«Ալ-Արապիա» պատկերասփիւռային կայանը հարցազրոյց ունեցաւ Սուրիոյ ռազմական գործողութիւններու հրամանատար Ահմետ աշ-Շարհի հետ։
Ստորեւ Շարհի անդրադարձած գլխաւոր կէտերը.
-Փոխանցման կառավարութեան մէջ միագոյն նշանակումներուն շուրջ խօսակցութիւնները ճիշդ են, որովհետեւ ներկայ փուլը ներդաշնակ աշխատանքի կարիք ունի։
-Ազգային երկխօսութեան խորհրդաժողովը պիտի համախմբէ սուրիական ընկերութեան բոլոր մասնիկները, առաջնահերթութիւն համարելով Սուրիոյ ժողովուրդին շահերը։
Կարդացեք նաև
-Կը յուսանք, որ Իրան տարածաշրջանին մէջ իր միջամտութիւններուն վերաբերող իր հաշիւները վերատեսութեան կ՚ենթարկէ։
-Չենք ուզեր, որ Ռուսիա Սուրիոյ հետ իր յարաբերութիւնը անյարիր վիճակի հասցնէ, որովհետեւ Սուրիա եւ Ռուսիա ռազմավարական շահեր ունին։
-Թրամփի վարչակազմէն կ’ակընկալենք Սուրիոյ պարտադրուած պատժամիջոցներու չեղեալ համարումը։
-ՔԱՍԱՏ-ին հետ խորհրդակցութիւններ կը վարենք` Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի տագնապը լուծելու համար։ Քիւրտերը անբաժանելի մասնիկ են սուրիական ընկերութեան։
-Նախքան նախագահի ընտրութեան փուլը քաղաքական զանազան գործընթացներ տեղի պիտի ունենան։
-Մեր նպատակն է ճշդել երկարատեւ շրջանի համար բանող սահմանադրութիւն, ինչ որ կը պահանջէ ջանք եւ երկար աշխատանք։ Սահմանադրութեան վերամշակման գործընթացը կրնայ տեւել 3 տարի, միւս կողմէ նախագահական ընտրութիւններու կազմակերպումը հաւանաբար տեղի ունենայ 4 տարի վերջ։
-«Թահրիր աշ-Շամ» խմբաւորումը պիտի լուծարուի եւ Սուրիան որեւէ կողմի համար սպառնալիք պիտի չըլլայ։
-Ներկայ փուլը պետական մտածելակերպով պիտի ղեկավարենք։
-Սուրիոյ ժողովուրդին կողմէ ծառայողական արմատական փոփոխութիւնները շօշափելի պիտի դառնան մէկ տարի վերջ, որովհետեւ անոնք ժամանակի կը կարօտին։
-Տեղի ունեցած վրէժխնդրական գործողութիւնները ակնկալութիւններուն նուազագոյնն են համեմատաբար տագնապի տարողութեան։
-Սուրիան ոչ մէկ ձեւով պիտի մասնատուի։
-Ցոյց կազմակերպելը իրաւունք է, պայմանաւ որ անոր ընթացքին պետական ենթակառոյցներուն վնաս չհասցուի։
«Գանձասար»