Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ազգային Վերապրումի Համազգային Ռազմավարութեան Կառոյց Մը Ստեղծելը, Այսօր Հրամայական Առաջնահերթութիւն Է

Դեկտեմբեր 30,2024 10:35

2024-տարին կը հասնի իր աւարտին:

Գիտակից բոլոր մարդկանց շարքին, հայ ժողովուրդը եւս շշմած՝ ականատես է, ամէն օր աւելի եւս ցնցիչ քաղաքական զարգացումներու որոնք տեղի կունենան Արեւելքէն Արեւմուտք, եւ այդ երկուքին մէջտեղը մնացած՝ մոլորակին տարբեր հանգոյցակեդրոններուն մէջ: Բոլոր միւսներուն շարքին, մենք եւս Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին ապրող գիտակից հայերս,  կը դիտենք հետզհետէ առաւել յաճախականութեամբ տեղի ունեցող՝ եւ տակաւին քիչ ժամանակ առաջ գրեթէ անկարելի թուացած այս բոլոր զարգացումները:

Սակայն որքան գիտակից անհատի մը պարագային՝ շատ աւելի եւս պատասխանատուութեան պարտաւորութիւն ունեցող հաւաքականութեան մը համար, պարզապէս արտօնելի չէ, վտանգին առջեւ շշմած կանգնիլ, անզօր եւ ջլատուած վիճակի մը մէջ:

Աւելին’ այս վերջինին պարագային, աններելի յանցանք է այդ:

Առնուազն վերապրելու բնազդը, եւ առաւել եւս, գործող միտքով օժտուած ենթակային եւ մանաւանդ հնարամտութեան միջոցներ ունեցող հաւաքականութեան մը պարագային, պատասխանատուութիւնէ բխած բուռն ոյժով մը, ան առաւելագոյն փութկոտութեամբ կը մղուի հաւաքելու իրեն տրամադրելի բոլոր միջոցները, կազմակերպուելու եւ առաջքը առնելու համար, այլապէս ակնյայտօրէն իրեն կործանումի տանող վտանգին:

Վերջին շրջանին, կը տեսնենք աշխարհը ամբողջ, անփոյթ կամ գուցէ թմրած վիճակի մը մէջ կը դիտէ հարիւրաւոր, հազարաւոր, պաղեստինցի անզօր ժողովուրդին՝ ներառեալ անոնց մանուկներուն, հիւանդներուն, տարեցներուն՝ Իսրայէլի կանոնաւոր ահազդու զինեալ ոյժերուն կողմէ ոչնչացուիլը: Քիչ անդին, տակաւին մինչեւ երէկ Սուրիա կոչուած՝ ՄԱԿ-ի անդամ, պատկառելի պետութիւն մը համարեա վերացաւ քարտէզէն, լուռ գործակցութեամբը, իրարմէ տարբեր սեփական շահեր հետապնդող՝ այսպէս կոչուած «մեծ պետութիւններ»ուն: Նոյն անհոգ դիտորդներուն աչքին առջեւ, Լիբանան կոչուած երկիրը, անզօր դիակի նման, ոտքի սրբոց դարձած է մտնող ելլող դրացի զինեալ ոյժերուն համար: Աւելի անդին եւս, աշխարհը շշմած կը դիտէ աւելի «քաղաքակիրթ եւ դեմոկրատական» մեծ երկիրներու մէջ տեղի ունեցող քաղաքական աներեւակայելի վերիվայրումները: Ֆրանսան’ ուր ծայրայեղ աջակողմեան եւ օտարատեաց տիկին Լըփէնը, որոշապէս Ֆրանսան միջազգային բեմերէն հեռացնելու խոստումով, որեւէ ժամանակ պետութեան գլուխը գալու կարող կը թուի ըլլալ,: Տեսանք նաեւ Միացեալ Նահանգներու Թրամփեան յաղթանակը որ նոյնպէս, երկիրը կ’առաջնորդէ դէպի աշխարհի բեմերէն մեծ չափով անջատելու աննախատեսելի նոր կառավարման շրջանի մը:

Այս բոլորին առջեւ՝ սիրելի հայրենակիցներ, բոլորս պարտաւոր ենք, առանց բացառութեան, որպէս հայկական իրականութեան մէջ մեծ թէ փոքր պատասխանատուութիւններ ստանձնողներ, անդրադառնալու թէ վերեւը նկարագրուած՝ այսօրուան աշխարհին քաղաքական Բաբելոնեան վիճակին մէջ, յաջորդ մեծ հարուածը կրելու կարգը շուտով մերն է: Այս մասին կասկածիլը արտօնելի չէ մեզ համար:

Անվիճելի իրականութիւնը այն է թէ մօտ անցեալին ևս, ակնկալելի էր թէ աշնան տերեւի չափ իսկ ամրութիւն չունեցող մեր Արցախը ենթակայ էր անհետանալու: Այդպէս ալ պատահեցաւ, առանց նուազագոյն իսկ չափով անհանգստացնելու «աշխարհի մեծ թէ փոքր բարեկամ կամ հանդիսատես» պետութիւնները: Իսկ մենք բոլորս Հայաստան թէ Սփիւռքի մէջ, որքան ամօթ որ բոլորս անկարող եւ խեղճ վիճակի մէջ, միայն մեր կուրծքերը ծեծելով, հազիւ թէ լսելի բողոքներ կատարեցինք: Գործնապէս, բոլորովին  անկարող մնացինք, մարդկութեան դէմ եւ մեր աչքերուն առջեւ կատարուող, այդ մեծ ոճիրին առջեւ: Ոչ մենք կրցանք դիմադրել, եւ ոչ ալ կարողացանք աշխարհի կարծիքը ի նպաստ մեզի ձեւաւորել:

Վտանքը սակայն, սիրելի հայրենակիցներ, շատ աւելի լուրջ եւ ծանրակշիռ է այսօր: Հայ աշխարհի ղեկավարութիւնը հաւաքաբար պէտք է գիտակցի թէ  այսօր, նոյն ինքը հայրենիքը, Հայաստանը, ինչպէս նաեւ մօտ անցեալի մեր ծաղկած եւ կարեւորագոյն համայնքները, առկայ են ենթարկուելու նոյն ճակատագրին:

Այս ահազանգը սիրելի հայրենակիցներ, իրատես եւ իրական է: Երբ Ատրպէյճանը իր ամէնապատասխանատու ներկայացուցիչներուն բերնով, կրկնակի եւ հրապարակաւ, Հայաստանի տարածքը կը կոչէ «Արեւմտեան Ատրպէյճան», երբ ան իր ռազմական պատրաստութեան պիւտճէին կը յատկացնէ, Հայաստանի մէկին դէմ երեք անգամ աւելի միջոցներ, հայ աշխարհի պատասխանատուները, եւ առաջին հերթին օրուան իշխանութիւնները պարզապէս արտօնուած չեն առանց համապատասխան բացառիկ լուրջ նախաձեռնութեանց, շարունակել իրենց ընթացիկ գործելակերպը:

Արդեօք, երբ յանկարծ Ազերի բանակը ներխուժէ եւ բոլորովին գրաւէ Հայաստանը, եւ Ս. Էջմիածինն ալ, Արցախի օրինակներով, վերածէ մզկիթի, ա ՞յն ժամանակ է միայն որ աւելի եւս խեղճացած, պիտի վազենք աջ ու ձախ եւ բողոքագիր պիտի գրենք ներկայացնելու համար զայն հասցէներու, եթէ գտնենք այդպիսի գրութիւն ընդունելու տրամադիր հասցէատէրեր…

Սիրելի հայրենակիցներ’ որպէս արժանապատիւ ժառանգորդները մեր պանծալի պատմութեան, մշակոյթին եւ անցեալին, պարտաւոր ենք անվարան պատրաստուելու եւ գործի անցնելու, պահապան կանգնելու համար մեր հողին եւ մեր ժառանգութեան:

Բնականաբար առաջին հերթին եւ ամենաշուտը, հայութիւնը ամբողջ պէտք է դուրս բերել իր ներկայ շշմած եւ փաստօրէն հաւաքական բոլորովին անկազմակերպ, անթոյլատրելի վիճակէն:

Գործնապէս կազմակերպուելու համար, անհրաժեշտ է կարենալ զօրաշարժի ենթարկել հայ ժողովուրդի տրամադրելի ամենաազդու բոլոր միջոցները:

Այս աշխատանքին ձեռնարկելու համար առաջին պայմանն է կեանքի բերել, մինչեւ այսօր անգոյ ՝ Համազգային  Կառոյց մը որ պարտի մշակել Ազգային Վերապրումի Ռազմավարութեան (National survival strategy) Ծրագիր մը, եւ ապա վերահսկել անոր գործադրութեանը:

Այս կառոյցին մէջ պարտին մէկտեղուիլ հայ հաւաքականութեան մէջ առաւելագոյն չափով ընդհանուրին ընդունելի հանգամանք ունեցող ներկայացուցիչներ:

Որքան որ գիտենք թէ դժբախտաբար հայ իրականութեան մէջ համազգային չափանիշով բոլորէն ընդունուած հանգամանք ունեցող կողմեր դժուար է գտնել, սակայն յստակ է թէ անոնց բոլորին շարքին անվիճելիօրէն առաջինն է Հայաստանի օրուան իշխանութիւնը որուն կը յաջորդեն հոգեւոր պետերը, ապա Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ գործող՝ անվիճելի գործունէութիւն, վաստակ եւ աւանդութիւն ունեցող կուսակցական, բարեսիրական եւ մշակութային կազմակերպութեանց ղեկավարները եւ վերջապէս եթէ կան, ազգային թէ միջազգային անվիճելի ճանաչում վաստկած բացառիկ անձնաւորութիւններ: Աւա՜ղ գիտենք թէ Վիքդոր Համբարձումեաններ և Պարոյր Սևակներ մեզ հետ չեն այսօր…

Ահա ուրեմն տարեվերջի եւ Նոր Տարուայ սեմին, այս խորհրդածութեանց ճամբով, մեր խօսքը, պատգամը եւ շեշտակի պահանջը՝ որ ստորագծուած կերպով առաջին հերթին, ուղղուած է Հայաստանի Հանրապետութեան պատկառելի իշխանութեան՝ գլխաւորութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, եւ անմիջական յաջորդականութեամբ ան ուղղուած է մեր վսեմաշուք հոգեւոր պետերուն՝ գլխաւորութեամբը Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Հայրապետին եւ Կիլիկիոյ Աթոռի գահակալ Արամ Ա. Կաթողիկոսին, անոնցմէ ետք ան ուղղուած է, վերեւը մեր յիշած կուսակցական եւ հասարակական աւանդաշատ մեծ կազմակերպութեանց ղեկավարներուն: Կոչ կուղղենք իրենց բոլորին, ամենաշուտը իշխանութեան հետ գործակցիլ կազմելու համար վերեւը բնութագրուած Ազգային անվտանգութեան եւ վերապրումի ռազմավարութեան մշակման և գործադրութեան վերահսկիչ Խորհուրդ մը: Բնականաբար անհրաժեշտ պիտի ըլլայ այս Խորհուրդին կողքին ստեղծել մասնագիտացած ենթակառոյցներ կազմուած, դիւանագիտական, ֆինանսական, իրաւաբանական, լրագրական եւ ռազմական հարցերու փորձառու մասնագէտներէ: Հայաստանը եւ Սփիւռքը կարող են այս կարգի պատկառելի մասնագէտներ առատօրէն հայթայթել:

Այս անգամ սակայն, նոյն ժամանակ, յատուկ կոչ կուղղենք նաեւ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մեր մամուլին եւ գիտակից ժողովուրդին՝ որ իրենք եւս ձայնակցին մեզի եւ իրենք եւս, տրամադրելի իրենց միջոցներով, այս պահանջը ոյժգնօրէն արտայայտեն, զայն ուղղելով առաջին հերթին, Հայաստանի Հանրապետութեան պատկառելի իշխանութեան՝ եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ինչպէս նաև վերեւը յստակօրէն մասնաւորուած պատասխանատու միւս կողմերուն:

Արդարեւ, առաջին անգամը չէ որ,  ազգային գոյութենական ակնյայտօրէն տագնապալից վտանգի օրերուն, ազգային միասնական եւ կազմակերպուած աշխատանք տանելու կոչ կը կատարենք այս էջերէն: Սակայն մինչեւ այսօր անհետեւանք մնացին անոնք: Այսօր պարտինք անդրադառնալ թէ վտանգը հասած է բարձրագոյն մակարդակի: Կազմակերպուած աշխատանքի կառոյցի մը ստեղծումը կը գտնուի առաջնահերթութեանց առաջին շարքին:

Այլեւս կարելի չէ այսօրուան մեծագոյն վտանգները դիմագրաւել առանձին մեր որեւէ կազմակերպութիւններէն մէկուն կողմէ, եւ ոչ ալ անոնց անհամադրուած պատահական նախաձեռնութիւններով:

Համազգային կազմակերպուածութեան պահանջը անյետաձգելի է:

Այս սրտբաց խօսքը կ’ եզրականացնենք շեշտելով թէ այս անգամ ազգային հաւանական աղէտի մը պարագային եթէ տակաւին մնացած ըլլանք անկազմակերպ վիճակի մը մէջ, պատասխանատուներու հասցէները բացայայտօրէն մատնանշուած պիտի գտնենք այստեղ:

Թող Մեծն Աստուած պահապան կանգնի մեր ազգին, սակայն գիտենք թէ Աստուած առաջին հերթին կ’օգնէ անոնց որոնք գիտեն օգնել իրենք իրենց:

Դոկտ. Արշաւիր Կէօնճեան

Միացեալ Նահանքներու և Գանատաի
Թէքէեան Մշակ. Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան Նախագահ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031