Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սփիւռ­քա­հայ մար­դու գի­տակ­ցա­կան աշ­խար­հին մէջ պէտք է ա­մէն գնով ա­մուր պա­հել հայ­րե­նի­քին հան­դէպ հա­ւատ­քը ու պե­տու­թեան ամ­րապնդ­ման նպաս­տող իւ­րա­քան­չիւր ճիգ. «Ազատ օր»

Հունվար 04,2025 10:30

Ի­րա­կա­նու­թիւն է, որ հա­յաշ­խար­հի վեր­ջին ե­րե­սուն տա­րի­նե­րու կեան­քը մեծ վե­րի­վայ­րում­նե­րու ժա­մա­նա­կաշր­ջան մը հան­դի­սա­ցաւ։ ­­Վե­րան­կա­խաց­ման նո­ւա­ճու­մը եւ Ար­ցա­խի վե­րա­տի­րաց­ման հա­մազ­գա­յին հրճո­ւան­քը փո­խա­րի­նո­ւած են մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նի կո­րուս­տով ու հայ­րե­նի­քին վրայ սպառ­նա­ցող աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան վտանգ­նե­րով։

Այ­սու­հան­դերձ, սփիւռ­քա­հայ մար­դու գի­տակ­ցա­կան աշ­խար­հին մէջ պէտք է ա­մէն գնով ա­մուր պա­հել հայ­րե­նի­քին հան­դէպ հա­ւատ­քը ու պե­տու­թեան ամ­րապնդ­ման նպաս­տող իւ­րա­քան­չիւր ճիգ։ ­­Վար­չա­խում­բե­րը ժա­մա­նա­կա­ւոր եւ գնա­յուն են, ձա­խող ղե­կա­վար­նե­րը պի­տի անց­նին հայ ժո­ղո­վուր­դի դա­տաս­տա­նին ու պատ­մու­թեան մո­ռա­ցու­թեան։ ­­Սա­կայն, կը մնայ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը հայ հո­ղին ու պե­տա­կան հիմ­նա­շէն­քին հան­դէպ, ո­րուն հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դի կամ­քը ար­տա­յայ­տող քա­ղա­քա­կան գոր­ծօն­նե­րը կո­չուած են զայն ա­մուր պա­հել հա­յու ո­գե­կան եւ ի­մա­ցա­կան գի­տակ­ցու­թեան մէջ։ ­­Չի բա­ւեր միայն ա­պա­ւի­նիլ քա­ղա­քա­կան զօ­րա­շար­ժին, այ­լեւ ան­հա­տա­պէս սթա­փիլ հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ, ի մտի ու­նե­նա­լով ա­մե­րի­կա­ցի վա­ղա­մե­րիկ նա­խա­գահ ­­Քե­նե­տիի դի­պուկ բա­նա­ձե­ւու­մը՝ «ա­մէն մէ­կը թող մտա­ծէ, թէ ինչ­պէս կրնայ օգ­տա­կար դառ­նալ իր երկ­րի յա­ռաջ­դի­մու­թեան հա­մար»։

­­Հայ­րե­նի­քի օր­րան­նե­րէն հե­ռու, սփիւռ­քա­հայ կեանքն ալ դի­մագ­րա­ւեց մեծ մար­տահ­րա­ւէր­ներ, ո­րոնք առն­չո­ւե­ցան իր թի­ւի զգա­լի յա­ւե­լու­մին, ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծի փո­փո­խու­թեան եւ սե­րունդ­նե­րու կա­պուա­ծու­թեան տկա­րա­ցու­մին հետ։ Ա­ռա­ջին ազ­դա­կը դրա­կան ո­րե­ւէ ար­դիւնք չտո­ւաւ, ո­րով­հե­տեւ ­­Հա­յաս­տա­նէն դուրս ան­ցած զան­գո­ւած­նե­րը դժո­ւար թէ կա­րո­ղա­ցան ներ­գոր­ծա­կան ուժ սրսկել սփիւռ­քեան կեան­քէն ներս։ ­­Պատ­ճառ­ներն ու հե­տե­ւանք­նե­րը տա­կա­ւին կը կա­րօ­տին ըն­կե­րա­բա­նա­կան եւ գի­տա­կան հա­մա­պար­փակ վեր­լու­ծու­մի, որ մին­չեւ այ­սօր կը պակ­սի մեր ի­րա­կա­նու­թե­նէն։

­­Մեր ակ­նար­կը մաս­նա­ւո­րե­լով յու­նա­հայ գա­ղու­թի կեան­քին ու ա­պա­գա­յի հե­ռան­կար­նե­րուն վրայ, հե­տե­ւեալ ա­ռա­ջադ­րանք­նե­րը կը մնան մեր հիմ­նա­շէն­քի ա­մուր կռո­ւան­նե­րը։

— Ազ­գա­յին ո­լոր­տի վե­րար­ժե­ւո­րու­մը դար­ձած է հրա­մա­յա­կան, յե­նո­ւե­լով նաեւ Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սի «Ս­փիւռ­քի տա­րուան» ա­ռի­թով հրա­պա­րա­կո­ւած պատ­կե­րա­ցում­նե­րուն եւ մեր գա­ղու­թի ան­դամ­նե­րը ազ­գա­յին ու հո­գե­ւոր կեան­քին կա­պե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ։ Ըմբռ­նում­նե­րու, մօ­տե­ցում­նե­րու եւ գոր­ծե­լա­կեր­պի վե­րա­նա­յու­մը, ինչ­պէս նաեւ նոր մար­դուժ կազ­մա­ւո­րե­լու նպա­տա­կը կը դառ­նան անհ­րա­ժեշտ ու խիստ ստի­պո­ղա­կան։

— ­­Հա­յակր­թու­թեան մար­զը կը պա­հան­ջէ հա­ւա­քա­կան զօ­րա­շարժ, ոչ միայն ա­նոր պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը կրող գա­ղու­թա­յին մար­մին­նե­րուն կող­մէ, այլ նաեւ ան­հա­տա­կան գի­տակ­ցու­թեան ու­ժե­ղա­ցու­մով, պա­հե­լու հա­մար հայ լե­զո­ւի ու հայ­կա­կան ա­ռար­կա­նե­րու ու­սու­ցու­մը տի­րա­կան ա­ռաջ­նու­թեան մէջ։

— Ե­րի­տա­սար­դու­թեան ներգ­րա­ւու­մը կը հան­դի­սա­նայ կեն­սա­կան նա­խա­պա­տո­ւու­թիւն։ Ա­նոր առ­ջեւ ազ­գա­յին եւ գա­ղա­փա­րա­կան ու­ղի­ներ բա­նա­լու կող­քին, հարկ է վե­րար­ժե­ւո­րել մեր ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ի­մա­ցա­կան աշ­խար­հը եւ ամ­րապնդել հայ­րե­նի­քին հան­դէպ հա­ւա­տար­մու­թեան ո­գին, զար­գաց­նե­լով ա­նոնց մէջ թէ՛ քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հա­յեաց­քը եւ թէ՛ ազ­գի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին գան­ձա­րա­նը։

— ­­Միու­թե­նա­կան կեան­քը կը կազ­մէ խա­րիս­խը մեր գա­ղու­թի հա­մայ­նա­կան զար­գաց­ման։ Ի գին ա­մէն զո­հո­ղու­թեան, հարկ է կարգ մը ե­րե­ւոյթ­նե­րու ա­ռաջ­քը առ­նել, որ­պէս­զի չխա­թա­րո­ւի կա­ռոյց­նե­րու դի­մա­գի­ծը, որ կրնայ ա­ռաջ­նոր­դել նպա­տա­կի շե­ղու­մին։ ­­Միա­ժա­մա­նակ, մեր կա­ռու­ցա­յին միա­ւոր­նե­րու ա­ւե­լի գոր­ծուն ներ­կա­յու­թիւ­նը հայ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րուն մէջ կը դառ­նայ ան­յե­տաձ­գե­լի։

­­Տե­սա­կան ո­րե­ւէ ար­տա­յայ­տու­թեան դի­մաց, գործ­նա­կան քայ­լե­րու որ­դեգ­րու­մը կը պա­հան­ջէ ա­մուր կամք եւ գի­տակ­ցու­թիւն՝ հայ ի­րա­կա­նու­թեան ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կին նկատ­մամբ։ ­­Հա­յու­թեան կազ­մա­կերպ գոր­ծօն­նե­րու պար­տա­կա­նու­թիւնն է ճամ­բայ հար­թել, վե­րա­կեն­սա­ւոր­ման յոյս ներշն­չել, հա­ւա­քա­կան տես­լա­կան­նե­րուն մէջ կազ­մա­ւո­րել հայ ան­հա­տի հայ­րե­նա­սի­րու­թիւնն ու ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ո­գին։

Բազ­մա­զան մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու դի­մագ­րա­ւու­մին դի­մաց, ան­հա­տա­կան եւ հա­ւա­քա­կան յանձ­նա­ռու­թիւ­նը կը հան­դի­սա­նայ ա­ռա­ջին նա­խա­պայ­մա­նը մեր ա­ռա­քե­լու­թեան յա­ջո­ղու­թեան ճամ­բուն վրայ։

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազատ օր» պարբերականում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2025
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ    
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031