Մեր եկեղեցիներու սիրեցեալ զաւակներուն կը տեղեկացնենք, թէ Շաբաթ, 14 Դեկտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէին, Լաթաքիոյ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերն ու հոգեւոր հովիւները, Յոյն ուղղափառ համայնքի առաջնորդարանէն ներս միասնաբար դիմաւորեցին երկրիս տիրող ներկայ անցողական ղեկավարութեան թէ՛ քաղաքական, եւ թէ՛ զինուժի ներկայացուցիչներ, որոնք եկան ըսելու, թէ իրենք ամէն գնով պատրաստ են պաշտպանելու եւ ապահովական բոլոր միջոցները ի գործ դնելու մեր եկեղեցիներուն եւ հաստատութիւններուն, եւ անշուշտ առօրեայ ընթացիկ կեանքին համար։ Պատասխանատուները վստահեցուցին, թէ Սուրիոյ քրիստոնեաներուն իրաւունքները, ապահովութիւնը եւ ազատութիւնը իբրեւ արժանապատիւ քաղաքացիներ եւ իբրեւ մարդ ապրելու եւ գոյատեւելու պիտի պահպանուին։
Պատասխանատուները կոչ ուղղեցին ըսելով, որ բոլորս իբրեւ Սուրիական Հայրենիքի քաղաքացիներ, պէտք է ձեռք ձեռքի տանք կերտելու վերանորոգուած, նոր, քաղաքակիրթ ու ազատ եւ յառաջդիմող հայրենիք մը, որ մեզի աւանդուած է մեր անցեալի սերունդներէն։
Պատասխանատուները խնդրեցին այս ներկայ եւ գալիք օրերուն, մինչեւ երկրին իրավիճակին պարզուիլը եւ ամէն ինչ կարգի մտնելը, ըլլալ խոհեմ, արթուն, վախը մէկդի դնել, ըլլալ զգօն եւ չլսել ու չհաւատալ բոլոր այն սխալ եւ գայթակղեցուցիչ լուրերուն ու տարաձայնութիւններուն, որոնք կ՛ուզեն խաղաղութիւնը խանգարել եւ տաղտուկ ստեղծել։ Եւ ի վերջոյ պատասխանատուները պատուիրեցին, որ բոլոր եկեղեցիները սովորական ընթացքով կատարեն իրենց արարողութիւնները եւ միասնաբար պատրաստուին դիմաւորելու Ամանորը եւ Փրկչին Ս. Ծնունդը։
Առ այդ, մեր սիրելի հայրենակիցներ, ըլլանք հանգիստ եւ մեր կեանքը բնականոն ձեւով շարունակենք։
Աստուած բոլորիս պահապան։