Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը հաստատած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու յոյսի շող կայ: Ակնարկը ուղղակի Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւններուն կը վերաբերի: Յայտարարութեան պահը այնպիսին է, որ Սուրիոյ իշխանափոխութիւնը կատարելէ ետք Անգարան այս անգամ կը դառնայ Հարաւային Կովկաս եւ կը խօսի Հայաստան-Ազրպէյճան հաւանական համաձայնութեան մասին:
Իրանի փրոքսիներէն կամ արտատարածքային յենակէտերէն ետք, Իրանի սահմանները կրնան յայտնուիլ աշխարհաքաղական կեդրոններու թիրախին: Իսրայէլի ներգրաւումը արցախեան պատերազմին ամէնէն առաջ Իրանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ ներկայութիւն ըլլալու նպատակը կը հետապնդէր: Իրանեան փրոքսիներու թուլացման մէջ գլխաւոր դերակատարն ու շահառուն Իսրայէլն է բացայայտօրէն:
Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ շահերու միջինարեւելեան յստակ համատեղումը չի բացառուիր, որ աշխարհագրութիւն փոխէ եւ մօտենայ Իրանի սահմաններուն:
Իրանի սահմանին առաջին զգայուն կէտը Սիւնիքն է, որուն ուղղութեամբ Անգարան Պաքուի հետ առաջնային օրակարգ ունի: Սիւնիքի մէջ այլ ուժերու յայտնուիլը Իրանի ազդեցութեան ջլատման քայլ է: Առաջադրուածը այս պարագային ռուսական գործօնի դուրս մղումն է` արգիլելով նախ այդ կարեւոր կենսաճանապարհի վրայ որեւէ վերահսկողութիւն ունենալ: Սկսած է հեռուէն երեւալ նաեւ 109-րդ ռազմակայանի անհրաժեշտութեան խնդիրի արծարծումը: Մանաւանդ խաղաղութեան պայմանագիրի եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանակէտերու բացումէն ետք: Սահմանի բացումը պայմանաւորուած է միջանցքի բացումով: Երկուքը տարածաշրջանային տրամաբանութեամբ կ՛ընկալուին մէկ կողմէ ռուսական գործօնի դուրս մղումով եւ միւս կողմէ իրանեան սահմանամերձ շրջաններու մէջ տեղակայումներով:
Կարդացեք նաև
Երկու գործօնները Միջին Արեւելքի մէջ ծանր հարուած ստացան հեռացումի կամ ջլատումի տեսքերով: Պատահական չէ, որ միջինարեւելեան գործողութիւններէն անմիջապէս ետք Անգարան կը խօսի Հարաւային Կովկասի մէջ յոյսի շողի մասին:
Իրանի հոգեւոր առաջնորդը յայտարարեց, որ ոչ մէկ կասկած կայ, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցածը Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի համատեղ ծրագիրն էր:
Իրանի պաշտօնական այս դիրքորոշումին մէջ ծրագիրին մասնակից հիմնական դերակատարին բաժինը կը պակսի: Զանգեզուրեան միջանցքը փայփայող եւ հետեւաբար Իրանի սահմանները վերահսկելու ծրագիրին բուն պատասխանատուն եւս Անգարան է, որուն մասին նշում չ՛ըներ Իրանը:
Նման ծրագիրի ծալքերու բացումով կարելի է մեկնաբանել Անգարայի նշմարած «յոյսի շող»-ը Հարաւային Կովկասի մէջ:
«Ա.»
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազդակ» օրաթերթում: