«Գանձասար» – Երեքշաբթի 31, Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ և ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Ա. Քհնյ. Քէօշկէրեան եկեղեցւոյ «Գանձասար» սրահէն ներս դիմաւորեց Լաթաքիոյ պետական այրերու պատուիրակութիւնը, որոնք եկած էին շնորհաւորեու Ամանորը և ապահովութիւն ներշնչելու Հայ համայնքի զաւակներուն։
Հանդիպման ներկայ էին Լաթաքիոյ և ծովեզերեայ շրջանի պատգամաւոր երեսփոխան Աւետիս Կարպուշեան, թաղականութեան ատենապետ Բժշկ. Մինաս Պալեան, յարաբերական մարմնի պատասխանատու Մկրտիչ Էքմէքճեան և թաղական խորհուրդի անդամներ։
Ներկաները մտերմիկ զրոյց ունեցան։ Քհնյ. հայրը բարի գալուստ մաղթեց անձնապէս և ներկաներուն անունով ու շեշտեց հայութեան դարաւոր ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ, ներդրումները և հաւատարմութիւնը Սուրիական Հայրենիքին։
Թաղականութեան ատենապետ Բժշկ. Մինաս Պալեան պատմական ակնարկ տուաւ սուրիահայութեան մասին սկսեալ Տէր Զօրէն մինչեւ օրս։
Ապա հիւրերը այցելեցին եկեղեցի։