Շուրջ երկու շաբաթէ ի վեր մահացու աւերներ գործող, ցարդ ամբողջովին չզսպուած, վայրագ հրդեհները ծանրագոյն տագնապի եւ անսահման տառապանքի մատնած են Լոս Անճելըսի աշխարհագրական շրջանի ամբողջ բնակչութիւնը։ Համատարած սարսափելի աղէտը, անտարակույս, դժնդակ վնասներու ենթարկած է նաեւ տեղւոյն հայագաղութը։
Մեր սրտագին մաղթանքն է որ կործանարար, աղիտաբեր հրդեհները հնարաւորին չափ շուտ յանգեցուին, որպէսզի չաւելնան զոհերուն եւ ծանրօրէն տուժածներուն արդէն իսկ սահմռկեցուցիչ թիւերը։
Իսկ երբ կասեցուին կատաղի բոցավառութիւնները, սկիզբ պիտի առնէ վերակառուցման, վերականգնումի եւ հոգեբանական ապաքինման երկարատեւ եւ սպառիչ գործընթացը, որ իր կնճռոտ ազդեցութիւնը եւս պիտի բարդէ տեղաբնակ ժողովուրդին, այլապէս ալ, ծանրօրէն խռոված կենցաղին վրայ։
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը, ճգնաժամի հրամայականութեան ընդառաջ, ամբողջական զօրակոչի ենթարկած է աշխարհասփիւռ իր բոլոր շրջանակները, ինչպէս նաեւ իր հովանիին տակ գործող ամէն միաւոր, որպէսզի առաւելագոյն հնարաւոր տարողութեամբ աջակցութիւն ընձեռուի, մասնաւորաբար, օժանդակութեան կարիք ունեցող մեր ազգակիցներուն։
Կարդացեք նաև
Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայագաղութը անփոխարինելի կարեւորագոյն հիմնասիւներէն մին է հայկական սփիւռքի։ Առաջնահերթօրէն անհրաժեշտ է վերահունաւորումն ու վերակերտումը տեղւոյն հայկականութեամբ եռուն կենցաղին։
Աւելի քան վստահ ենք, որ հայ ազգին իւրայատուկ խիզախութեամբ, ժրաջանութեամբ եւ անկոտրում կամքով, առասպելական փիւնիկի նման մոխիրներէն վերածնած, Լոս Անճելըսի շրջանի մեր քույրերն ու եղբայրները, կարճ ժամանակի ընթացքին, պիտի յաջողին ի սպառ թօթափել զարհուրելի այս արհաւիրքին գործած նիւթական, զգացական եւ հոգեբանական բոլոր աւերներուն ծանր կսկիծը, եւ նոյնիսկ նախկինէն աւելի կայտառ ու վճռակամ, պիտի դիմաւորեն քաջարի հայագաղութին վառ ապագան։
ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ