Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Դժուա՞ր է տեսնել, որ սահմանամերձ այս կամ այն հողամասը բազկի ուժով չպաշտպանելու «քաղաքականութիւն»ը ինչպէ՜ս կը յարմարի թշնամիի՛ն պահանջներուն եւ ծրագիրներուն. «Ասպարեզ»

Հունվար 09,2025 10:28
zinvor

44օրեայ պատերազմը, դժուար չէ հասկնալ՝ որ ահաւոր հարուած տուաւ մեր բանակին (զոհ, վիրաւոր, զինապահեստի կորուստ…), սակայն անկէ ասդին, ո՛չ բանակի ֆիզիքական վերականգնումը (համալրում, զինուորական ծառայութեան պահանջուած դրութիւն, վերազինում եւ այլն), ո՛չ ալ զայն ամրապնդող՝ քաղաքական ենթահողը լաւ ընթացքի մէջ են: Այս տողերը չենք արձանագրեր՝ որոշ դրական քայլեր անտեսելու կամ արհամարհելու մօտեցումով (նոյնը՝ այլ գետիններու վրայ), սակայն պէտք չէ դժուարութիւն ունենալ, տեսնելու՝ որ մեր բանակը եւ ընդհանրապէս հայրենիքի պաշտպանութեան բազուկը չեն այն, որ էին Արցախեան ազատամարտի առաջին փուլերէն սկսեալ եւ յաջորդող տասնամեակներուն, մինչեւ Ապրիլեան պատերազմ, մինչե՛ւ իսկ Տաւուշի ճակատումները (44օրեայ պատերազմէն քանի մը ամիս առաջ): Բանակի զինումը դարձած է քարոզչութեան նիւթ, սահմանային դիրքերու ամրացումը՝ խնդրական եւ առաւելաբար նահանջողական, իսկ հոս-հոն արձանագրուած ցաւալի դէպքերը (զօրակայանի մը մէջ հրդեհը եւ քննութիւններուն ձգձգումը, անձնասպանութիւններ…), երիտասարդը բանակ ներգրաւելու դաստիարակիչ գործի բացակայութիւնը, բանակի դերին արժեզրկումը («Մեր տղաքը անիմաստ կերպով զոհուեցան»ներ, հետեւաբար՝ «մեր տղան ինչո՞ւ պէտք է բանակ երթայ եւ անիմաստ կերպով զոհ երթայ»ի հոգեվիճակի տարածում, բանակային ծառայութենէ խուսափելու հնարքներու տարածում…) եւ նման իրականութիւններ ինքնաբերաբար բանակը կը դնեն այն ուղիին մէջ, որ… թրքահաճոյ է: Այս իրականութիւնները տեսնելով, դժուա՞ր է հասկնալ, թէ Ատրպէյճան եւ Թուրքիա ինչո՛ւ Հայաստանէն կը պահանջեն զինաթափուիլ (երէկ պահանջեցին Արցախի զինաթափումը եւ իրենց նպատակին հասան Երեւանի իշխանաւոր հայանուններու ձեռքերով):

Դժուա՞ր է տեսնել, որ սահմաններու պաշտպանութիւնը բանակէն՝ սահմանապահներու փոխանցումով, հայրենիքի հզօր բազուկին կը զլացուի իր ամէնէն էական պարտականութիւնը: Դժուա՞ր է տեսնել, որ սահմանամերձ այս կամ այն հողամասը բազկի ուժով չպաշտպանելու «քաղաքականութիւն»ը ինչպէ՜ս կը յարմարի թշնամիի՛ն պահանջներուն եւ ծրագիրներուն:

Եւ սա արդէն մեզ կը հասցնէ յարակից նիւթի մը՝ իշխանութեան ղեկին նստածներուն կողմէ հողերու մաս առ մաս զիջումին, Ատրպէյճանի նուիրելուն, այդ գետնի վրայ եւս ազերիական (եւ թրքական) ծրագիրներու գործակատարը դառնալու «հերոսութեան»: Փաստ է, որ եթէ Արցախի կորուստը (կամ Ատրպէյճանին նուէր տալը) այս իշխանաւորներուն «ծառայասիրութեան» ցարդ ամէնէն ցնցիչ արարքն էր, նոյն այս իշխանաւորներուն «սխրանքներուն» արտայայտութիւնները եղան Սեւ լիճի, Սիւնիքի (Գորիս-Կապան ճամբուն մէկ հատուածն ու սահմանային հողեր), Ջերմուկի բարձունքներուն եւ Տաւուշի ԱՆՎԻՃԵԼԻՕՐԷՆ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ տարածքներուն իրական եւ իրողական զիջումը (հայելին պէտք է յիշեցնէ՝ «Կ՛արժէ՞ անոնց համար պատերազմի մտնել…» յոխորտանքը):

Տաւուշի մէջ, հրապարակ նետուեցաւ նոր այլանդակութիւն մը՝ սահմանազատում եւ սահմանագծում անունով. եթէ միւս շրջաններուն մէջ կէս-բերան կ՛ըսեն, որ ազերիական բանակները գրաւած են Հայաստանի պատկանող հողեր, Տաւուշը «նոր դարաշրջան» մը բացաւ՝ զիջողականութեան վրայ պաշտօնական մը կնիք աւելցնելով: Սահմանազատման համաձայնագիրով է որ Հայաստանի պատկանող հողեր յանձնուեցան Ատրպէյճանին: Եւ հիմա, դժուա՞ր է տեսնել եւ հասկնալ, որ Ատրպէյճան նոյնինքն Հայաստանէն արդէն խլած է շուրջ 250 քառ. քլմ. տարածութիւն (լաւ հաշիւ գիտցողը թող ստուգէ, թէ սա քանի՞-պատիկն է Ապրիլեան պատերազմին՝ Արցախէն կորսուած շուրջ 400 հեքթար հողաշերտին), իսկ ռազմագէտներու եւ աշխարհագրագէտներու դատումով, ազերիական վերահսկողութիւն հաստատուած է Հայաստանի սահմանային աւելի քան հազար քառ. քլմ. տարածութեամբ հողերու վրայ, ըստ էութեան՝ ռազմագիտական-պաշտպանական նշանակութիւն ունեցող բարձունքներ:

Այնպէս կ՛երեւի, որ այս բոլորը միայն սկիզբն են Հայաստանի երկունքներուն: Փաստօրէն, դժուա՞ր է տեսնել ու վերծանել յառաջիկայ ծրագիրները (մի՛շտ թրքա-ազերիական, եւ մի՛շտ Երեւանի իշխանաւորներու կամակատարութեամբ), սկսելով Տիգրանաշէնէն ու սահմանային այլ գիւղերէ (որոնց ազերիական անունները արդէն իսկ որդեգրած է իշխանապետը), մինչեւ ամբողջ Սիւնիքը: Դժուա՞ր է լսել ամէն օր Անգարայէն ու Պաքուէն (նաեւ անոնց շահակիցներէն) հնչող՝ «Զանգեզուրի միջանցք» եւ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» բառերը: Պահ մը մտածենք, որ Երեւանի իշխանաւորները ոգի ի բռին կը փորձեն լաւ ծրագիր մը՝ «Խաղաղութեան խաչմերուկ» մը մատուցել աշխարհին: Իրական գետնի վրայ, աղաղակող են աննպաստ բացագանչութիւնները. Ատրպէյճան «Արեւմտեան»ով ի մտի չունի լոկ Սիւնիքը, այլ աչքերը սեւեռած է Հայաստանի ամբողջ (գէթ մեծագոյն) տարածքին: Եւ ահա թէ ո՛ւր պէտք է փնտռել եւ հասկնալ՝ մտացածին թիւով՝ 300 հազար ազերիներու Հայաստան «վերադարձ»ի պահանջին նպատակը: Այդ պահանջին յետին նպատակը հասկնալը այնքան դժուար չէ, որքան այն կրաւորականութիւնն ու անտարբերութիւնը (թերեւս նաեւ լուռ հրճուանքը), որ կը ցուցաբերուի Երեւանի իշխանաւորներուն մօտ: Հակադարձութիւնները՝ բացարձակ մերժում եւ յերիւրանքներու հերքում չեն, այլ կ՛արտայայտեն «Չեմ ուզեր, բայց գրպանս դիր»ի տրամադրութիւն: Ո՛չ մէկ ազդու խօսք՝ արցախցիներու իրենց տունն ու պատմական հայրենիքը վերադառնալու, ինքնորոշման եւ նման իրաւունքներու մասին, մոռցուած են ատրպէյճանական այլ շրջաններէ բռնագաղթուած հայերը (Պաքու, Սումկայիթ, Գանձակ եւ այլն):

ՄՇԱԿՈՅԹԻ եւ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ եղծանումը առանձին կալուած է, եւ հոն ալ, ամէ՛ն բանէ աւելի՝ բարձր կը հնչեն Ատրպէյճանէն եւ Թուրքիայէն եկած ազդարարութիւններուն արձագանգները: Բաւականանանք արագ թւումով: Պատմութեան նենգափոխումը կը կատարուի հայանուններու ձեռքով, նմանապէս՝ ազգային աւանդներուն ու հետեւաբար՝ գլխագիր Մշակոյթին աղաւաղումը, արմատախլումը յառաջ կ՛ընթանայ օր ցերեկով: Արարատը՝ Արագածին, «Հայոց պատմութիւն»ը՝ «Հայաստանի պատմութեան» շինծու «մրցակից» հանելը, Սահմանադրութեան ու ազգային քայլերգի (օրհներգ) վերախմբագրումի փորձերը մաս կը կազմեն թրքահաճոյ, այսինքն՝ Թուրքիոյ պարտադրած նահանջներուն: Անոնք մաս կը կազմեն Ալիեւի ցանկագրած պահանջներուն եւ նախապայմաններուն։ Եթէ ասիկա չհասկցող կայ, Ալիեւը յանցաւոր չէ: Իսկ այդ պահանջներուն հրապարակումին զուգահեռ՝ ՔՊականներու եւ անոնց պետին նոյնիմաստ ծրագիրներու հռչակումը՝ նմանապէս չի կարօտիր խոր իմացութեան. Հասկնալը շա՜տ դիւրին է: Այլանդակ դասագիրքերու որդեգրումը, ուսումնական ծրագիրներու մէջ հայագիտական նիւթերու իբրեւ թէ արդիականացումը եւ մասամբ նորին՝ Հայաստանն ու Հայը կ՛առաջնորդեն դէպի «նոր հայ»ու տիպարի մը, որմէ կարճ ատեն ետք կրնայ մնալ միայն… ա՜ բացագանչութիւնը:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» թերթում:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031