ԻՆՉՊԷ՞Ս ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ ՎԵՐԱԿԵՆՍԱՒՈՐԵԼ ԱՒԱՆԴՈՅԹՆԵՐԸ
«Գանձասար». Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2025-ը հռչակեց աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի։
Ի՞նչ կը նշանակէ վերակենսաւորում։ Երբ բառարաններուն դառնանք, վերակենսաւորել բառին իմաստը բացատրուած կը տեսնենք հետեւեալ ձեւով՝ կեանք հաղորդել, կենդանացնել, աշխուժացնել։
Իրողապէս անհրաժեշտ է վերակենդանացնել հայկական ազգային, մշակութային եւ եկեղեցական աւանդութիւնները, որպէսզի անոնք նոր ձեւերով հաղորդուին նորահաս սերունդին ու ժամանակակից շունչով մը վերաշխուժանան։
Դժբախտաբար շատ մը երիտասարդներու մօտ աւանդութիւն բառը հին շղարշի մը տպաւորութիւնը կը թողու, անոնք կ’ենթադրեն, որ պէտք է ձերբազատիլ հինէն եւ նորը ստեղծել՝ իրենց կեանքի կշռոյթին հետ հաղորդ նորը։
Կարդացեք նաև
Երիտասարդութեան այս ձգտումը բնական է, սակայն աւանդութիւնը վերակենդանացնելով կը նորոգուի, ոչ թէ անկէ բոլորովին ձերբազատելով եւ օտարինը սեփականացնելով։
Օտար ազգերու աւանդութիւններուն հաղորդ ըլլալը դրական երեւոյթ է բնականաբար, հայկականը ուրանալն է այպանելին։
Այո՛ այպանելի, որովհետեւ աւանդութիւնը պատմութեան, կենսափորձի, մշակոյթի, ստեղծագործութեան, ազգային ինքնուրոյն դիմագիծի արտայայտութիւն է, որ արմատներով սերտօրէն աղերսուած է մեր ազգին ու հայրենիքին գոյութեան ու զարգացման հետ, հետեւաբար ալ աւանդութիւններու պահպանումը այդ կապին ու ինքնութեան պահպանումը կը շեշտէ առաւելաբար։
Իսկ կարելի՞ է վերակենդանացնել աւանդութիւնը նոր ոճով կենսաւորելով զայն ու պահպանելով անոր էութիւնը։ Բնականաբար կարելի է, այլեւ՝ հրամայական, որպէսզի մեր աւանդութիւնները կրողները յաջողին զանոնք փոխանցել նոր սերունդին ու մղել զանոնք՝ թափանցելու անոր խորքը, ըմբռնելու անոր ծագման պայմաններն ու իմաստը եւ շարունակելու անոր կիրարկումը նոր ոճով։
Ներկայ աշխարհին մէջ գոյատեւելու համար կարեւոր են ազգային իւրայատկութիւններու պահպանման ճիգերը, որովհետեւ անոնցմով կը յատկանշուի մեր ազգը, անոնցմով հարուստ է մեր մշակոյթը, որ մեր ապրելու ոճն է, ինքութեան մեր երանգն է։ Երանգ մը, որ կարեւոր տեղ կը գրաւէ ազգերու համընդհանուր երանգապնակին մէջ եւ մերը պահելով ու վերակենդանացնելով հարստացուցած կ’ըլլանք նաեւ այդ երանգապնակը։
Ցաւօք մեզմէ շատեր կը կարծեն, թէ օտարինը իւրացնելով միայն կրնան դառնալ ընդունելի կամ ժամանակակից։ Ազգային աւանդութիւններու վերակենդանացումը, անոնց նոր կեանք հաղորդելը միայն յարգանքի արժանի կը դարձնեն ազգ մը, որովհետեւ անոր զաւակները կապկելու փոխարէն կ’արարեն, ընդօրինակելու փոխարէն կը ստեղծեն, զանոնք մոռնալով մշակութային սնանկութեան մատնուելու փոխարէն մշակոյթներ կը հարստացնեն։
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: