Ինչպէս ծանօթ է, 9 Յունուար 2025-ին, Լիբանանի Հանրապետութեան Խորհրդարանը նախագահ ընտրեց լիբանանեան բանակի հրամանատար Ժոզէֆ Աունը:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորական նամակ մը յղեց նորընտիր նախագահին՝ ողջունելով անոր ընտրութիւնը եւ ընդգծելով, որ այս ընտրութեամբ նոր էջ մը կը բացուի Լիբանանի ժամանակակից պատմութեան մէջ:
Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, որ վերջին տարիներու Լիբանանի դիմագրաւած տագնապներէն ետք նախագահ Աունի ընտրութեամբ վերականգնումի ու վերածաղկումի նոր գործընթաց մը պիտի սկսի ընկերութեան կեանքի զանազան մարզերէն ներս:
Միաժամանակ, Վեհափառ Հայրապետը վստահեցուց նախագահը, որ Լիբանանի հայ առաքելական համայնքը կը մնայ անոր կողքին՝ զօրակից ու մասնակից Լիբանանի վերականգնումին նպաստող բոլոր աշխատանքներուն:
Կարդացեք նաև
Հայրապետը նաեւ յայտնեց, որ մօտ ապագային պիտի այցելէ նախագահական պալատ՝ անձնապէս փոխանցելու իր շնորհաւորութիւնները: