«Գանձասար» -Ծովային եւ ցամաքային անցակէտերու ընդհանուր խորհուրդի արտ. յարաբերութիւններու տնօրէն Մազէն Ալլուշ ՍԱՆԱ-ին հաղորդեց, որ Երեքշաբթի առաւօտեան ժամերէն թրքական հպատակութիւն ունեցող սուրիացի քաղաքացիներ սկսան մուտք գործել Սուրիա` «Համամ» սահմանային անցակէտէն։
Այսուհետեւ անոնք կրնան Սուրիայէն դուրս գալ կամ Սուրիա վերադառնալ առանց նախապէս ժամ ճշդելու սահմանային համապատասխան իրազեկման կայքին ճամբով, պայմանաւ որ ունենան թրքական ի զօրու համարուող անցագիր։
Կեցութեան արտօնագիր ունեցողներ եւս կրնան մտնել Սուրիա, ամբողջացնելէ ետք իրազեկման կայքի տուեալները, պայմանաւ որ Սուրիայէն դուրս գան նախքան կեցութեան ժամկէտին աւարտը։