«Գանձասար». Ուրբաթ, 13 Դեկտեմբեր 20224-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան համայնքապետարանի իր գրասենեակէն ներս ընդունեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան եւ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան։
Հայ Համայնքապետները խորհրդակցեցան երկրին մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ միատեղ իրագործելի ծրագիրներուն եւ առնուելիք որոշումներուն շուրջ ։
Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ բարօրութեան եւ լաւատեսութեան ակնկալութեամբ՝ յաղթահարելու ծառացած տագնապները։
Կարդացեք նաև