Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայկական կազմակերպութիւնները միացան եւ համատեղ աշխատանքային խումբ մը կազմելով՝ հասան կործանարար վերջին անտառային հրդեհներուն պատճառով տուժած անձերուն բազմակողմանի կարիքներուն։ Այս աննախադէպ գործընկերութիւնը կը շեշտադրէ հիմնարկային դերակատարներու հաւաքական նուիրուածութիւնը՝ աջակցութիւն ցուցաբերելու, վերականգնումը խթանելու եւ այս դժուար օրերուն բոլոր կարիքաւոր քաղաքացիներուն զօրակցելու։
Անցեալ շաբաթ, Կլենտէյլի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը միաւորեց տասնեակներով ազդեցիկ հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, իբրեւ պատասխան Լոս Անճելըս շրջանին մէջ բռնկուած ահաւոր հրդեհներուն։
Կրօնական, մշակութային, իրաւանց պաշտպանութեան, երիտասարդական եւ օգնութեան կազմակերպութիւնները իրենց միջոցները համախմբեցին, կիսեցին մասնագիտական իրենց փորձառութիւնները եւ համակարգեցին ջանքերը՝ իրենց ներգործութիւնը առաւելագոյնս ընդլայնելու նպատակով։ Հանդիպումը, զոր նախաձեռնած էր ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի կողմէ, զօրակցութիւն ստացաւ զանազան կազմակերպութիւններու կողմէ եւ հիմքը դրաւ այս միասնական աշխատանքային խումբին։
Աշխատանքային խումբը կ՛իրականացնէ մարդկային միջոցներու ամրապնդում եւ համախմբում՝ նպատակ ունենալով հասնիլ հայ համայնքի անմիջական եւ երկարաժամկէտ կարիքներուն, նոյն ատեն աջակցութիւն ցուցաբերելով բոլոր անոնց, որոնք տուժած են հրդեհներէն։ Նախաձեռնութիւններու ազդու քայլերը սահմանելու միջոցով եւ հրատապ օգնութիւն տրամադրելով՝ միութիւնը նպատակ ունի երաշխաւորելու միասնական եւ արդիւնաւէտ մօտեցում մը՝ վերականգնումի գործընթացին։
Կարդացեք նաև
«Միասնութեան ուժին գիտակից՝ հաճելի է տեսնել, որ քանի մը կազմակերպութիւններ ստեղծած են համատեղ կառուցակարգ մը՝ իրենց օգնութեան ջանքերը համակարգելու համար, որպէսզի համայնքին հրատապ կարիքներուն հասնինք։ Բացի ընթացիկ արտակարգ իրավիճակին արձագանգելէն, այս համագործակցութիւնը նպատակ ունի աջակցելու երկարաժամկէտ նախաձեռնութիւններուն, որպէսզի ապագայ աղէտներուն աւելի լաւ պատրաստ ըլլանք», յայտարարեց ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արմէն Յովհաննիսեան։
«ՀԲԸՄը շատոնց հասկցած է ճգնաժամերու ընթացքին միասնութեան ուժին կարեւորութիւնը, գործելով իբրեւ հաւաքական ուժ՝ աջակցելու կարիքաւոր հայ համայնքներուն։ Աշխատանքը մտայնութեամբ համախոհ կազմակերպութիւններու եւ տեղական կառոյցներու հետ համագործակցելով եւ համակարգելով ՝ աւելի լաւ դիրքերու վրայ կը գտնուինք՝ ապահովելու օգնութիւններ, որոնք յոյս կը ներշնչեն, աւելի լաւ արդիւնքներ կ՛ապահովեն եւ վերականգնումը կ՛արագացնեն»,- ըսաւ ՀԲԸՄի Արեւմտեան շրջանի ատենապետ Գէորգ Զօրեան ։
«Հարաւային Քալիֆորնիա աննախադէպ աղէտի մը առջեւ կանգնած է Յունուարի հրդեհներուն պատճառով, որոնք խիստ ազդեցութիւն ունեցան ամերիկահայ համայնքին վրայ։ Համայնքային կազմակերպութիւնները եւ անոնց ղեկավարները նուիրուած են տուժած անձերու կարիքներու գնահատման եւ համակարգուած, ռազմավարական արձագանգի կազմակերպման։ Պիտի աշխատինք միասին ՝ շարունակական կապի մէջ մնալով, որպէսզի աջակցութիւնները արագ եւ արդիւնաւէտ կերպով հասնին կարիքաւորներուն», յայտարարեց Ամերիկայի Հայկական Համագումարի համաատենապետ Թալին Յակոբեան։
«Ամերիկահայ համայնքը տոկունութեան եւ առատաձեռնութեան երկար պատմութիւն ունի։ Մեր միջոցները եւ փորձառութիւնները մէկտեղելով՝ մենք ոչ միայն անմիջական կարիքներուն լուծումներ կը գտնենք, այլ նաեւ կը հաստատենք շարունակական աջակցութեան եւ հզօրացման հիմքերը Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ», – յայտնեց ՍԴՀԿի Արեւմտեան Ամերիկայի ատենապետ Միհրան Խաչատուրեան։
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում: