Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սուրիոյ պատերազմը յառաջացուցած է ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ ծանր մարդասիրական ճգնաժամ, որ կործանարար ազդեցութիւն ունի տարածաշրջանի եւ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին վրայ. «Ազդակ»

Հունվար 05,2025 10:00

«Ազդակ». Ապագայի վերաբերեալ անորոշութիւն կը տիրէ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանին մէջ: Հայըաթ թահրիր շամը յայտարարած է փոխանցման կառավարութիւն ձեւաւորելու մասին եւ ներում` Ասատի զինուորներուն համար: Սուրիոյ հարցերով ՄԱԿ-ի բանագնացը զգուշացուցած է, որ «հակամարտութիւնը դեռ չէ աւարտած»: Ընդդիմադիր խմբաւորումները կը շարունակեն պայքարիլ տարածքային վերահսկողութեան համար: Հայըաթ թահրիր շամը եւ Սուրիական ազգային բանակը վերահսկողութեան տակ առած են Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ գործող, քիւրտերու գլխաւորած Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու (SDF) տարածքներ, ներառեալ` կարեւոր նաւթահորեր:

Ասատի նշանակած վարչապետը մնացած է Դամասկոս եւ դեկտեմբեր 10-ին իշխանութիւնը յանձնած է փոխանցման կառավարութեան, որուն անդամները նախապէս մաս կը կազմէին Հայըաթ թահրիր շամի վարչակազմին` Իտլիպի մէջ: Նոր վարչակազմը յայտարարած է, որ պիտի շարունակէ գործել մինչեւ 1 մարտ 2025:

Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կարիքները շատ են, եւ 16,7 միլիոն անձեր օգնութեան կը կարօտին: Սննդամթերքի գիներու բարձրացումը եւ Ասատի կառավարութեան կողմէ սննդամթերքի ու վառելանիւթի աջակցութեան կրճատումը երկրին ճգնաժամը բազմապատկած են: Սուրիական ենթակառոյցներուն (դպրոցներ, ճամբաներ եւ հիւանդանոցներ) ծանր վնաս հասցուած է:

Իսկ Սուրիոյ դրացի երկիրները կը շարունակեն գաղթականներու վերադարձի հարցով միջոցներու ձեռնարկելու փորձերը:

Ասատի վարչակարգի փլուզումէն ետք Սուրիոյ ապագայի վերլուծումը կ՛ենթադրէ բազմաթիւ տարբերակներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իր առանձնայատկութիւնը` հիմնուած Սուրիոյ ներքին քաղաքական եւ տարածաշրջանային դերակատարներու շահերուն, ինչպէս նաեւ միջազգային խաղացողներու հաշուարկներուն վրայ:

1.- Տարածաշրջանային ու ներքին ուժերու պայքար` տեղական ու տարածաշրջանային դերակատարներու աճող ազդեցութիւնը

Ասատի վարչակարգի փլուզումը կրնայ յանգեցնել Սուրիոյ տարածքի տարբեր մասերու բաժանման` տեղական ուժերու կողմէ: Սուրիոյ կրօնական ու ցեղային բաղադրութիւնը կարեւոր է հասկնալու համար, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ այս պայքարը: Հնարաւոր են հետեւեալ զարգացումները:

– Քիւրտերու հարցը: Սուրիոյ քիւրտերը հիմնականին մէջ` Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերը, երկար ժամանակ ձգտած են ինքնավարութեան: Շատ հաւանական է, որ Ասատի վարչակարգի փլուզումը քիւրտերուն տայ իրենց վերահսկողութիւնը ամրապնդելու հնարաւորութիւնը հիւսիս-արեւելքի մէջ եւ նոյնիսկ յառաջ մղելու անկախութեան կամ ինքնավարութեան գաղափարը: Սակայն այդպիսի նկրտումները կրնան յառաջացնել Թուրքիոյ միջամտութիւնը, քանի որ Թուրքիան քրտական ինքնավարութիւնը կը դիտէ որպէս իր տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիք: Քիւրտերու հարցը, հետեւաբար, կը մնայ ամէնէն եզակի ու վիճելի խնդիրներէն մէկը` Սուրիոյ ապագային հետ կապուած:

– Սիւննի ընդդիմութիւն: Սիւննի ընդդիմութիւնը, որ սկիզբը միացած էր Ասատի տապալման համար, այժմ խորապէս բաժնուած է` ընդգրկելով արմատական իսլամական կազմակերպութիւններ: Այս բաժանումները կը դժուարացնեն միաւորուած կառավարման ձեւաւորումը Ասատի վարչակարգի փլուզումէն ետք: Իտլիպի նման շրջաններու ընդդիմադիր ուժերը կը պայքարին տարածքներու վերահսկողութեան համար, սակայն անոնց ներքին տարակարծութիւնները կը խոչընդոտեն կայուն իշխանութեան ձեւաւորումը: Տեղական պատերազմող հրամանատարներուն միջեւ տարածքներու վերահսկելու ճիգերը կը վտանգեն իրավիճակը:

2.- Տեղական ցեղապետներ եւ համայնքներ

Սուրիոյ ցեղային մթնոլորտը կարեւոր է երկրին ներքին իրավիճակը հասկնալու համար: Հարաւի, արեւելքի եւ նոյնիսկ հիւսիսի ցեղապետներ պատմականօրէն ունեցած են էական դեր երկրի քաղաքական կեանքին մէջ: Ասատի վարչակարգի փլուզումը կրնայ այդ առաջնորդները բերել որպէս իշխանութեան ձգտող կողմեր, որոնք կը պայքարին իրենց իշխանութիւնը հաստատելու համար: Այսպիսով, Սուրիան կրնայ վերածուիլ տեղական եւ ցեղային տարբեր իշխանութիւններու ու տարածքներու:

Սուրիական հակամարտութիւնը սրած է համայնքային եւ ցեղային տարակարծութիւնները: Սուրիական իշխանութեան մնացորդաց ալեւիները, սիւննի ընդդիմութիւնը, քրտական ինքնավար շարժումները եւ տարբեր ցեղային խմբաւորումները կը պայքարին ազդեցութեան համար: Ասատէն ետք որեւէ համաձայնութեան փորձ պէտք է լուծէ այս տարակարծութիւնները, որովհետեւ անոնք կրնան պատճառ դառնալ հետագայ բաժանումի կամ նոր քաղաքական շրջանակի ստեղծումի:

3.- Արտաքին ուժերու դերակատարութիւնը Ասատի փլուզումէն ետք

Ասատի վարչակարգի փլուզումը մեկուսացուած դէպք չէ: Անիկա մեծապէս աշխուժացուցած է ներգրաւուածութիւնը արտաքին ուժերու, որոնց նպատակն է ձեւաւորել Սուրիոյ ապագան` իրենց ռազմավարական շահերուն համաձայն: Հիմնական արտաքին խաղացողներուն հետաքրքրութիւնները մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան Սուրիոյ ապագային վրայ` ներառելով տարբեր պետութիւններու ռազմավարական հաշուարկները:

– Թուրքիոյ ռազմավարական շահերը: Թուրքիան եղած է գլխաւոր դերակատարը Սուրիոյ պատերազմին մէջ եւ անոր հիմնական նպատակը քրտական ինքնավարութեան դէմ պայքարն է: Ասատի վարչակարգի փլուզումէն ետք Թուրքիան կը խորացնէ իր ռազմական ներկայութիւնը Սուրիոյ հիւսիսը, յատկապէս` Աֆրինի եւ Իտլիպի մէջ: Թուրքիոյ նպատակն է խոչընդոտել քիւրտերու անկախութեան ցանկութիւնները եւ պարբերաբար աջակցիլ արաբական ընդդիմութեան` պահպանելով այդ տարածքները:

– Իրանի շահերը: Իրանը Սուրիան կը նկատէ իր «Շիի Արեւելք»-ի անբաժանելի մասը, որ կ՛երկարի Իրանէն մինչեւ Իրաք եւ Սուրիա` հասնելով Լիբանան, ուր անոր դաշնակից Հըզպալլան կը գտնուի: Իրանը կը շարունակէ աջակցել իր դաշնակիցներուն` նպաստելով Սուրիոյ մէջ իր ազդեցութեան պահպանման, եւ այս ռազմավարութիւնը կը խորացնէ Սուրիոյ խառնաշփոթ վիճակը:

– Ռուսիոյ դիրքորոշումը: Ռուսիա, որ աշխուժօրէն զօրակցած է Ասատի վարչակարգին` տրամադրելով ռազմական աջակցութիւն, հաւանական չէ, որ ամբողջովին վերանայ Սուրիայէն: Ռուսիան տարածաշրջանին մէջ կը շարունակէ պայքարիլ Միացեալ Նահանգներու եւ անոր դաշնակիցներուն ազդեցութեան դէմ: Սուրիոյ մէջ անոր զինուորական ռազմակայանները կարելիութիւն կու տային ազդեցութիւն բանեցնելու Միջերկրականի, Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի վրայ: Այդ ռազմակայաններու ապագան ներկայիս անորոշ է: Այսօրուան պայմաններուն մէջ ի յայտ կու գայ, որ Սուրիոյ ապահովական թղթածրարը փակուած չէ, եւ հաւանական է, որ ներկայ խառն վիճակը երկար ժամանակի համար շարունակուի:

– Իսրայէլի ախորժակները: Իսրայէլի բանակը (IDF) Կոլանի բարձունքներու գրաւուած տարածքէն անցած են ՄԱԿ-ի արգելակիչ գօտի եւ կը գործէ նաեւ հարաւային Սուրիոյ մէջ: Կոլանի բարձունքները վիճելի տարածք են Իսրայէլի եւ Սուրիոյ միջեւ: 1981-ի ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւը կը թելադրէ, որ Իսրայէլը դուրս գայ այդ տարածքէն, մինչդեռ Միացեալ Նահանգներ կը ճանչնան բարձունքները իբրեւ իսրայէլեան տարածք: Իսրայէլ կը պնդէ, որ 2024-ին իր գործողութիւնները ժամանակաւոր բնոյթ ունին` կանխելու համար հաւանական յարձակումներ: Իսրայէլեան բանակը մօտաւորապէս 498 հարուած հասցուցած է քիմիական զէնքերու եւ ռազմական կառոյցներու վրայ` Ասատի անկումէն ետք: Իսրայէլ նախապէս չէր թիրախաւորեր Ասատի ուժերը, բայց 2013-էն ի վեր յարձակումներ իրականացուցած է Սուրիոյ մէջ Իրանի եւ Հըզպալլայի ուժերու դէմ:

– Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի դիրքորոշումը: Միացեալ Նահանգներն ու Արեւմուտքը, որոնք տարբեր ժամանակներուն աջակցած են ընդդիմութեան եւ քիւրտերուն, Սուրիոյ ապագայի հարցով ունին հետաքրքրութիւններ` հակառակ անոր անկայուն վիճակին: Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու առաջնահերթութիւնները բազմակողմանի են, եւ Միացեալ Նահանգներ կրնան առաջնահերթութիւն տալ Իրանի ազդեցութիւնը զսպելու եւ ոչ անպայման ժողովրդավարական Սուրիա ստեղծելու: Աւելի՛ն. Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ ռազմավարական մրցակցութիւնը կրնայ կանխել համագործակցութիւնը` յանգեցնելով երկարատեւ փապուղիի ստեղծման: Սուրիոյ ապագան մեծապէս կախեալ է քիւրտերու եւ այլ ընդդիմադիր խմբաւորումներու հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններէն: Աւելի՛ն. միջազգային քաղաքական դաշտին մէջ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ միջեւ մրցակցութիւնը կը խոչընդոտէ խաղաղ համաձայնութեան հասնելու կարելիութիւնը:

4.- Մարդասիրական ճգնաժամ եւ գաղթականներու հարց

Սուրիոյ պատերազմը յառաջացուցած է ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ ծանր մարդասիրական ճգնաժամ, որ կործանարար ազդեցութիւն ունի տարածաշրջանի եւ ընդհանրապէս միջազգային ընտանիքին վրայ: Ասատի վարչակարգին փլուզումը կրնայ կործանել արդէն իսկ փխրուն կայունութիւնն ու խորացնել գաղթականներու ճգնաժամը, որ լրջօրէն ազդած է դրացի երկիրներուն, մասնաւորապէս` Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Յորդանանի վրայ:

Ա.- Գաղթականներու հարց

Սուրիոյ բնակչութեան մեծ մասը ստիպուած եղած է փախչիլ երկրէն, եւ միլիոնաւոր մարդիկ ապաստան գտած են դրացի երկիրներուն մէջ: Սուրիացի գաղթականներուն մեծ մասը ներկայիս կը գտնուի Լիբանանի, Թուրքիոյ եւ Յորդանանի մէջ, որոնք քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական տարբեր խնդիրներու դէմ յանդիման կը գտնուին: Ասատի վարչակարգին փլուզումով յառաջացած է գաղթականներու նոր ալիք մը, որ այսօր կը հեռանայ երկրի մնացած անկայուն տարածքներէն: Ասատէն ետք երկրի ուժերը անհաւասարակշիռ վիճակ կը ներկայացնեն եւ կը դժուարացնեն գաղթականներուն տունդարձը:

Բ.- Մարդասիրական աջակցութիւն

Գաղթականները վերականգնելու կամ անոնց կացութեան պայմանները բարելաւելու կարելիութիւնները ներկայիս կը մնան սահմանափակ: Լիբանանի մէջ, օրինակ, գաղթականներու ճնշումը արդէն իսկ յառաջացուցած է ընկերային եւ տնտեսական ծանրաբեռնուածութիւն, իսկ այսօրուան պայմաններու մէջ կրնայ յառաջացնել ներքին խլրտումներ:

5.- Սուրիոյ ապագայի քաղաքական վիճակը` փոխանցման կառավարութիւն եւ կայունութեան հաստատում

Ա.- Փոխանցման կառավարութիւն եւ ներքին երկխօսութիւն

Սուրիոյ ապագայի կարեւորագոյն բաղադրիչներէն մէկն է այն, թէ ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ փոխանցման կառավարութեան ձեւաւորումը: Միջազգային ընտանիքին փափաքն է ստեղծել պայմաններ, որոնց միջոցով կարելի ըլլայ կառուցել ներքին երկխօսութիւն` ներառելով Սուրիոյ տեղական ու միջազգային բոլոր դերակատարները: Սակայն, հաշուի առնելով տեղի ունեցող հակասութիւնները, փոխանցման կառավարութիւն ստեղծելը շատ բարդ խնդիր կը թուի ըլլալ: Ասատի կողմնակիցները եւ ընդդիմութիւնը ոչ միայն չեն զիջիր, այլ նաեւ Սուրիոյ տարածքին գործող տարբեր ուժերու մղումները` իրենց սեփական շահերը պաշտպանելու, շատ կարեւոր դեր կը խաղան: Այս բոլորը կը նշանակեն, որ Սուրիոյ ապագան կախեալ է այդ քաղաքական ու ռազմական բախումներէն, որոնք կրնան շատ երկար տեւել:

Բ.- Սառեցուած հակամարտութիւն, կամ` ապագայ նոր բռնութիւն

Եթէ Սուրիան չկարողանայ կայունութիւն ձեռք բերել, շատ հաւանական է, որ նոր բռնութիւն ձեւաւորուի տարբեր բնոյթի համախոհութիւններու, զինեալ խմբաւորումներու եւ տեղական առաջնորդներու միջեւ: Եթէ ուժերը չհասկնան, որ անհրաժեշտ է խաղաղութիւն ու երկխօսութիւն, հակամարտութիւնը կրնայ վերածուիլ նոր կործանարար բախումներու: Սուրիոյ ապագային համար միակ ուղին քաղաքական համաձայնութիւնն է, որ պէտք է հիմնուի երկարաժամկէտ խաղաղութեան վրայ:

Գ.- Ներքին ու միջազգային կողմերու համագործակցութիւն

Սուրիոյ ապագային համար անհրաժեշտ է, որ բոլոր ներքին ուժերը համախմբուին: Առժամեայ կառավարութեան եւ ընդդիմադիր տարբեր ուժերու համաձայնութիւնը` համագործակցելու ու երկխօսութիւն վարելու, կրնայ նպաստել երկրի ապագայի կայունութեան: Սակայն, հաշուի առնելով տարածաշրջանային եւ միջազգային ուժերու մրցակցութիւնները, այդ համագործակցութիւնը դժուար պիտի ըլլայ: Սուրիոյ ապագան եւ անոր քաղաքական կարգը կախեալ են թէ՛ տեղական դերակատարներու եւ թէ՛ արտաքին ուժերու ռազմավարական շահերէն:

Եզրակացութիւն

Ասատի վարչակարգին փլուզումէն ետք Սուրիոյ ապագան դարձած է առաւել եւս անորոշ եւ բարդ խնդիր: Տարածաշրջանային ուժերու, արտաքին խաղացողներու եւ ներքին քաղաքական խումբերու միջեւ մրցակցութիւնն ու հակասութիւնները մեծ ազդեցութիւն կ՛ունենան երկրի կայունութեան վրայ: Միայն փոխադարձ գործակցութիւնը, համախմբուածութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը կրնան բանալ խաղաղութեան դռները, սակայն ասիկա տակաւին հորիզոնին վրայ չ՛երեւիր:

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031