշտ սերտօրէն կապուած եղած են, սակայն լեզուական մեծ նախատիպերու (ԼՄՆ) յառաջացումը պարզ դարձուց այս կապը: ԼՄՆ-երը կը վերապատրաստուին համացանցէն եւ թուայնացած գիրքերէն հաւաքուած մեծաքանակ գրութիւններու վրայ, որ կարելիութիւն կու տայ ԱԲ-ին` արձագանգել բազմաթիւ անձերու արձանագրութիւններուն, մատչելի, հասկնալի եւ բազմազան ոճով:

Ինչպէ՞ս ԱԲ-ն Կրնայ Օգնել Լեզուներուն

Այսօր աշխարհի մէջ խօսուող հազարաւոր վտանգուած լեզուներու տագնապին շատ լաւ ծանօթ են մշակութային պահպանութեան մասնագէտներ, լեզուաբաններ եւ արհեստագէտներ, որոնք կ՛աշխատին ԼՄՆ-երու վրայ` զանազան լուծումներ փնտռելով այդ լեզուները անհետացումէ փրկելու:

Այս ջանքերէն շատերը կեդրոնացած են անհետացման եզրին գտնուող լեզուներու թուային վաւերագրման վրայ` յուսալով, որ եթէ կարելի չըլլայ փրկել խօսողներու կենդանի համայնք ունենալու իմաստով, անոնք գոնէ կրնան պահպանուիլ հետագայ ուսումնասիրութեան համար:

Վտանգուած լեզուներու պահպանման համաշխարհային նախաձեռնութեան առաջին եւ ամէնէն յաջող օրինակներէն մէկը Ռոզեթթա նախագիծն է, որ սկսած է գործել 2002 թուականին Լոնկ Նաու հիմնադրամին կողմէ` բոլոր փաստագրուած լեզուներով թուային գրադարան ստեղծելու համար: Այս լրացաւ առանձին նախաձեռնութեամբ, որ կը կոչուէր «Վտանգուած լեզուներու նախագիծ», որ սկսաւ 2012 թուականին` Կուկըլի աջակցութեամբ: Այն ժամանակէն ի վեր այդ վերածուած է աւելի քան երեք հազար վտանգուած լեզուներ արձանագրող գրքոյկի:

Անհետացման եզրին գտնուող լեզուներու վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող տուեալները արձանագրելու աշխատանքին հետ, ամբողջ աշխարհի մէջ լեզուաբանները կը դիմեն սմարթֆոններուն, ԱԲ-ի եւ այլ արհեստագիտութիւններու` անհետացման եզրին գտնուող լեզուներու համար արագացնելու լեզուական տուեալներու մեծ շտեմարաններու կառուցման հոլովոյթը: Այդ նախապայման է` ստեղծելու կենսունակ ԱԲ նախատիպը, որ կը ստեղծէ գրութիւն եւ խօսք:

Օրինակ, 2018 թուականին Աւստրալիոյ ARC Գերազանցութեան կեդրոնը լեզուի ներուժի համար (CoEDL) սկսաւ գործածել Opie կոչուող մարդամեքենան` օգնելու հեռաւոր գիւղերու երեխաներուն բնիկ լեզուներ սորվեցնել: CoEDL ապա գործակցեցաւ Կուկըլին հետ` բնիկ լեզուներու համար ԱԲ-ի նախատիպեր ստեղծելու համար: Ասիկա լեզուաբաններուն համար խնայեց տառադարձման բազմաթիւ ժամեր, որոնք կը պահանջուէին տուեալներ արտադրելու համար` նախատիպերը վարժեցնելու:

Վտանգուած լեզուներու պահպանումի Կենդանի լեզուներու հիմնարկը վերջերս գործակցեցաւ Շուր ընկերութեան հետ, որ ստեղծած է փոքր անլար խօսափողեր, որոնք սովորաբար կը գործածեն ընկերային լրատուամիջոցներ ստեղծողները` դիւրացնելու վտանգուած լեզուներու ձայնագրումը աշխարհի կարգ մը հեռաւոր վայրերու մէջ:

Այս տեսակի նախաձեռնութիւնները անհետացման եզրին գտնուող լեզուներու պահպանման կարեւոր մասն են, բայց բոլորն ալ համոզուած են, որ այդ բաւարար չ՛ըլլար` զանոնք փրկելու կամ նոյնիսկ այդ լեզուներու ԱԲ-ի արդիւնաւէտ նախատիպեր ստեղծելու:

Ըստ լեզուաբան Անտրաշ Քոռնայի, աշխարհի լեզուներուն միայն հինգ առ հարիւրը կարելի է թուայնացնել, որովհետեւ մնացեալները չունին բաւարար տուեալներ: Այս կը նշանակէ, որ աշխարհի լեզուներուն մեծ մասը կ՛անհետանայ: Այլ խօսքով, լեզուն կրնայ ունենալ կենդանի խօսողներու փոքր, բայց կենսունակ համայնք, բայց հիմնուելով Քոռնայի հետազօտութեան վրայ` այդ արդէն մեռած է այն առումով, որ դժուար թէ երբեւէ գործածուի առցանց հաղորդակցութեան համար: Ասիկա անհետացող լեզուներէն շատերուն համար լաւագոյնը թուային պահպանումն է:

«Լեզուի պահպանումը հիանալի բան է, բայց այդ չի յանգեցներ կենսունակ լեզուական համայնքի, – կ՛ըսէ Քոռնայ: – Դուք կրնաք վերականգնել բազմաթիւ բաներ, բայց կայ որոշ քանակութեամբ տուեալներու կորուստ, որ անխուսափելի է»:

Մայրենին խօսողներու այս կորուստը հիմնական խնդիր կը ստեղծէ մեքենական ուսուցման յաւելուածներու համար: Առանց սահուն խօսողներու` յաւելուածները չափազանց դժուար է մշակել եւ կատարելագործել: «Այս նաեւ գրեթէ անկարելի կը դարձնէ այդ լեզուին փորձարկումը մեքենական ուսուցման միջոցով, քանի որ դուք այլեւս չունիք խօսողներ, որոնք կրնան ըսել, թէ արդեօ՞ք արդիւնքը անկապ խօսք է», կ՛աւելցնէ Քոռնայ:

Տան Վան Աշ լեզուաբան է, որ վերջին 12 տարիները անցուցած է Կուկըլին մէջ` ուսումնասիրելով արհեստագիտութիւնը աւելի լայն լեզուական հանրութեան մատչելի դարձնելու ուղիները: Ան կը յիշէ, երբ Քոռնայ իր յօդուածը հրապարակեց տասնամեակ մը առաջ եւ ցնցեց լեզուաբանները: Բայց 10 տարուան ընթացքին շատ բան փոխուած է: Այժմ ան կը խորհի, որ Քոռնայի սարսափելի կանխատեսումը կրնայ չափազանց յոռետեսական ըլլալ:

«Մեծ փոփոխութիւնը այն է, որ այժմ ամէն տեղ սմարթֆոններ կան, – կ՛ըսէ Վան Աշ: – Բազմաթիւ մարդիկ կ՛ուզեն գործածել իրենց լեզուն ընկերային ցանցերուն մէջ եւ չաթի յաւելուածներուն վրայ, բայց այդ պատմականօրէն աջակցութիւն չէ ստացած»:

2022-ի դեկտեմբերին Կուկըլ յայտարարեց իր հազար լեզուներու նախաձեռնութեան մեկնարկի մասին, որուն նպատակն էր ստեղծել ԱԲ նախատիպ մը, որ կ՛աջակցի աշխարհի ամէնէն շատ խօսուող հազար լեզուներուն: Բայց նախագիծը սկսած ատեն այդ բախեցաւ նոյն հսկայ մարտահրաւէրին. ինչպէ՞ս հաւաքել լեզուական բաւարար տուեալներ նախատիպը ստեղծելու համար:

Լուծումը, կ՛ըսէ Ուչէ Օկոնկվօ` Կուկըլի ԱԲ ծրագրի պատասխանատու տնօրէն, արհեստագիտական նորարարութիւններու եւ համայնքի ներգրաւուածութեան խառնուրդ էր: Արհեստագիտական առումով, հետազօտողները կեդրոնացած են աւելի քիչ տուեալներով աւելին ընելու ուղիներ գտնելու վրայ: Օրինակ, Կուկըլ Տիփ Մայնտի հետազօտողները մշակած են ընկերութեան ԼՄՆ Ճեմինին, անհետացման եզրին գտնուող ինտոնեզերէնի ուսուցման արհեստագիտութիւն, վերլուծելով այդ լեզուի համար գոյութիւն ունեցող քերականական քանի մը պաշտօնական գիրքերէն մէկը:

Բայց իրական բանալին, կ՛ըսէ ան, ուղղակի աշխատիլն է խօսող համայնքներու հետ, հաւաքելու լեզուի տուեալներ եւ ապահովելու, որ ստացուած ԱԲ նախատիպը ճշգրիտ կը ներկայացնէ որեւէ լեզուի մէջ յայտնաբերելու բազմաթիւ նրբերանգներ: Այս յատկապէս կարեւոր է աշխարհի լեզուաբանօրէն տարբեր շրջաններուն մէջ, ինչպէս` Հնդկաստանը, ուր իրարմէ միայն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող գիւղերուն մէջ խօսուող բարբառները կրնան շատ տարբեր ըլլալ:

«Ես չեմ հաւատար, որ մենք կրնանք փրկել այս վտանգուած լեզուները միայն ԱԲ-ի միջոցով, – կ՛ըսէ Վան Աշ: – Լեզուն կը պահպանուի միայն այն ժամանակ, երբ մարդիկ կը շարունակեն խօսիլ այդ: Բայց եթէ ԱԲ-ն կրնայ ըլլալ գործիք մը, որ կը դիւրացնէ խօսիլը, ես այդ կը նկատեմ լաւ կատարուած աշխատանք»:

Պատրաստեց՝ Նարէ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031