Vatican News. 22 Յունուարի, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը զանազան լեզուներով ողջունելէ ետք ունկնդրութեան մասնակցող հազարաւոր ուխտաւորները, խօսքը ուղղելով իտալացի հաւատացեալներուն ըսաւ. «Ես կ՛ուզեմ որ իմանաք, որ իմ սիրտս Լոս Անճելըսի ժողովուրդին հետն է, որ այնքան տառապեցաւ համայն թաղամասեր եւ հասարակութիւններ աւերած հրդեհներուն պատճառաւ։ Եւ տակաւին չեն աւարտած…. »։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ հրաւիրեց չմոռնալ մարտիրոս Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլն ու Միանմարը։ «Աղօթենք խաղաղութեան համար» յարեց Ան, անգամ մը եւս հաստատելով` որ «պատերազմը միշտ ալ պարտութիւն է»։
Ռոպէր Աթթարեան
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: