Պաքուի մէջ, մօտաւորապէս 16 ամիսներէ կամ 500 օրերէ ի վեր ապօրինի կերպով պահուող հայ քաղաքական բանտարկեալներուն եւ գերիներուն շինծու եւ ցուցադրական դատավարութիւնը սկսաւ այսօր։ Անօրէն դատարանի մը մէջ ընթացք առած այս ներկայացումը հայ գերիներուն մարդկային եւ քաղաքացիական տարրական իրաւունքներուն նկատմամբ անհերքելի ոտնահարում մըն է։
Ատրպէյճան այս կեղծ դատավարութիւնը բեմադրած է՝ իբրեւ «երգ ու պար»ի ներկայացում, իր ստրկացած ժողովուրդը զբաղեցնելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար, յաւելեալ զիջումներ խլելու նպատակով, ի հեճուկս մեր ազգային շահերուն։
Պաքու այս միջոցաւ կը ջանայ վերջնական լուծում մը տալ Արցախի հարցին, մինչ կը շարունակէ Հայաստանին սպառնալ նոր բռնարարքներով եւ յարձակումներով ու յ բոլոր միջոցներով վարկաբեկել Արցախի Հանրապետութիւնը, չէզոքացնել Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը եւ հայութեան ազգային գիտակցութենէն ջնջել արդարութեան ու ազատութեան սկզբունքները։
Կը մերժենք հայութեան նկարագիրը փոխելու եւ արդարութեան հասնելու մեր ջանքերը ոտնահարելու այս փորձերը։
Կարդացեք նաև
Պաքուի մէջ իբրեւ պատանդ պահուողներուն մէջ կան Արցախի Հանրապետութեան օրինական ղեկավարները, որոնք իրենց պարտականութիւններուն գիտակից՝ Ստեփանակերտի մէջ իրենց ժողովուրդին կողքին մնացին՝ ի գին ամէն տեսակի զոհողութիւններու։ Անոնք հաւատարիմ մնացին Արցախին, իսկ այսօր, անոնք նստած են Պաքուի բանտերուն մէջ՝ ճշմարտութիւնը եւ ազատութիւնը պաշտպանելնուն համար։
Ծանօթացիր անոնց անուններուն, հետեւիր անոնց եւ նեցուկ կանգնիր ու ջանք թափէ ազատութեան եւ անկախութեան հասնելու համար։
Կոչ կ՛ընենք աշխարհի կառավարութիւններուն, ներառեալ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Միացեալ Նահանգներու, որ հաշուետուութեան կանչեն Ատրպէյճանը՝ իր պատերազմական ոճիրներուն եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարումներուն համար, որ երաշխաւորեն Պաքուի մէջ պահուող բոլոր հայ քաղաքական բանտարկեալներուն եւ պատանդներուն ազատ արձակումը ու այս առաջնահերթութիւնները մաս դարձնեն իրենց դիւանագիտական քննարկումներուն, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգներ-Հայաստան ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնութեան։
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ