Լրահոս
Օրվա լրահոսը

«Իմ բնակարանս Անջրպետն է»: Փարաջանով «Նռան Գոյնը» ֆիլմին մէջ եւս օգտագործած էր այս նախադասութիւնը, որուն մեկնաբանութիւնը բազմիմաստ է եւ խոր». «Դրօշակ»

Դեկտեմբեր 31,2024 09:30

Սարգիս Փարաջանեան

«Մեր Ժամանակի ամենահանճարեղ բեմադրիչը…»

 

Սիրելի Ընթերցող՝

Այս հոդվածի խորագրի վերագրումը մերը չէ, այլ Փարիզ հրատարակուող «Le Figaro» մեծազդեցիկ օրաթերթին, որ Փարաջանովին ոչ միայն կը համարէ 1970-ական թուականներու «Ամենահաճարեղ բեմադրիչը», այլ նաեւ «Գերհանճար» կ’անուանէ զայն: Թէեւ բացառուած չէ, որ այս չափազանց բարձր բնութագրման մէջ իր դերը կատարած ըլլայ նաեւ, այդ օրերու հակախորհրդային քաղաքական գործօնը… ինչպէս ոմանք կ’ենթադրեն: Անուամենայնիւ, եթէ Փարաջանովի արուեստը բացառիկ արժէք չներկայացնէր ֆիլմարուեստի մէջ, դժուար թէ միջազգային այլ թերթեր («Le Monde», «The Sauday Times», «Politic Ebdo», «Los Agelos Times»… ) եւս նմանօրինակ բարձր գնահատանքներ արձանագրէին իր հասցէին: Նկատի առէք նաեւ՝ անոր միայն մէկ ստեղծագործութիւնը՝ «Հրեղէն Ձիեր»ը (Մոռցուած նախնիներու ստուերները) երկու տարուայ ընթացքին, արժանացաւ քսանչորս միջազգային մրցանակներու: Թէեւ այս քանքարի ծննդեան 100-ամեակը պաշտօնապէս նշուեցաւ հայրենիքի մէջ, սակայն ըլլայ հայրենիքի թէ յատկապէս Սփիւռքի պարագային, դեռեւս ան ոչ ճանչցուած է եւ ոչ ալ գնահատուած՝ ըստ արժանուոյն… յատկապէս՝ նոր սերունդի մօտ:

Մովսես Հերկելյան (Ծիրանի)

Երեւան, Բաղրամեան պողոտայ, 1980, ուշ Օգոստոս

Իմ հաւատարիմ ընթերցող՝

Օրը Շաբաթ էր, հաւաքուած էինք Վարուժան Խտըշեանի գետնայարկ բնակարանը (ներկայ էին «Գեղարուեստաթատերական բարձ. հիմնարկ»ի ուսանող՝ Ժան Ֆարրան եւ մարմնակրթանքի ուսանողներ՝ Պօղոս Գասապեանն ու Մարտիկ Պօյաճեանը) եւ կը զրուցէինք յաջորդ օրուայ մեր որսորդական ծրագրի մասին: Յանկարծ փոթորիկի պէս ներս մտաւ մէկը (Դուռը բաց էր, որովհետեւ ամառ էր եւ տաք), պայուսակ մը ուսին եւ քանի մը լուսանկարչատուփ վիզէն կախած: Ճանչցայ… Գալուստ Պապեանն էր, որուն հանդիպած էի Պէյրութի մէջ: Ծանօթացման եւ յաւուր պատշաճի զրոյցէ մը ետք, Վարուժանը Գալուստին հրաւիրեց մեր շաբաթական «որսորդական խնճոյքին» աւելցնելով որ «կրնաս նաեւ՝ հետդ բերել Գանատահայ ընկերներդ»:

… Գալուստը ցած ձայնով ականջիս ըսաւ.

– Մենք՝ Գանատահայերու այս խումբով Թիֆլիս ալ պիտի այցելենք, Պօղոսը ըսաւ որ «Եթէ կրնաս գնա եւ Փարաջանովն ալ լուսանկարէ»:

– Հրաշալի գաղափար է, բայց նկատի առ որ այս մէկը «նուրբ» հարց մըն է… Ամենայն դէպս սպասէ… յետոյ կ’ըսեմ քեզի…

Գալուստին այդպէս ըսի, որովհետեւ այդ օրերուն Փարաջանով «անպաշտօն կերպով» տնային կալանքի ենթարկուած էր, եւ խիստ հսկողութեան տակ կը գտնուէր: Ոչ թէ չէր ուզեր, այլ չէր կրնար ոեւէ մէկը ընդունիլ իր մօտ… յատկապէս՝ արտասահմանցի մը: Ես անմիջապէս Ալիքին (Թոփչեան) հեռաձայնեցի եւ հարցը ներկայացուցի անոր, ընթացքին տուի նաեւ՝ Պօղոսին անունը… որուն հանդէպ Ալիքը խիստ յարգանք ունէր… իբրեւ խմբագիր ու հրապարակախօս: Ան առանց պատասխանելու իմ հարցին, ընթրիքի հրաւիրեց: Գացի, իր տիկինն ալ հոն էր՝ Անահիտը… Իր կանացի հմայքով, երկար վարսերով ու գեղեցկութեամբ հանդերձ: Երկուքն ալ մօտիկ էին Փարաջանովին: Ալիքը իր ընկերներուն՝ Հենրիկ Իգիտեանի, Հենրիկ Էդոյեանի, Արտեմ Յարութիւնեանի եւ այլոց հետ, դեր ստանձնած էր «Նռան Գոյնը» ժապաւէնին մէջ: Իսկ Անահիտը աւելի մօտիկութիւն ունէր անոր հետ, որովհետեւ Փարաջանով բարձր գնահատելէ ետք Անահիտի դերասանական արուեստը, կը մտածէր իր մէկ ժապաւէնին մէջ, գլխաւոր դերը վստահիլ անոր: Անոնք՝ տէր եւ տիկին Թոփչեանները, կապ պահեցին Փարաջանովի հետ, եւ քանի մը օր ետք Ալիքը տեղեկացուց.

Թող գնայ, ընդունելու է… բայց որովհետեւ ամէն մարդու դիմաց չի կարելի դուռը բանալ… ի հարկին դրսից թող ձէն տայ…: Իսկ ապահով լինելու համար, կարիք չկայ Գալուստին տեղեակ պահելու, միջնորդների եւ առհասարակ միջնորդութեան մասին… :

Օրեր ետք, երբ Վարուժանի տան մէջ (ներկայութեամբ՝ Սօս Սարգսեանի, Մուշեղ Գալշոյեանի, դերասանուհի Յասմիկ Տէր Կարապետեանի, ինչպէս նաեւ՝ Գանատահայ Սիմոն եւ Լեւոն Հասըրճեան եղբայրներու եւ երկու տիկիններու (Սօսի եւ Սոնա), այս հարցը արծարծուեցաւ, մեր հերթական որսորդական հաւաքի ընթացքին, կողմնակիօրէն Գալուստին ըսի.

– Իմ ունեցած տեղեկութիւններու համաձայն, Փարաջանովը դուռը բանալու սովորութիւն չունի… յատկապէս՝ երբ ներսը զբաղուած ըլլայ: Լաւ կ’ըլլայ, որ ի հարկին փողոցէն կանչես անոր, եւ ըսէս որ դուն դուրսէն եկած «ժուրնալիստ» ես:

Իմ բծախնդիր ու իրատես ընթերցող՝

Այս դէպքին մասին թէեւ ակնարկած եմ այլ առիթներով, սակայն այս բաժինը այս մանրամասնութեամբ չեմ ներկայացուցած: Այդ պատճարով ալ, յուշագրութիւններուս մէջ նմանօրինակ դէպքեր կը պատահին, եւ յաճախ նոյն դրուագը կրնայ ունենալ իր տարբերակները, որոնք սակայն իմաստային առումով զիրար չեն հակասեր:

Գալուստը այդպէս ալ ըրաւ ու… յաջողեցաւ: Ան դժուարութեամբ գտած էր Փարաջանովի բնակարանը, եւ երբ դուռերը փակ գտած էր իր առջեւ, սկսած էր փողոցէն կանչել անոր անունը: Յանկարծ պատուհան մը կը բացուի, ու Փարաջանով ներս կը հրաւիրէ զինք: Թիֆլիս մեկնող Գանատահայ զբօսաշրջիկներէն՝ Գալուստի ընկերներէն մէկը՝ Լեւոն Հասըրճեան հետեւեալ ձեւով կը նկարագրէ անոր վերադարձը հիւրանոց:

– Գալուստը ուրախ տրամադրութեամբ վերադարձաւ Փարաջանովի մօտէն, կարծէք թէ մե՜ծ յաղթանակ մը տարած ըլլար: Ան իր խանդավառութեամբ վարակեց նաեւ՝ մեզ: Զարմացած էր Փարաջանովի ջերմ ընդունելութեան ու լուասանկարուելու պատրաստակամութեան համար: Կ’ըսէր. «Եղբա’յր հազիւ ծանօթացած, սկսաւ տէղէ մը հին ծաղկաման մը հանել ու երկու ձեռքով ցուցադրել, ուրիշ տեղէ մը հին գորգ մը բերել եւ ուսին նետել, եւ կամ իր նախշած մէկ սիւնը գրկած լուսանկարուելու դիրք բռնել… իսկ ես անընդհատ կը նկարէի … ու կը նկարէի»: Այդ օր Գալուստին համար ուրախութեան եւ տօնական օր էր: Աշխուժութիւն մը եկած էր վրան…:

Իմ արդարամիտ եւ իրատես ընթերցող՝ ստիպուած եմ անգամ մը եւս համեստութիւնս մէկ կողմ դնելու, որովհետեւ պէտք է տեղեկացնեմ քեզի, որ մինչ այդ 1985-ին, ես հրատարակած էի արդէն Փարաջանովի մասին լոյս տեսած առաջին գիրքը՝ «Նռան Գոյնը» (COULEUR DE LA GRANADE), Պէյրութի մէջ: Որուն մէջ հրատարակած եմ երկու տասնեակ լուսանկարներ Գալուստէն, որուն լուսանկարչական արուեստը, շնորհիւ փարաջանովեան շարքի, աւելի ճանաչում ստացաւ ու գնահատուեցաւ… նոյնի’սկ որոշ արտահայկական հարթակներու վրայ:

Այս գիրքի մէջ լոյս տեսած յօդուածները, տպաւորութիւններն ու կարծիքները հաւաքելու եւ խմբագրելու ընթացքին, հնարաւորութիւն ունեցայ հանգամանօրէն ուսումնասիրելու, եւ առաւել եւս խորանալու Փարաջանովի ստեղծագործական կեանքին եւ անոր արուեստին մէջ: Եւ որովհետեւ մինչ այդ տեսած էի Փարաջանովի գործընկերոջ՝ ռուս բեմադրիչ՝ Տարկովսկիի «Հայելին» Երեւանի մէջ 1974-ին եւ «Հրեղէն Ձիերը» Ճարտարապետութեան արուեստաբան՝ Անի Թոթոյեանի ընկերակցութեամբ եւ մեկնաբանութեամբ, Փարիզի մէջ 1977-ին: Ինծի համար համեմատաբար աւելի դիւրին էր ընկալել բազմաշերտ, բազմիմաստ եւ բազմաբովանդակ «Նռան Գոյնը», զոր քսանէ աւելի անգամներ առիթ ունեցած եմ ցուցադրելու, վերլուծելու եւ մեկնաբանելու… տարբեր քաղաքներու մէջ: Մի զարմանաք եթէ խոստովանիմ, որ իւրաքանչիւր ցուցադրութեան ընթացքին միշտ տարբեր բնոյթի, նոր տարածականութիւններ յայտնաբերած եմ ֆիլմին մէջ ու փորձած՝ տեղուոյն վրայ լուսաբանել ու մեկնաբանել:

Այս բոլորէն ետք անզուսպ ցանկութիւն մը ունէի հանդիպելու Փարաջանովին:

Ոչ միայն «Նռան Գոյնը», այլեւ ողջ փարաջանովեան ֆիլմարուեստը իր իւրայատուկ ոճով ու «խորհուրդ Խորին» ծալքերով, մէկ կողմէ կ’իջնէ մինչեւ մարդկութեան ներաշխարհի ոգեղէն յատակներ, եւ միւս կողմէ կը բարձրանայ մինչեւ անջրպետեան անհուն ու անվերջ լուսեղէն տարածքներ…:

Պէյրութ, «Նոազ Արք» Ցուցասրահ, 1988, Յունուարի վերջը

Ցուցասրահի մուտքին նստած կ’աշխատէի, երբ յանկարծ ուրախ տրամադրութեամբ ներս մտաւ Ճաքին (Թադեւոսեա՞ն) եւ անմիջապէս տեղեկացուց որ Հոլանտա պիտի մեկնի, ներկայ ըլլալու համար նաեւ՝ Ռոտերդամի միջազգային ֆիլմարուեստի փառատօնին, ուր պիտի ցուցադրուին աշխարհի քսան լաւագոյն ֆիլմերը, որոնց շարքին նաեւ՝ Փարաջանովի «Սուրամի Ամրոցը» ժապաւենը: Եւ աւելցուց.

– Իմ ունեցած տեղեկութիւններու համաձայն, հոն անձամբ ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ՝ Սերկէյ Փարաջանովը: Եթէ քու հրատարակած «Նռան Գոյնը» գիրքէն քանի մը օրինակ տրամադրես ինծի, մէկ կամ երկու օրինակ կը նուիրեմ անոր, եւ այդ կապով կը փորձեմ հարցազրոյց մը յաջողցնել իր հետ…:

Ինչ մեղքս պահեմ, ես իրմէ աւելի ուրախացայ եւ խնդրեցի Ճէքիէն որ Փարաջանովին հարց տայ թէ «Ու՞ր եւ ինչպէ՞ս կարելի է հանդիպիլ անոր»:

Սակայն, իմ հետաքրքրասէր ընթերցող, որպէս զի ճիշդ ընկալէք այս դրուագի իմաստն ու կարեւորութիւնը, շարունակելէ առաջ հարկաւոր է բացատրեմ թէ Ճէքին ո՞վ էր: Ան սլացիկ հասակով, կենսալից, ուշիմ, կիրթ ու գեղեցիկ պարմանուհի մըն էր: Շատ մօտիկ բարեկամը մեր ցուցասրահին: Իր արուեստասիրութիւնն ու արուեստի իմացութիւնը, այնքան թրծուած ու զարգացած էր իր մէջ, որ ոչ միայն վերածուած էր կիրքի (passion), այլ նաեւ զարմանալիօրէն մասնագէտ արուեստաբանի տպաւորութիւն կը ձգէր, երբ կը վերլուծէր ու կը մեկնաբանէր արուեստը: Հայրը՝ Յովակիմը հնատիպ գորգերու խանութ ունէր Պուրճ Համուտի մէջ, եւ հնատիպ արուեստի գործերու հաւաքորդ էր միաժամանակ: Իսկ մայրը՝ Գերմանուհի էր, եւ այդ օրերուն սկսած էր ուսումնասիրել հայ-գերմանական պատմամշակութային փոխ յարաբերութիւնները: Այնպէս որ Ճէքին պատահական մէկը չէր:

Ան Ամսդերտամէն վերդարձաւ քիչ մը յուսախաբ, որովհետեւ չէր կրցած իր ծրագրած հարցազրոյցը իրագործել, սակայն հնարաւորութիւն ունեցած էր քիչ մը զրուցելու իր հետ, «Նռան Գոյնը» գիրքը յանձնած էր անոր ու հարց տուած թէ գիրքի հեղինակը կ’ուզէ գիտնալ թէ «Ու՞ր եւ ինչպէս կրնայ հանդիպիլ ձեզ հետ»: Փարաջանով թեթեւ մը գիրքը թերթատելէ ետք, կտոր մը թուղթ կը գտնէ եւ ռուսերէնով նախադասութիւն մը գրէ անոր վրայ, փշաթելերով կ’երիզէ զայն, ու կը յանձնէ Ճէքիին… գիրքի հեղինակին համար: Ապա նմանօրինակ ուրիշ թուղթ մըն կը պատրաստէ ու կը նուիրէ իրեն: Յետագային այդ նախադասութիւնը թարգմանեց ինծի Մկոն (Քանդակագործ՝ Մկրտիչ Մազմանեանը), ուր կը’սուէր. «Իմ բնակարանս Անջրպետն է»: Փարաջանով «Նռան Գոյնը» ֆիլմին մէջ եւս օգտագործած էր այս նախադասութիւնը, որուն մեկնաբանութիւնը բազմիմաստ է եւ խոր: Դժբախտաբար Փարաջանովեան այդ մասունքը Այնճար արխիւներուս մէջ է, իսկ ես այս տողերը կը գրեմ Երեւանէն: Այնպէս որ կը խոստանամ այլ առիթով մը հրապարակել այն:

1985 թ․մարտին Մովսես Հերկելյանի (Ծիրանի) խմբագրությամբ, որպես «Գառնի» մատենաշարի թիվ 1 հրատարակություն լույս է տեսել «ՆՌԱՆ ԳՈՅՆԸ» ամսագրային ձևաչափով գիրքը։ Այս հրատարակությունը խմբագրի հոդվածների կողքին այլ հոդվածների ու նյութերի ժողովածու է, որոնք բարեխղճորեն հավաքված են հայաստանյան և համաշխարհային մամուլից եւ ամբողջովին նվիրված են Սերգեյ Փարաջանովին (Սարգիս Փարաջանյան) և նրա մեծատաղանդ կինոստեղծագործություններին։ Այս նյութի հետ դրված լուսանկարը հիշյալ «գրքի» շապիկն է Փարաջանովի հետ արված Գալուստ Պապյանի լուսանկարների շարքից։

Մովսէս Ծիրանի 

Արվեստաբանութեան դոկտոր

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ ՀՅԴ պաշտոնաթերթ «Դրօշակ»-ում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031