Vatican News – 2025 թուականին կը նշուի, Սպանիոյ մէջ գնչուներու ներկայութեան 600 ամեակը։ Այս կապակցութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամ մը ուղղեց, որուն մէջ բարձր գնահատեց գնչուներու հասարակութեան արժէքները, քաջալերելով զանոնք յոյսով դիմագրաւելու ապագան։
Ակնարկելով գնչուներու պատմութեան, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ անոնց պատմութիւնը յատկանշուած է անհասկացողութիւններով եւ մերժումներով սակայն նաեւ մօտիկութեան պահերով Աստուծոյ հանդէպ զոր քալեց անոնց հետ դժուարութիւններու միջոցաւ։
Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատեց նաեւ գնչուներու ինքնութեան նկատմամբ ներառումն ու յարգանքը խթանելու վերջին ջանքերը, ընդգծելով շարունակական մարտահրաւէրները, ինչպէս ընտանեկան դժուարութիւնները, կրթութեան հասանելիութիւնը եւ խտրականութիւնները։
Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Սուրբ Պօղոս Զ-ի ուղերձը, որուն մէջ շեշտուած է որ գնչուները կը գտնուին եկեղեցւոյ սիրտին մէջ ու Աստուծոյ զաւակներն են ու հրաւիրեց շարունակելու աշխատիլ միասին՝ եպիսկոպոսներու եւ տեղական համայնքներուն հետ՝ խթանելու համար գնչուներուն հաւատքն ու արժէքները՝ ինչպէս ընտանիքը, ուրախութիւնը եւ արարչագործութեան հանդէպ յարգանքը։
Կարդացեք նաև
Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ յորդորեց ձեւաւորել միսիոնար առաքեալներուն հասարակութիւն մը, նպատակ ունենալով յոյս եւ ուրախութիւն բերել բոլոր անոնց, որոնք կորսնցուցած են իրենց հաւատքը եւ բաց պահել եկեղեցւոյ դռները բոլոր անոնց առջեւ, որոնք հեռացած են։
Ֆրանչիսկոս Պապ ուղերձը եզրափակեց հրաւիրելով հետեւելու երանելի Էմիլիա Ֆէրնանտեզ Ռոտրիկէզի եւ Երանելի Չէֆէրինօ Ճիմենզ Մալլայի, որոնք վկայեցին իրենց հաւատքի մասին՝ սիրոյ եւ քաջութեան ժեսթերով։ Հայցելով Տիրոջ օրհնութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց խնդրելով, որ մէկը մէկ միւսին համար աղօթեն, խրախուսելով շարունակելու ուղեւորութիւնը՝ Աստուծոյ քնքշութիւնը տարածելու։
Վազգէն Աբարդեան