Արցախի գերեվարուածներուն Պաքուի մէջ սկսուած դատական բեմականացումը անակնկալներ չի խոստանար հետեւողներուն: Ապօրինաբար գերեվարուած, նոյնքան հակաօրինական միջոցներով պահուող, բանտարկութեան դատապարտուածներուն բեմական դատավարութիւնը սկսաւ երէկ փակ դռներու ետին, զինուորական ատեանի առջեւ:
Կեղծուած թուղթեր, շինծու ցուցմունքներ, յօրինուած դրուագներ, սարքովի ինքնախոստովանանքներ կը կազմեն արտադրուած թղթածրարներու բովանդակութիւնը, որոնց հիման վրայ ձեւական դատական արարներէ ետք պիտի տրուին վճիռներ:
Ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւն, ռազմագերիներ, առեւանգուածներ, պահուող անձեր` Ազրպէյճանի յայտարարած թիւերը չեն համապատասխաներ իրականութեան: Նպատակը այս բոլորին ծածկելն է Ազրպէյճանի նախայարձակ ըլլալը, ռազմական յանցագործութիւնները, ցեղային զտում իրականացուցած ըլլալն ու ցեղասպանական արարքներ գործադրած ըլլալու բազմաթիւ փաստերը:
Այս հանգամանքներով ալ կը բացատրուի դատական նիստի զինուորական ատեանի մէջ կայացումը, անոր փակ ըլլալը, ապօրինի ընթացակարգն ու թղթածրարի կեղծ էութիւնը:
Կարդացեք նաև
Այս նենգափոխումը միայն դատավարութեան չի վերաբերիր: Կը վերաբերի մշակութային ժառանգութեան ներկայացման, ոչնչացման, այլափոխման: Պատմութեան նենգափոխման եւ ընդհանրապէս Արցախի հակամարտութեան էութեան առումով ապակողմնորոշման:
Դատավարական նիստերը պարզապէս մէկ օղակն են ընդհանուր այս քաղաքականութեան: Քաղաքականութիւն, որ կ՛ուզէ ընդմիշտ թաղել Արցախի հարցը, փորձելով համոզել, որ Ազրպէյճանի մէջ ապրող հայերը անջատողականներ են, որոնք խախտած են Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ինքնահռչակած են հանրապետութիւն եւ ահաբեկչական գործողութիւններ իրականացնելով ազերիաթափած են Արցախը:
Միջազգային ընտանիքին եւ հանրային կարծիքին համոզիչ դառնալու համար է, որ Արցախի վերջին պատերազմը անոնք որակեցին հակաահաբեկչական գործողութիւններ, իսկ ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը կը դատեն իբրեւ ահաբեկիչներ:
Պատահական չէ, որ այս բոլորին առընթեր եւ պահու ճշդումով Պաքուն կը պահանջէ Երեւանէն դիմել համապատասխան մարմիններ չեղեալ յայտարարելու համար ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը: Թէ՛ դատավարութիւնները, թէ՛ այս դիմումը կը հետապնդեն Արցախի հակամարտութեան էութեան նենգափոխումն ու ընդմիշտ փակումը:
Հասարակական եւ տեղեկատուական հարթութիւններու վրայ հայկական կողմը պիտի աշխատի ներկայ փուլին այս բոլորին ապօրինութիւնը ընդգծելու եւ Ազրպէյճանի հետապնդած նպատակները բացայայտելու ուղղութեամբ:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: