Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդն այցելել է քեսապահայութեանը

Դեկտեմբեր 22,2024 22:32

«Գանձասար»– Կիրակի, 22 Դեկտեմբեր 2024-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան հովուական այցելութեամբ ժամանեց Քեսապ, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեանի եւ Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կողմէ: Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Ազգային Վարչութեան ատենապետ Ժիրայր Րէիսեան եւ Յարաբերական Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Վրէժ Եագուպեան:

Սրբազան Հայրը հանդիպում ունեցաւ հոգեւոր տեսուչին եւ թաղական խորհուրդին հետ եւ անոնց հետ քննարկեց ներկայ իրավիճակին առնչուող հարցեր:

Այնուհետեւ, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Հոգշ. Տ. Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Սրբազան Հօր ընկերակցող պատուիրակութեան եւ քեսապահայութեան ներկայութեամբ:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը քեսապահայութեան փոխանցեց օրուան պատգամը, բնաբան ունենալով օրուան աւետարանական հատուածը (Ղկ 19.12-28), որուն ընդմէջէն շեշտեց հաւատարմութիւնը, սէրը, զոհողութիւնը, ճիգ ու ջանք թափելը, շեշտը դրաւ յատկապէս հոգեւոր կեանքին վրայ, յայտնելով, որ որպէս քրիստոնեաներ աշխատանք պէտք է տանինք մեր հոգեւոր կեանքին մէջ հասուննալու, բարձրանալու, կատարելութեան հասնելու եւ մեր հաւատքը պէտք չէ սոսկ շրթներու արտայայտութիւն ըլլայ։ Հետեւաբար, այնպէս ինչպէս առաջին երկու ծառաներու պարագային, եկան եւ ըսին, որ Տէ՜ր, մէկ տուիր մեզի, մէկի դէմ ահաւասիկ տասը բազմապատկեցինք, նոյնպէս ալ մենք մեր կեանքին մէջ մեզի տրուած աստուածային քանքարները, աստուածատուր շնորհքները, Աստուծոյ խօսքին նկատմամբ մեր նախանձախնդրութիւնը, կառչածութիւնը, հաւատքը, հնազանդութիւնը, հաւատարմութիւնը ո՞ւր է։ Աստուած մեզի պարտականութիւն տուած է, իր խօսքը, իր շնորհքը, կարողութիւններ տուած է, ուստի, հոգեւոր կեանքին մէջ պէտք է յառաջդիմութիւն արձանագրենք, առաքինութիւններ ձեռք բերենք եւ Աստուծոյ խօսքին առջեւ բանանք մեր սրտերը, որպէսզի գայ եւ մեր մէջ ներգործէ եւ մենք արդիւնք տանք, այնպէս ինչպէս ծառաներէն առաջին երկուքը մէկի փոխարէն տասով բազմապատկեցին, նոյնպէս ալ մենք։

Հետեւաբար, Սրբազան Հայրը ինքնաքննութեան կոչ ուղղեց, հարց տալով, թէ մենք ո՞ւր ենք այսօր, մեր կեանքին մէջ ինչպէ՞ս կը վարուինք մեզի տրուած Աստուծոյ խօսքի գանձին հետ եւ որքանո՞վ առիթ կու տանք Աստուծոյ խօսքին, որ մեր կեանքին մէջ ներգործելով մեզ առաջնորդէ, որպէսզի ուրիշներու օգտակար դառնանք, ապաշխարութեան առիթ հանդիսանանք, ուրիշները Աստուծոյ մօտեցնենք, աստուածաճանաչողութեան եւ աստուածսիրութեան առաջնորդենք, որպէսզի մենք ալ Աստուծոյ կողմէ լսենք՝ բարի եւ հաւատարիմ ծառայ, դո՛ւն, որ փոքր բաներու մէջ հաւատարիմ գտնուեցար, եկո՛ւր վերակացու կարգեմ քեզ տասը քաղաքներու վրայ, այլ խօսքով Յաւիտենական Կեանքին մէջ եկուր ինծի հետ վայելէ յաւիտենական բարիքները։

Սրբազան Հայրը փոխանցեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնները եւ յայտնեց, թէ Վեհափառ Հայրապետը նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով կը գօտեպնդէ եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ քեսապահութեան:
Անդրադառնալով ներկայիս տիրող իրավիճակին, Սրբազան Հայրը յուսադրեց ժողովուրդի զաւակները, յայտնելով, որ Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային իշխանութիւնը իր բոլոր ուժերով եւ կարողութիւններով միշտ ժողովուրդին կողքին է եւ պիտի մնայ: Ան գօտեպնդեց հաւատացեալները եւ պատուիրեց, որ չվախնան, երեւոյթներէն չազդուին, այլ ընդհակառակը իրենց հաւատքը գործի լծած պայքարին, համբերութեամբ սպասեն եւ անպայման լաւ պիտի ըլլայ։ Ան յիշեցուց, որ ժամանակ կը պահանջէ եւ այդ ժամանակին մէջ մենք պէտք է զգօն եւ զգաստ ըլլանք, իրարու թեւ թիկունք կանգնինք, զիրար քաջալերենք եւ ո՛չ թէ զիրար յուսահատեցնենք եւ միշտ մեր հայեացքը դէպի փայլուն ապագայ ուղղենք, յուսալով, որ Աստուած մեր կողքին է, մեզի կ՚առաջնորդէ, մեզ պաշտպան է եւ թոյլ պիտի չտայ, որ իր ժողովուրդը ընկրկի, որովհետեւ խոստում տուած է ըսելով. «Ես ձեզի հետ եմ մինչեւ աշխարհի վախճանը»։ Աստուածաշունչին մէջ Աստուած խոստում կու տայ իբրեւ մեր Տէրը, Աստուածը եւ Փրկիչը, ըսելով. «Մի՛ վախնար, ես քու կողքիդ եմ, քու աջ ձեռքէդ բռնած քու քայլերդ պիտի առաջնորդեմ եւ պիտի օգնեմ քեզի»։

Հետեւաբար, որպէս քրիստոնեաներ անհրաժեշտ է, որ նեղութեան, դժուարութեան, տառապանքի եւ հալածանքի ժամանակ մեր հաւատքը ցոյց տանք եւ մեր կեցուածքը դրսեւորենք։ Այլ խօսքով, հիմա ժամանակն է հաւատքի կեցուածք ճշդելու, համբերութեամբ սպասելու եւ պայքարելու մինչեւ որ Արդարութեան Արեգակը ծագի եւ խաղաղութիւն տիրէ, ապահովութիւնը վերահաստատուի եւ կեանքը իր բարօր ընթացքին մէջ մտնէ։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2024
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ    
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031