Քաղաքավարական այցելութիւն Հ.Հ. Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան
Հինգշաբթի, 23 Յունուար 2025-ի միջօրէին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Հ.Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան, ընկերակցութեամբ՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Ազգային Վարչութեան ատենապետ տիար Ժիրայր Րէիսեանի եւ ազգային վարչութեան անդամներու։
Սրբազան Հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը ջերմապէս դիմաւորուեցան Հ.Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս մեծարգոյ տիար Արա Աւետիսեանի եւ հիւպատոսութեան խորհրդական տիար Դաւիթ Թադէոսեանի կողմէ։
Սրբազան Հայրը Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով իր ջերմագին բարեմաղթութիւնները ուղղեց մեծարգոյ Հիւպատոսին եւ հիւպատոսութեան խորհրդականին, մաղթելով արգասաբեր եւ բարեյաջող գործունէութիւն։ Սրբազան Հայրը կարեւորեց եւ բարձր գնահատեց հիւպատոսութեան գործունէութիւնը, եւ զօրակցութեան ու գործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնեց։
Հանդիպումին արծարծուեցան ներկայիս տիրող իրավիճակը, հայ համայնքին դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ Հայաստան-Սփիւռք կապի առաւել ընդլայնման ծիրերը։
Մեծարգոյ Հիւպատոսը այցելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան, հաստատելով, որ հիւպատոսութիւնը փոխգործակցութեամբ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։ Այս առիթով, պարոն հիւպատոսը իւղաներկով գծուած պատկեր մը նուիրեց Սրբազան Հօր։
«Գանձասար»