Օրերս Պէյրութի մէջ ցնցող սպանութիւն մը պատահած է, որուն զոհը մեր հայրենակից Վաչէ Արսլանեանն է։ Եղածին մասին «Արևելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրներէն։
Կը նշուի, որ երկօրեայ բացակայութիւնէ ետք իրաւապահ մարմինները միջոցներ ձեռնարկելով մուտք գործած են Արսլանեանի բնակարանը ու յայտնաբերած անոր դին։
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը պակսին եղածին վերաբերեալ, կը նշուի միայն, որ գործարար Արսլանեան կը բնակէր Պէյրութի «Ժահթաուի» շրջանի իր սեփականութիւնը հանդիսացող բնակարանին մէջ։ Կը նշուի նաեւ, որ վերջինիս ընտանիքը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ եւ ան վերջին տարիներուն յաճախ այցելած է ԱՄՆ, իսկ Պէյրութ շարունակել ապրելու պատճառը վերջինիս աշխատանքն է։
Արսլանեան, որ յարգուած մէկ անդամն է Պէյրութի Էշրէֆիէ շրջանի հայութեան երկար ատենով ծառայած է հանդիսանալով Սուրբ Յակոբ Առաքելական Եկեղեցւոյ գործունեայ վարչական-թաղականներէն մին։
Կարդացեք նաև
Նյութն ամբողջությամբ՝ սկզբնաղբյուր կայքում: