Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ժողովուրդ, մի՜ տրտնջար, քանզի քու հերոսացումդ ծրագրող-իրականացնողներ կան․ «Հայրենիք»

Հունվար 18,2025 09:46

Լսել նյութի աուդիո տարբերակը

Ձայնագրությունը գեներացված է Armenian Text to Speech արհեստական բանականության միջոցով, որն այս պահին գտնվում է թեստավորման փուլում

Երկար ատենէ ի վեր, բայց ահա ամանորի նախօրեակէն սկսեալ, Հայաստանի մէջ ապրուստի սղութեան եւ մասնաւորապէս հարկային նոր «հնարքներու» մարմնաւորուելուն ճամբով, դժգոհութեան եւ բողոքի ալիքները դարձեալ բարձրացած են:

Որքա՞ն արդար են հարկերը, որքա՞ն տեղին են բողոքները՝ կը կարօտին մասնագիտական քննութեան եւ վերլուծումներու. շատ բան կը կատարուի ամէն օր, սակայն ստեղծուած մթնոլորտին մէջ, հասարակ մահկանացուներուն համար շատ դժուար է յստակօրէն դատելն ու կողմորոշուիլը (թէեւ իսկապէս դժուար բան չկայ):

Նախ ընենք կարեւոր հաստատում մը. որեւէ երկրի մէջ, տուրքերու, հարկային դրութիւնը անխուսափելի բան է, կը կազմէ տնտեսութեան ողնասիւնին մէկ քանի «ոսկորը»: Տարբեր երկիրներու մէջ կը կիրարկուին տարբեր ձեւի հարկային-տուրքերու դրութիւններ, տախտակներ, ընդհանրապէս հաշուի կ’առնուին իրողական դասակարգերը (մեծ ու սահմանափակ եկամուտով մարդիկ): Կար ժամանակ, երբ մեծ եկանուտ ունեցողներ համեմատաբար աւելի տուրք կը վճարէին, հիմա, երբ «շուկայական» եւ գլխագիր դրամատիրութեան դարաշրջանը ինքզինք կը պարտադրէ, հոն ալ շատ բան գլխիվայր շրջուած է:

***

Աշխարհը ձգենք իր տարբեր դրութիւններուն եւ անոնցմէ բխող հին-նոր տագնապներուն (տնտեսական եւ ընկերային), վերադառնանք Հայաստան եւ փորձենք աչքի առջեւ ունենալ քանի մը աղաղակող իրականութիւն, որոնք անվիճելի են, հետեւանք՝ իշխանաւորներու նոյնպէս անվիճելի ապիկարութեան, եւ այդ իրականութիւնները չտեսնելն ու «ընտրեալներուն» պաշտպանողականին կառչիլը կը յիշեցնէ ծակ-փաստաբան խօսքը:

Պետական պարտքը կտրած է քանի մը կարմիր գիծ (հապա՞, կարմիր գիծերն ալ թիւեր ունին…). յառաջիկայ ամիսները կը խոստանան աւելի եւս ուռեցնել-ծանրացնել պարտքերու տոպրակը: Պետութեան մը կարեւոր յենասիւներէն մէկը՝ տնտեսական բարօրութիւնն է, որ սակայն արագավազ նահանջի մէջ է մեր հայրենիքին մէջ, որքան ալ լաւատեսական ըլլան իշխանաւորներուն քարոզները: Չոր իրականութիւնները անժխտելի, անհերքելի են:

Ասոր դիմաց, բազմաթիւ ոլորտներու մէջ պետութեան-երկրին եկամուտները նահանջի մէջ են (առեւտուր, երկրագործութիւն, արտադրողականութիւն եւ այլն): Ասոնք ալ ապացուցուած են փաստերով, ներառեալ պաշտօնական տեղեկագիրներով եւ վիճակագրութիւններով: Ուրե՞մն…

Իշխանութեան պարտականութիւնն է պիւտճէ հաւասարակշռել, ու «երբ չի մնում ելք ու ճար…» (հազար ներողութիւն Պարոյր Սեւակին), իշխանաւորներուն կը մնայ հնարքներու դիմել: Եւ ահա, ամէնէն դիւրին ձեւը՝ ժողովուրդին, աշխատողին տուրքերն եւ հարկերը բարձրացնելն է: Ոսկերիչները կը գանգատին, կալուածատէրերը կը գանգատին, տարբեր մարզերու մէջ աշխատողները կը գանգատին, փոխադրամիջոցներէն օգտուողներ կը գանգատին, փաստաբաններ կը գանգատին, այլ երկիրներ գտնուող հարազատներէ օժանդակութիւն ստացողները կը գանգատին, ու շարքը երկար է, կը տարածուի գրեթէ ամբողջ ժողովուրդին վրայ: Չգանգատողներ ալ կան. անոնք՝ որոնք մտած են իշխանութեան վարչամեքենային մէջ եւ կը խնկարկեն իշխանապետին ու մանկլաւիկներուն (մինչեւ այդ օղակէն դուրս իյնան եւ մէկ օրէն միւսը դառնան քննադատներ, խաղքութիւններ բացայայտողներ…): Դժգոհութեան, գանգատներու պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ աշխատողներուն՝ մեծամասնութիւն կազմող զանգուածներուն եկամուտները վերածուած են ուղտի պոչի, չեն երկարիր (կենսաբանները կրնան ըսել, թէ իշուն կամ ձիուն պոչը որքա՞ն արագ կ’երկարի, սակայն ամէն մարդ գիտէ, որ սուտին պոչը չի կրնար շատ երկարիլ…):

***

Գանգատողները իրաւունք ունի՞ն:

Ո՛չ, կը պատասխանեն իշխանապետն ու իր մատներուն շարժումներուն ենթարկուող պաշտօնեաները՝ նախարար եւ այլ: «Եթէ աղքատ էք, ուրեմն ծոյլ էք», կը մեղադրէ ՔՊ-ապետը, «պէտք է վերավարկաւորուիք», կը յորդորէ գործազուրկերուն եւ վաստակաւոր ուսուցիչներուն, որոնցմէ մաս մը գործէ արձակուած է, որովհետեւ չ’ուզեր ենթակայ մնալ իրողական բռնատէրին ու իր կարգադրութիւններուն:

Հարցը հոն է, որ բողոքի այս ալիքը հրապարակ եկած է այն ատեն, երբ իշխանութիւնը սկսած է իր դանակը հասցնել մարդոց մորթին ու ոսկորին, ինչպէս սովոր են ըսելու՝ «ժողովուրդին գրպանը կը մտնէ»: Այլ ալիքներ կարծէք թէ նոյնքան համատարած բւ աւցնող չէին…

Բա՜յց… ո՛չ ոք իրաւունք ունի գանգատելու կամ բողոքելու: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ նախ՝ նոյն այս ջողովուրդէն զանգուած մըն էր որ այս մարդցո տուաւ «մանտաթ», յետոյ, իշխանապետը ոգի ի բռին լծուած է վսեմ առաքելութեան մը. ան կ’աշխատի իւրաքանչիւր քաղաքացիէ… հերոս մը սարքել: Չէ՞ որ քանիցս յայտարարեց, թէ Հայաստանի մէջ հերոսները տուրք վճառողներն են…:

Ուրեմն, ժողովուրդ, մի՜ տրտնջար, քանզի քու հերոսացումդ ծրագրող-իրականացնողներ կան:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031