«Բրիտանական պահպանողական Chatham House վերլուծական կեդրոնի բնագիրը՝ «Աւելցուած Ատրպէյճա՞ն Ատրպէյճանական հողին վերադարձը», կը ներկայացնէ անհասկնալի տարածաշրջանին ռազմաքաղաքական իրավիճակին հաւասարակշռուած փորձագիտական վերլուծումը։ Բնագիրը կը բացայայտէ «երկուկողմութեան» կաղապար մը, ուր երկու կողմերն ալ կը համադրեն նմանատիպ գործողութիւններ՝ չէզոքութեան հասնելու համար, օրինակ.
«Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յետպատերազմեան յարաբերութիւնները կը շարունակեն բեւեռացած մնալ այնպիսի խնդիրներու պատճառով, ինչպիսիք են հայ գերիներու շարունակուող կալանաւորումը ու դատավարութիւնները, ինչպէս նաեւ ականներու պատճառով ատրպէյճանցիներու մշտական զոհերը»:
«Երկու հեղինակներ նոյնպիսի համեմատութիւն կատարած են, առանց պատշաճ յղումի, եւ գրեթէ բառացի այս համեմատութեան ծագումը կը մնայ առեղծուած. «Ըստ համաձայնութեան Հայաստանը կը պահանջէ ազատ արձակել կալանքի տակ գտնուող 38 ռազմագերի համարուողները, իսկ Ատրպէյճանը կը մեղադրէ Հայաստանի կորսնցուցած տարածքներուն մէջ ականապատ դիրքերուն մասին տեղեկութիւնը քօղարկելու մէջ»:
«Հեղինակները կը համեմատեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ տիրող իրավիճակը՝ կեդրոնանալով Հայաստանի մէջ ատրպէյճանցի ռազմագերիներու բացակայութեան վրայ։ Անոնք կը վիճին, որ Ատրպէյճանը իրաւունք ունի հայ ռազմագերիները պահելու, մինչ Հայաստանը իրաւունք չունի ականներու քարտէս չտալու։ Այս օրինակը կ՚ընդգծէ դժգոհութիւնները հաւասարակշռելու փորձը, նոյնիսկ եթէ բարոյապէս կասկածելի համեմատութիւն է»: Այսինքն՝ Հայաստանցի գերիները միջոց չունին ազատուելու, մինչ՝ Ազերիները կրնան չերթալ սահմանային շրջաններ, ուր ականներ կրնան ըլլալ: Երկուքը երբե՛ք համեմատելի չեն, անկախ անկէ, որ արդէն համաձայնած էին գերիները փոխանակել, որ Հայաստանը կատարեց եւ նոյնիսկ՝ ոճրագործներ յանձնեց, մինչ Ատրպէյճանը՝ ոչ*:
Կարդացեք նաև
«Ժամանակին հողի կորուստի զոհ դարձած Ատրպէյճանը, կարծես, կը կրկնէ նոյն քաղաքականութիւնը 2020-ի իր յաղթանակէն ետք»:
«Հայկական եւ ատրպէյճանական հողի վերատիրանալու գաղափարախօսութիւններու համեմատութիւնը մոլորեցնող է, քանի որ երկու գաղափարախօսութիւններն ալ արտայայտած են հողային պահանջքներ։ Հայկական պահանջը կը կեդրոնանայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վրայ, ներառեալ Շահումեանի շրջանը, մինչդեռ ատրպէյճանական պահանջը կը ձգտի բնաջնջել Հայաստանը իբրեւ պետութիւն կամ զայն վերածել արգելոց բնակեցման վայրի, նման՝ Պաղեստինի Կազա շրջանին:
«ՊԱՔՈՒՆ ՆՊԱՏԱԿ ՈՒՆԻ ԽՈՒՍԱՓԻԼ ԵՐԵՒԱՆԻ 1990-ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՍԽԱԼԻՆ ԿՐԿՆՈՒԹԵՆԷՆ, ՈՒՐ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ՉԿՐՑԱՒ ՈՒԺԵՂ ԴԻՐՔԵՐԷ, ԻՐ ՅԱՂԹԱՆԱԿՈՎ ԲԱՐԵՆՊԱՍՏ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ՊԱՐՏԱԴՐԵԼ» կը գրէ Լորընս Պրօէր:
«Հեղինակը ցոյց կու տայ երկու կողմերուն հաւասարակշռող գործողութիւնները՝ նշելով, որ երբ կողմերէն մէկը յաղթէր, կ՚ամրապնդէր իր յաղթանակները։ Այս նման է հայկական տարածքի նկատմամբ ատրպէյճանական ոտնձգութեան, որ Հայաստանը երկու մասի կրնայ բաժնել։ Այսինքն, այնպէս ինչպէս Հայաստանը եօթը շրջանները գրաւած էր (իբրեւ ապահովութեան թափարգել գօտի*), այժմ, Ատրպէյճանը՝ Հայաստանէն շուրջ 215 քառ. քմ. գրաւած է: Սակայն տարբերութիւնը ա՛յն է, որ հայկական յաղթանակը Ատրպէյճանի գոյութեան սպառնալիք չէր, մինչ՝ Ատրպէյճանի յաղթանակը Հայաստանի գոյութեան իրական սպառնալիք է: Այս իրավիճակը բացայայտուած չէ, քօղարկուած է եւ ընթերցողին կը մոլորեցնէ:
«Հեղինակը, Լեռնային Ղարաբաղը, ուր հայկական անվիճելի մեծամասնութիւնը կը պահանջէր անջատուիլ Ատրպէյճանէն, կը համեմատէ Զանգեզուր կոչուող անյայտ միաւորի մը հետ: «Զանգեզուրը 19-րդ դարուն ունէր մահմետական մեծամասնութիւն, որ վերածուեցաւ ժողովրդագրական առումով կենսունակ ատրպէյճանական համայնքի»: Կենսունակ բառին գործածութիւնը կը խեղաթիւրէ ժողովրդագրական իրականութիւնը՝ յատուկ բառերու ընտրութեան միջոցով: Ա. Մասին մէջ նշուած վիճակագրական տախտակը ցոյց կու տայ, որ նո՛յնիսկ 1886-ին հայերը 74 տոկոսով մեծամասնութիւն էին նշեալ շրջանին՝ Սիւնիքի մէջ: Հետագային, Խորհրդային վարչակարգը արդէն մահմետական գիւղերուն մեծ մասը Ատրպէյճանին կցած էր:
«Հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան վերաբերեալ փորձագիտական հրապարակումներու վերլուծումը ցոյց կու տայ, որ չէզոքութիւն կը գործածուի երկու կողմերուն միջեւ հաւասարակշռութիւնը պահպանելու համար (ոչ թէ իրականութիւնը բացայայտելու*)՝ մանրակրկիտ կերպով ընտրուած բառերով տեղեկատուութեան միջոցով: Եթէ նոյնանման արարքներ չգտնեն, կրնան օգտագործել տարբեր գործողութիւններ, կամ բառամթերք՝ քօղարկելով փաստերուն անհամապատասխան ըլլալը, դառնալով չէզոք փորձագէտի բնագիրներու յատկանիշ:
Բնագիրներուն քննութիւնը երեւան կը հանէ, որ հաւասարակշռութեան պահպանումն է գլխաւոր յատկանիշը, որ յաճախ կարելի կը դառնայ, զանց առնելով ընդհանուր բնաբանը: Յաջորդիւ պիտի կեդրոնանանք զանց առնելու հմտութեան վրայ:
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ