Քալիֆորնիոյ հրդեհներուն պատճառած վնասներուն դարմանումը համահայկական ճիգերու կը կարօտի։ Այդ մէկը իւրաքանչիւրիս պարտաւորութիւնն է, որպէսզի հրդեհներէն մեծ վնասներ կրած մեր հայրենակիցները կարենան իրենց կորուստին ցաւը եւ ժխտական հետեւանքները յաղթահարել ու լծուիլ վերաշինութեան աշխատանքին։
Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը ամբողջական զօրակոչ կը յայտարարէ իր բոլոր միաւորներուն եւ անդամներուն՝ կոչ ուղղելով, որ բոլորը մասնակցին Լոս Անճելըսի մեր գաղութին աղէտահար շրջաններուն բնակիչ հայորդիներուն օժանդակութեան ճիգերուն։
Կեդրոնական վարչութիւնը խորապէս կը հաւատայ, որ միայն հաւաքական ճիգերով կարելի կ՛ըլլայ այսպիսի աղէտի մը դէմ դնել եւ յաղթահարել բազմաբնոյթ դժուարութիւնները։
Օգնութեան Միութիւնը նաեւ իր բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս կը դնէ քալիֆորնիահայ գաղութին՝ հոգեբանական եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակներէն մինչեւ օժանդակութիւններու զանազան աղբիւրները։
Կարդացեք նաև
Հոս տեղին է յատուկ կերպով շեշտել Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին վերաշինութեան օժանդակութեան կարեւորութիւնը:
Համոզուած ենք, որ անխոնջ աշխատանքով պիտի յաղթահարենք դժուար հանգրուանները եւ Լոս Անճելըսի հայ գաղութի աղէտահար աւաններուն եւ քաղաքներուն բնակչութիւնը պիտի վերագտնէ իր նախկին ներուժը եւ օրինակելի կեցուածքներով պիտի վերակազմակերպէ իր շարքերը։
Աղէտահար շրջաններու օժանդակութիւն հասցնելու նպատակով կազմակերպուած է նուիրահաւաք մը, որուն մասնակցելու համար այցելել`ՀՕՄի հետեւեալ կայքէջը։
ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹՅՈՒՆ