ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՊԱՐԶԱԾ ՎԻՃԱԿԸ
«Գանձասար». 8 Դեկտեմբեր 2024-ի վաղ առաւօտեան Լաթաքիոյ ժողովուրդը արթնցաւ Սուրիոյ իշխանութեան տապալումի լուրով։ Քաղաքը ապրեցաւ դժուարին պահեր մինչեւ ընդդիմութեան ուժերու հասնիլը։
Լաթաքիան կը տարբերէր այլ նահանգներէ, որովհետեւ քաղաքի համայնքային պատկերը այլ էր, ուստի մտահոգութիւնը աւելի մեծ էր։
Երբ իշխանութեան տապալման լուրը հաղորդուեցաւ, քաղաքին մէջ պետական կարգ մը կեդրոններ եւ գրասենեակներ հրկիզուեցան։ Ժողովուրդը բնակարաններէն դուրս չէր գար։
Երբ ընդդիմադիր ուժերը քաղաքը իրենց վերահսկողութեան տակ առին, ժամեր անց կրակոցները նուազեցան, ժողովուրդը աստիճանաբար խուճապային վիճակէն դուրս եկաւ։
Երէկ, Իսրայէլ հրթիռակոծեց քաղաքի ռազմական կեդրոնները, ժողովուրդը սարսափի մատնուեցաւ, բնակարանները ուժգին ցնցուեցան։
Կարդացեք նաև
Ներկայիս քաղաքէն ներս վիճակը կայուն է, մարդիկ դուրս կու գան իրենց բնակարաններէն աստիճանաբար, սակայն զգոյշ են՝ մինչեւ կարգ ու կանոնի հաստատումը։
Առ այժմ գործատեղիները, վաճառատուներու մեծ մասը, դպրոցներն ու եկեղեցին փակ են։
Ժողովուրդը մտահոգ է սղաճին հետեւանքով յառաջացած տնտեսական տագնապէն։ Հացի տագնապ ալ գոյութիւն ունի։
Հալէպէն Լաթաքիա տեղափոխուած էին 27 հայ ընտանիքներ, որոնք ապաստանած էին իրենց հարազատներուն մօտ, կամ վարձու բնակարաններու մէջ։ Եկեղեցւոյ թաղականութիւնը հետաքրքրուեցաւ անոնցմով եւ անհրաժեշտ օժանդակութիւնը տրամադրեց կարգ մը ընտանիքներու։ Հալէպի ճամբան բացուելէն ետք համարեա՛ բոլորը վերադարձան Հալէպ։
Լաթաքիահայութիւնը կը յուսայ փարատած տեսնել բնակչութեան դժուարութիւնները յառաջիկայ օրերուն։