Երէկ՝ Շաբաթ, 4 Յունուար 2025-ի երեկոյեան, նոր տարուան եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ հանդիպում ունեցաւ ասորի կաթոլիկ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ս. Իգնատիոս Եուսէֆ Գ. Եունան Պատրիարքը։
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրիոյ մէջ տիրող կացութեան եւ այս ծիրին մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն միասնակամութեան կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի այժմու կացութեան ու յատկապէս նախագահական ընտրութեան։
Նշենք, որ յիշեալ հանդիպման Վեհափառ Հայրապետին կողքին ներկայ էին Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան, Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Գերպ. Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Աշըգեան եւ Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան. իսկ Պատրիարքին կողքին՝ հայր Հապիպ Մուրատ եւ հայր Քարիմ Քալաշ։