Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, 12 Յունուար 2025-ի կիրակնօրեայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի ընթացքին, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան ընթերցեց 2025 տարուան Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրը՝ նուիրուած «Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման»։
Ներկայ ժամանակներու հրամայականները ի միտի ունենալով, Հայրապետը իր այս հռչակագիրով դիտել կու տայ, որ աւանդութիւնը սերտօրէն առնչուած կ՚ըլլայ տուեալ ազգի մը կեանքին ու հոլովոյթին հետ եւ վճռական դերակատարութիւն կ՚ունենայ անոր ինքնութեան երաշխաւորման. առ այդ, աւանդութիւններու պահպանման նախանձախնդիր ըլլալը էական է ինքնաճանաչման, ինքնագոյութեան ու ինքնարտայայտման ամրապնդման ու զարգացման համար։
Նորին Սրբութիւնը սահմանելով աւանդութեան քրիստոնէական ըմբռնումը՝ կ՚ընդգծէ ու կ՚ըսէ, որ անոր հիմքը Աստուածաշունչին ու քրիստոնէական հաւատքի էութեան մէջ է։ Հայ ազգը իր արմատները խրած է քրիստոնէական արժէքներուն մէջ, ուստի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետէն սկսեալ մինչեւ այսօր, մեր աւանդութիւնները, ըլլան անոնք կրօնական, մշակութային, ազգային թէ՛ ընկերային, թրծուած են աստուածաշնչական ուսուցումներով ու արժէքներով»։
Հռչակագիրը ապա կը բացատրէ եկեղեցւոյ կենդանի Աւանդութիւն սահմանունը, որ գլխագիր Աւանդութիւնն է եւ անոր շուրջ կազմուած է Քրիստոսէն մեզի հասած վկայութիւններն ու ուսուցումները։ Բաղդատելով այս մէկը ոչ-գլխագիր աւանդութիւններու հետ, հռչակագիրին մէջ Հայրապետը կը գրէ. «Աւանդութեան պարագային, եկեղեցին զայն կը նկատէ էական ու անփոփոխելի, որովհետեւ անոր մաս կը կազմեն Աստուածաշունչը, դաւանական ու աստուածաբանական հիմնական սկզբունքներ, Հայրապետական կոնդակներ, հոգեւոր ու բարոյական ուսուցումներ՝ այլ խօսքով, եկեղեցւոյ հիմքը կազմող տարրեր: [պարզ] Աւանդութիւններու պարագային, անոնք ժամանակի ընթացքին եկեղեցիներու կողմէ հաստատուած են, ընդհանրապէս տեղական նկարագիր ունին եւ կրնան փոփոխութեան ենթարկուիլ»։ Շարունակելով՝ ան կը նկատէ, որ աւանդութիւնները անմիջական աղերս ունին մարդկային կեանքի հոլովոյթին ու միջավայրին հետ եւ բնականաբար ատակ են շրջապատի ազդեցութեան ու փոփոխութեան, սակայն «նաեւ կապուած են եկեղեցւոյ կեանքին առանցքը կազմող ծէսին: Ծէսին ու աւանդութեան միախառնումը մէկ կողմէ՝ աւանդութիւնները պահած են անվթար, միւս կողմէն՝ աւանդութիւնները տուեալ ծէսին իւրայատկութիւնը պահած են ամուր»։
Կարդացեք նաև
«Մնայուն տեղաշարժի ենթակայ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս նաեւ յստակօրէն կը տեսնենք մեր աւանդութիւններուն մէկ մասին կորուստը կամ գունաթափումը եւ նոր աւանդութիւններու յառաջացումը: Իսկ այսօր նաեւ ականատես կը դառնանք նոյն աւանդութիւններուն տարբեր արտայայտութիւններու, Միջին Արեւելքէն եւ արեւմտեան գաղութներէն ներս, որպէս հետեւանք միջավայրի ազդեցութեան: Նշեալ երեւոյթները մեզ պէտք է մղեն մէկ կողմէն՝ վերաշեշտելու աւանդութեան ներկայացուցած անփոխարինելի կարեւորութիւնը, եւ միւս կողմէն՝ անհրաժեշտութեան պարագային, անցեալէն ժառանգուած աւանդութիւնները վերատեսութեան ու բարեփոխութեան ենթարկելու հրամայականը», կը բացատրէ Նորին Սուրբ Օծութիւնը հռչակագիրին մէջ եւ կ՚անցնի հայ կեանքին մէջ աւանդութեան առանցքային կարեւորութեան վերաշետշման գծով իր թելադրանքներուն։ Այստեղ Արամ Ա. Կաթողիկոս կ՚ընդգծէ աւանդութիւնները ներկայ ժամանակներուն համահունչ դարձնելու հրամայականը. «երբեմն սխալ ըմբռնում կը նկատենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մօտ, աւանդութիւնը համարելով պարզապէս անցեալ, հնամաշ, անհրապոյր, անիմաստ եւ ներկայ ժամանակներուն անյարիր: Մերժելի է նման մտայնութիւն ու մօտեցում: Ժողովուրդ մը իր աւանդութիւններով կ’ապրի ու կը գոյատեւէ պատմութեան մէջ, իր աւանդութիւններով ինքզինք կ’ըլլայ ու ինքզինք կ’արտայայտէ միջավայրի մը մէջ»։ Հայոց Հայրապետը այս ուղղութեամբ կը շեշտէ, որ հարկ է ըլլալ աւանդապահ, սակայն՝ ո՛չ աւանդամոլ, հաւատարիմ աւանդութիւններուն նկատմամբ, սակայն զանոնք չվերածելով անփոփոխելի ու անհպելի երեւոյթի։
Վերջապէս, հռչակագիրի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը ամփոփ կերպով կը ներկայացնէ աւանդութիւնները վերակենսաւորելու համար առնուելիք անհրաժեշտ քայլերը։
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ