Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արամ Ա Վեհափառը վեր առաւ լիբանանահայութեան կարեւորութիւնը, իբրեւ հոգեմտաւոր ժառանգութիւն եւ մշակոյթը պահպանող հաւաքականութիւն

Դեկտեմբեր 31,2024 12:13

Լսել նյութի աուդիո տարբերակը

Ձայնագրությունը գեներացված է Armenian Text to Speech արհեստական բանականության միջոցով, որն այս պահին գտնվում է թեստավորման փուլում

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

Հինգշաբթի, 26 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Համազգայինի Լիբանանի շրջանային վարչութենէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի կեդրոնական կոմիտէի եւ հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիին, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար անոր հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնն ու քաջալերանքը:

Հանդիմպան ներկայ էին Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան Լիբանանի ներկայացուցիչ Սեպուհ Այնթէպլեան, շրջանային վարչութեան մօտ Հ.Յ.Դ. կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, մասնաճիւղերու ատենապետեր, վարչութիւններ, խնամակալութիւն եւ գեղարուեստի ղեկավարներ:

Պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ շրջանային վարչութեան ատենապետ Սէմ Սիմոնեան, որ որդիական երախտագիտական իր խօսքը ուղղեց Հայրապետին՝ դրուատելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Համազգայինի Լիբանանի կառոյցին միջեւ հինէն ի վեր գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը, որ աւելի եւս զարգացած է յատկապէս Վեհափառ Հայրապետին գահակալութեան շրջանին:

Շարունակելով իր խօսքը՝ Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքին անունով Սիմոնեան շնորհաւորեց Հայոց Հայրապետը՝ գահակալութեան 30-ամեակին առիթով, միաժամանակ յայտնելով Համազգայինի պատրաստակամութիւնը՝ Կաթողիկոսութեան կողմէ այս առիթով կազմակերպուելիք նախաձեռնութիւններուն մասնակցելու: Ապա, ան ներկայացուց միութեան գործունէութիւնը, յառաջիկայ ծրագիրները եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները՝ ընդգծելով մշակոյթին կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի գոյատեւման պայքարին մէջ:

Ապա, իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց Վեհափառ Հայրապետը: Ան ըսաւ, որ Համազգայինը երկար տարիներէ ի վեր լիբանանահայ մշակութային կեանքը կը ծաղկեցնէ, սկսած այն օրէն երբ Հայաստանի անկախ պետականութիւն գոյութիւն չունէր՝ աւելցնելով, որ տարիներու վրայ Համազգայինը ունեցած է գլխաւոր ձեռքբերումներ, օրինակ «Լեւոն Շանթ» կեդրոնին բացումը, թատերական ներկայացումները եւ տարուած մշակութային բազմերես գործունէութիւնը:

Ապա, Նորին Սրբութիւնը վեր առաւ լիբանանահայութեան կարեւորութիւնը, իբրեւ հոգեմտաւոր ժառանգութիւն եւ մշակոյթը պահպանող հաւաքականութիւն, որ կը շարունակէ մարդուժ հասցնել, այս իմաստով կարեւորելով մեր Սուրբ Աթոռին եւ Համազգայինին միջեւ գոյութիւն ունեցող գործակցութիւնը:

Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց Համազգայինին՝ ըսելով, որ այս միութեան կատարած աշխատանքը առաքելութիւն է։ Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող դժուար կացութեան, Համազգայինը հաւատարմութեամբ կ՚իրագործէ իրեն վստահուած ազգապահպանման առաքելութիւնը: Ան յատկապէս ըսաւ, որ «Լիբանանը մշտապէս գտնուած է պատերազմի ու տնտեսական դժուար պայմաններու մէջ, սակայն մեր կարելիութիւններով մեր միութիւնները շարունակած են ու կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը», խորհուրդ տալով, որ Համազգայինը իր գործունէութեամբ դառնայ փնտռուած ու անհրաժեշտ կառոյց լիբանանահայ կեանքին մէջ:

Իր խօսքի աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց մեր ազգի բարերարներուն, որ օժանդակեն մեր միութիւններուն եւ նեցուկ կանգնին անոնց աշխատանքին:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031