Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ամէնէն ուժեղ հնչող հարցումը այն է, որ աշխարհի ամէնէն հարուստ եւ յառաջադէմ այս երկիրը ինչո՞ւ պէտք է անճարակութիւն ցուցաբերէ նման աղէտներու դիմաց. «Հայրենիք»

Հունվար 13,2025 10:31

Լսել նյութի աուդիո տարբերակը

Ձայնագրությունը գեներացված է Armenian Text to Speech արհեստական բանականության միջոցով, որն այս պահին գտնվում է թեստավորման փուլում

Աշխարհի լրատուական ցանցերու մէջ, քանի մը օրէ ի վեր առաջնակարգ տեղ գրաւող՝ Լոս Անճելըսի հրդեհները, ահաւոր ողբերգութեան տարբեր երեսները ցուցահանելու կողքին, ի յայտ բերին նաեւ ոգեշնչող ու դառնութիւն պատճառղ հակոտնեայ պատկերներ:

Նման տարողութեամբ աղէտին մէջ, ի՞նչ ոգեշնչող բան կայ, պիտի հարցնէ մտահոգ ընթերցողս: Արձանագրեմ մէկ քանին:

Աղէտահարները՝ բնակարան եւ ստացուածք կորսնցնող բնակիչները անմիջապէս զգացին, որ իրենց բաժին ինկած ողբերգութեան մէջ առանձին չեն: Բարեկամներ ու հարազատներ իրենց տուներուն դուռները լայն բացին աղէտեալներու առջեւ, նմանապէս՝ եկեղեցիներ, ակումբներ եւ համայնքային-քաղաքացիական-քաղաքային այլ կեդրոններ: Անոնց շարքին են հայկական ակումբներ, եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ այլ հաստատութիւններ: Խօսքը չիՊետական նպաստներու խոստումները շարան կազմած են, սակայն յայտնապէս գործնական բաժինը դանդաղում կ’ապրի:

Ամէնէն ուժեղ հնչող հարցումը այն է, որ աշխարհի ամէնէն հարուստ եւ արհեստագիտական գետնի վրայ յառաջադէմ այս երկիրը ինչո՞ւ պէտք է որոշակի անճարակութիւն ցուցաբերէ նման աղէտներու դիմաց:

Քալիֆորնիան, մասնաւորապէս անոր հարաւային գօտին, կարգ մը այլ նահանգներու պէս, ծանօթ է իբրեւ հրդեհներու գօտի: Վերջին աղէտէն հազիւ երկու շաբաթ առաջ, աւելի սահմանափակ տարածքով եւ աւելի մեղմ հետեւանքներով հրդեհներ պատուհասեցին Մալիպուն: Նախընթաց տարիներուն, նման հրդեհներ «սովորական» են: Այս բոլորը որոշ փորձառութիւն բերած են (պէտք է ըլլան) պետական իշխանութիւններուն եւ անոնց հովանիին տակ գործող սպասարկութիւններուն: Եւ ահա, կը տեղեկանանք, որ կարգ մը շրջաններու մէջ ջրմուղները չեն բանած սպասուածին պէս: Կը տրուին հազար ու մէկ պատճառաբանութիւն, սակայն անոնց շարքին չենք լսեր, թէ անհաճոյ անակնկալին դիմաց, ո՞վ եւ ինչպիսի՞ ԿՏՐՈՒԿ եւ արագ հակամիջոցներու դիմած է: Պատճառաբանութիւններէն մէկը այն է, որ ելեկտրականութեան հոսանքի խզումը պատճառ դարձած է դէպի բարձր բնակավայրեր ջուրի մղումին կասցման, սակայն չի բացատրուիր, թէ ինչո՞ւ այլընտրանքի նախատեսութիւն ջէ եղած: Աղբիւր մը հաղորդեց, որ բարձրադիր ջրամբարներ կ’օգտագործուին… բնակարանէ զրկուած՝ անապաստաններու կողմէ (սա արդէն ողբերգական այլ հատոր մը կը կազմէ):

Հոս բանանաք լա՜յն փակագիծ մը եւ աչքի առջեւ բերենք յարակից տագնապ մը, որ անմիջականօրէն ի յայտ չեկաւ այս հրդեհներուն առիթով, այլ մշտական ՀԱՐՑ մըն է այս երկրամասին համար: Քալիֆորնիան, ինչպէս ամերիկեան այլ նահանգներ, կը գտնուի աշխարհի ամէնէն մեծ ովկիանոսին ափին, ունի երկա՜ր ծովափ: Ի հակադրութիւն նահանգի հիւսիսային գօտիին, հարաւային շրջանը ջուրի մեծ աղբիւներ չունի: Տասնամեակներ առաջ, հեռատես եւ ՄՏԱԾԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂ մարդիկ դարմանումի միջոցներ փնտռած են եւ գտած. հեռաւոր լիճերէ եւ գետերէ, ջրատար խողովակներով եւ արհեստական ջրանցքներով՝ ջուր հասցուցած են Լոս Անճելըսի շրջանը: Մինչեւ իսկ օվկիանոսի ջուրը օգտագործելի դարձնող՝ աղազերծող «հնոցներ» (desalination plants) կառուցուած են ծովափին: Ատեն մը ետք, նման ջրատարներ սկսած են աչքաթող ըլլալ, ջրազտումի կեդրոններ փակուած են, իսկ վերջին տարիներուն, նման ծրագիրներու իրականցման պահանջներ իրենց դէմ գտած են… բնապահպաններ: Հոս տեղը չէ մտնելու այն բանավէճին մէջ, թէ նման զտարաններ իսկապէս ի՞նչ վնաս կը պատճառեն, որքա՞ն ճիշդ են նման առարկութիւններ, այլ կը բաւականանանք շեշտելով, որ նման կացութիւններու դիմաց կանգնած այլ երկիրներ շատո՜նց լուծած են ջուրի, նա՛եւ ըմպելի ջուրի տագնապը: Քալիֆորնիոյ մէջ նման զտարաններու փակման եւ նորերու խափանման հետեւանքը ի՞նչ է եղած. ՋՈՒՐԻ ՏԱԳՆԱՊ: Միւս երեսն ալ, ներկայի ջրամատակարարման աղբիւրներուն չարաշահումն է մենաշնորհեալներուն կողմէ (եւ յայտնապէս հոն է թաղուած մեծ շան գլուխը, քանի՜-քանի շան գլուխներ…): Փակենք փակագիծը:

Դառնութիւն եւ զայրոյթ պատճառող այլ իրականութիւն մըն է ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՀԶՕՐ ԵՒ ԿԱՐՈՂԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՎ ՕԺՏՈՒԱԾ ԹԵՒԵՐՈՒՆ բացակայութիւնը՝ աղէտին դիմագրաւման եւ հետեւանքերուն դարմանումի ճիգերուն մէջ: «Ազգային Պահակագունդ»էն փաղանգներու աղէտի գօտի հասցնելը միայն կիսամիջոց է: Եւ հոս է որ կը շեշտուի պետութենէն սպասուող գործօն միջամտութեան առ նուազն դանդաղումը, պետութիւն մը՝ որ, ինչպէս նշեցինք՝ ունի ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԻՋՈՑՆԵՐ, որոնք սակայն կը մսխուին այլապէս վնասարար նախաձեռնութիւններու մէջ, իսկ երբ երկրին ժողովուրդը ահաւասիկ անմիջական կարիքներ ունի՝ կը դրուի սպասողի նստարանին (յուսալով որ հրդեհ մըն ալ այդ նստարանը չփճացնէ):

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» շաբաթաթերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031