Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Նման «լուռ» թերացումներ, մասնաւորաբար քաղաքական չարաշահում՝ ո՛չ մէկ արդարացում ունին, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու, ո՛չ ալ աշխարհի որեւէ այլ երկրի մէջ․ «Հայրենիք»

Հունվար 11,2025 10:23

Լսել նյութի աուդիո տարբերակը

Ձայնագրությունը գեներացված է Armenian Text to Speech արհեստական բանականության միջոցով, որն այս պահին գտնվում է թեստավորման փուլում

Երեք օրէ ի վեր, Լոս Անճելըսը օղակող բազմաթիւ քաղաքներ եւ բարձունքներ հրոյ ճարակ են, հրշէջներու անդուլ աշխատանքը շատ սահմանափակ արդիւնք տուած է. ուժեղ քանիին Հինգշաբթիի որոշ մեղմացումը պահ մը յոյս բերաւ, որ յաղթահարումը պիտի դիւրանայ, սակայն իրողական պատկերը փայլուն չէ: Աւելին, օդերեւութաբանական սպասարկութիւնը «կ’աւետէ», որ յառաջիկայ օրերուն, դարձեալ ուժեղ քամիներու «եղանակ» մը պէտք է սպասել եւ ըստ այնմ զրահաւորուիլ:

Եկէ՛ք, պահ մը ողբերգութենէն եւ քաղաքական ձաբռտուքներէն անդի՛ն նայինք եւ հարց տանք, թէ արդեօք հրդեհները աւելի արագ եւ ազդու կերպով սանձելու միջոցներ կա՞ն: Ինչ որ կը հաղորդուի պաշտօնատարներու եւ լրատու աղբիւրներու կողմէ, այն է, որ բազմահազար հրշէջներ, նաեւ՝ դրացի նահանգներէ, տիւ եւ գիշեր կը պայքարին կիզող պատուհասին դէմ, կ’օգտագործուին օդանաւեր, ուղղաթիռներ եւ հրշէջ սարքեր: Կամաւորներ ալ իրենց ձեռքերը միացուցած են պայքարին: Շա՛տ բարի: Եւ անկասկած, որ իրենց կեանքը վտանգի տակ դնողները բացայայտօրէն կ’աշխատին անթերի կերպով, որքան որ կարելի է մարդկօրէն:

Եւ ահա հո՛ս է որ կը ծագի հարց մը, որուն մասին որեւէ լուր կամ տեղեկութիւն չենք ստանար: Այդ ալ, ԲԱՆԱԿԻ ԵՒ ԱՆՈՐ ՍԱՐՔԵՐՈՒՆ ՕԳՏԱԳՈՐԾՄԱՆ կարելիութիւնն է (եթէ մեզմէ վրիպած տեղեկութիւն կայ, պէտք է մեր ըսելիքը մասամբ ետ քաշել…):

Հրդեհի երրորդ օրուան երեկոյեան, հաղորդուեցաւ, որ «դաշնակցային որոշ միջոցներ» տրամադրուած են Քալիֆորնիոյ: Այդ ալ ընդունինք «շատ բարի» ըսելով, սակայն հարցումը կը մնայ. պետութիւնը ինչո՞ւ գործի չի լծեր բանակայիններ եւ բանակի սարքերը, սկսելով ջրատար բեռնատարներէ՝ մինչեւ հսկայական օդանաւեր եւ այլ զինուորական փոխադրամիջոցներ, որոնց իբրեւ հրշէջ մեքենայ վերափոխումը այդքան ալ դժուար բան պէտք չէ ըլլայ:

Բանակը արդեօք չի՞ կրնար ՔԱՆԻ ՄԸ ՀԱԶԱՐ ԶԻՆՈՒՈՐՈՎ մասնակցութիւն բերել այս մարդկային-մարդասիրական գործին, թէ՞ անիկա սահմանուած է միայն… այլ երկիրներ թափանցելու եւ կայսերական ծրագիրներու գործիքի վերածուելու (օրինակներ չթուենք): Անցեալին, թէ՛ այս երկրին, թէ՛ եւրոպական աղէտեալ երկիրներու մէջ եւ այլուր, բանակային գունդեր գործի լծուած են՝ հրշէջներու եւ քաղաքային պաշտպանութեան սպասարկութեան տարրերու կողքին: Այդպէ՛ս եղած է հրդեհներու, ողողումներու եւ բնական այլ աղէտներու առիթով, եւ տեսնուած է, որ գործը շատ աւելի արագ ու արդիւնաւոր եղած է: Եթէ բանակին գլխաւոր դերը երկիր ու քաղաքացի պաշտպանելն է, նման աղէտներու դիմակայման մասնակցութիւն բերելն ալ նոյն առաքելութեան մաս կը կազմէ:

Եթէ այս մասին մտածող կայ, արդէն ուշացած է: Իսկ եթէ գործի անցնելու համար կայ այն տարածքը, թէ բանակայիններու փրկարար պայքարի դաշտ բերելը պէտք է անցնի դիւանակալական եւ… քաղաքական հակամարտութիւններու բովերէն, ատիկա արդէն ՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՐԴՈՑ ձախողութեան, ապիկարիութեան յաւելեալ փաստ է, ո՛ր կուսակցութեան ալ որ պատկանին տուեալ պատասխանատուները, պաշտօնի վրայ եղող մարդիկը:

Ժողովուրդին կեանքն ու վաստակը պաշտպանելը, նա՛եւ բնական աղէտներու դէմ՝ կը կարօտի ներկայիս տեսնուածէն շատ աւելի խոր ու ընդարձակ հասունացումի, քիչ մըն ալ… ուղեղի: Ճի՛շդ է, որ բնական աղէտներու դէմ պայքարը շատ դժուար է, սակայն նման «լուռ» թերացումներ, մասնաւորաբար քաղաքական չարաշահում՝ ո՛չ մէկ արդարացում ունին, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու, ո՛չ ալ աշխարհի որեւէ այլ երկրի մէջ:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Հայրենիք» թերթի այս համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031