Սուրիոյ անցումային կառավարութեան ղեկավար երկրչփ. Մուհամմէտ ալ-Պաշիր յայտարարեց, որ ընդհանուր հրամանատարութիւնը յանձնարարեց անցունային շրջանին սուրիական կառավարութեան աշխատանքը շարունակել։ Ալ-Պաշիր յայտնեց, որ կառավարութիւնը նախկին կազմէն յանձն առաւ կառավարական հաստատութիւններն ու արխիւները։
Ալ-Պաշիր առանձնացուց գործադիր իշխանութեան առաջնահերթութիւնները՝ «Ապահովութեան ոլորտի վերահսկողութիւն, ծառայութիւններու մատուցում և իշխանութեան աստիճանական անցման ապահովում»:
Ան շեշտեց, որ կառավարական պաշտօնեաներուն աշխատանքի վերադարձը պիտի նպաստէ ազատագրուած Սուրիոյ ժողովուրդին տարաբնոյթ ծառայութիւններու մատուցման։
Անցումային կառավարութիւնը պիտի զբաղի մշտական կառավարութեան աշխատանքի համար նախադրեալներու ստեղծումով։
Կարդացեք նաև
«Գանձասար»