Մտահոգութեամբ կը հետեւինք Լոս Անճելըսի զանազան շրջաններու մէջ սոսկալի հրդեհներուն պատճառած ահաւոր վնասներուն եւ հայահոծ քաղաքներու ներկայ կացութեան:
Աստիճանաբար ի յայտ կու գան, թէ հրդեհներուն պատճառած աւերները որքան աննկարագրելի են. անոնք հիմնայատակ կործանեցին Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ հայ քրիստոնեայ ամէնօրեայ վարժարանը, հրոյ ճարակ դարձուցին հսկայ տարածքներ, վտանգեցին հազարաւոր մարդոց կեանքերը, կործանեցին հազարաւոր բնակարաններ, դպրոցներ եւ գործարաններ:
Դժբախտաբար, բազմաթիւ հայեր հրդեհներուն պատճառով կորսնցուցին իրենց բնակարանները եւ ստիպուած ապաստան գտան համեմատաբար ապահով շրջաններ:
Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան մօտէն կը հետեւի Լոս Անճելըսի աղէտին պատճառած վնասներուն եւ հայահոծ շրջաններու համայնքներու իրավիճակին: Սրբազանը Փասատինայի Սահակ-Մեսրոպ ամէնօրեայ վարժարանի կործանման դժբախտ պատահարէն ետք, անմիջապէս կապ հաստատեց դպրոցի խնամակալութեան հետ, եւ շնորհիւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան տրամադրած Փասատինայի նախկին դպրոցին, այժմ անհրաժեշտ նախապատրաստական աշխատանքները կը տարուին նշեալ շէնքին մէջ դիմաւորելու հրկիզուած վարժարանի սիրեցեալ մեր աշակերտները:
Կարդացեք նաև
Սրբազանը մնայուն կապի մէջ է աղէտի շրջաններու ծխական համայնքներու հովիւներու հետ, յատկապէս Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Սարգիս Ա. քհնյ. Փեթոյեանի եւ Փըսիֆիք Փելիսէյտզի ու Մալիպուի շրջանի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հովիւ Յարութիւն քհնյ. Թաշճեանի հետ: Քահանայ հայրերը գոհունակութեամբ յայտնեցին, որ առ այսօր, մարդկային վնասներ չկան, սակայն, համայնքի զաւակներէն շատեր իրենց բնակարանները կորսնցուցած են եւ այժմ իջեւանած՝ հիւրանոցներու մէջ կամ հարազատներու մօտ:
Հոգեւորականները եւ ծխական խորհուրդները աջակցութեան ձեռք կը մեկնեն եւ ըստ կարելւոյն ամէն ճիգ կը թափեն օգնութեան հասնելու համար համայնքի զաւակներուն, ձեռնարկելով աջակցութեան զանազան միջոցներ:
Բնութեան այս աղէտին եւ նիւթական վնասներուն համար առաջնորդը աղօթակից ու ցաւակից է մեր ժողովուրդի զաւակներուն, եւ Արեւմտեան թեմին անունով իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ բոլորին, հայրաբար աղօթելով բոլորին ապահովութեան եւ պահպանութեան համար: Սրբազանը բարձր կը գնահատէ բոլորի անվերապահ ճիգերը եւ մարդասիրական օգնութեան նախաձեռնութիւնները: Յառաջիկային յաւելեալ տեղեկութիւններու իրազեկ պիտի պահենք հայ հանրութիւնը։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Թարգմանությունը՝ «Ասպարեզ»-ի