Երկուշաբթի, 20 Յունուար 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, 18 միաբան հայրերէ բաղկացած պատուիրակութեամբ մը, այցելեց նախագահական ապարանք՝ յանուն Լիբանանի հայ առաքելական համայնքին իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնելու Լիբանանի նորընտիր նախագահ զօրավար Ժոզէֆ Աունին: Նորին Սրբութեան ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան եւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի:
Ողջունելով նախագահ Աունի ընտրութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, թէ անոր ընտրութեամբ նոր էջ մը կը բացուի Լիբանանի կեանքին մէջ: «Ընտրութենէն անմիջապէս ետք ձեր արտասանած խօսքը յստակօրէն կը պարզէ ձեր տեսլականն ու յանձնառութիւնը Լիբանանի նկատմամբ. իմաստուն ու քաջ կեցուածք մը, որ յոյս կը ներշնչէ ժողովուրդին», շեշտեց Հայրապետը: Ապա, Արամ Ա. Կաթողիկոս աւելցնելով՝ ըսաւ, թէ «Լիբանանը դիմագրաւող ներկայ տագնապներուն դիմաց նախագահի գործունէութիւնը հարկ է դառնայ Լիբանանի փրկութեան ուղղուած առաքելութիւն»: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանանի հայ համայնքը պատրաստ է գործնապէս մասնակից դառնալու այդ առաքելութեան:
Այս առիթով Նորին Սուրբ Օծութիւնը նախագահին ընդհանուր կերպով ներկայացուց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը՝ ներքին ու թեմական կառոյցներով:
Խօսք առնելով նախագահ Աուն՝ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ հայ համայնքին՝ իր նկատմամբ ցուցաբերած սիրոյն ու բարեմաղթութիւններուն համար: Մեծապէս կարեւոր նկատեց հայ համայնքին մասնակցութիւնը թէ՛ կազմուելիք կառավարութեան եւ թէ՛ Լիբանանի վերականգնումի աշխատանքներուն՝ շեշտելով բոլոր համայնքներուն միասին գործելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի դառնայ Լիբանանը առաջնորդել դէպի բարգաւաճում:
Հանդիպման աւարտին, Նորին Սրբութիւնը Բարձր Բերդի Աւետարանին կրկնօրինակը նուիրեց նախագահ Աունին։ Հանդիպումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը եւ երեսփոխան Բագրատունի առանձին խորհրդակցութիւն մը ունեցան նախագահին հետ՝ կազմութեան ընթացքի մէջ գտնուող նոր կառավարութեան գծով:
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ